Հալէպի Քառասուն Մանկանց Եկեղեցին Վերականգնումէն Ետք Պիտի Բացուի Գարնան


“Նիուզ”,- Հալէպի Քառասուն Մանկանց մայր տաճարին մէջ, տեղի կ՛ընթանան վերականգման աշխատաքներ, որոնց աւարտէն ետք առաջին պատարագը տեղի պիտի ունենայ Մարտ-Ապրիլին:

«Աշխատանքներուն ծաւալը վիթխարի էր: Միջանցքը ամբողջութեամբ աւերուած էր, ստիպուած էինք զայն կրկին կառուցելու: Մենք օգտագործած ենք պահպանուած հին քարերը, որոնք հաւաքած ենք եւ դրած նորովի: Ասիկա ամենադժուարն էր: Շէնքի գրեթէ 70 տոկոսը աւերուած էր», ըսած է ճարտարապետ Կապրիս Թովմասեան: Արդէն դրուած են եկեղեցւոյ նոր դռները եւ պատուհանները, նստարանները շուտով կը բերուին: Ճակատային մասը ամբողջութեամբ վերականգնուած է, աւարտին կը մօտենան երեսապատման աշխատանքները:

Քառասուն Մանկանց եկեղեցւոյ վերականգնումը կ՝իրականացուի Հալէպի հայ համայնքի հաւատացեալներու նուիրատուութիւններով: Առնուազն 150 հազար մարդ իր աւանդը բերած է սրբավայրի վերականգնման գործին: Կը նախատեսուի տաճարին մէջ առաջին պատարագը իրականացնել Մարտի վերջը-Ապրիլի սկիզբը:

Յիշեցնենք, որ 2015 թուականի գարնան Իսլամական պետութեան ահաբեկիչները, գրոհելով Հալէպը, քանդեցին նաեւ Սրբոց Քառասուն Մանկանց Մայր Եկեղեցին։ 2017ի վերջը, քաղաքի ազատագրումէն ետք, Մեծի Տան Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա․ յայտարարեց, որ հայկական յուշարձանները պիտի վերականգնուին:

Ս․ Քառասուն Մանկանց Մայր Եկեղեցին կը գտնուի Հալէպի Ճտէյտէ թաղամասին մէջ: Կառուցուած է 15րդ դարուն, որոշ տուեալներու համաձայն` շինութեան կառուցման յստակ տարեթիւ կարելի է համարել 1429 թուականը, Կիլիկիոյ Յովհաննէս կաթողիկոսի ժամանակաշրջանը: Եկեղեցւոյ մասին առաջին յիշատակութիւնները եղած են 1476ին հայր Մելիքսէթի գրած «Սուրբ Աստուածաշունչի գործերը» գիրքին մէջ: Սկիզբը եղած է փոքրիկ մատուռ մը, յետոյ ընդլայնուած է ու դարձած է եկեղեցի։

Եկեղեցին Մայր տաճար դարձաւ աւելի ուշ` 1500 եւ 1616 թուականներու վերակառուցումներէն ետք։ Յետագային տաճարը յաճախ կ՛ընտրէին որպէս Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի հայ Պատրիարքներու ժամանակաւոր նստավայր: Ան այսօր ալ Սուրիոյ մէջ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ գործող տաճար կը համարուի: 19րդ դարուն անոր կից զանգակատուն կառուցեցաւ, իսկ 1989ին զետեղուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձանը:

Տաճարի արտաքին տեսքին ու ներքին յարդարանքին նայելով` կը տեսնենք, որ առաջին հերթին աչքի կը զարնէ գմբէթի բացակայութիւնը: Սակայն կայ երեք խորան, բայց ընդհանուր առմամբ տաճարի ներքին յարդարանքը համահունչ է հայկական եկեղեցիներու ընդունուած աւանդոյթներուն. ան կառուցուած է խիստ ոճով, առանց որեւէ ճոխութեան։ Սակայն այնտեղ շքեղ սրբապատկերներ կան։

Տաճարը երկար ժամանակ Սուրիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնն էր: Անոր շուրջ նոյնիսկ հայկական թաղամաս կառուցած է, որ մինչեւ պատերազմ բաւական աշխոյժ էր ու զարգացող: