Հալէպի Օդակայանին Վերաբացման Թուականը Հեռու Չէ. Ժիրայր Ռէյիսեան


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հալէպի օդակայանը պատրաստ է վերադառնալու բնականոն աշխատանքի, սակայն, ապահովական որոշ հարցերէ մեկնելով՝ Սուրիոյ իշխանութիւնները առայժմ չեն շտապեր դիմելու այդ քայլին. Մայիս 29ին այս մասին յայտնեց Հայաստան այցելող Սուրիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Ժիրայր Ռէյիսեան:

«Հարցը չափազանց կարեւոր է. Սուրիոյ կառավարութիւնը լուրջ աշխատանքներ կը տանի այդ ուղղութեամբ: Օդակայանը, իրականութեան մէջ կրնամ ըսել, որ պատրաստ է: Անիկա նոյնիսկ երբեմն կ՛ունենայ ոչ-պաշտօնական թռիչքներ: Ինչպէս գիտենք, որոշ շրջաններու մէջ դեռ կան զինեալ ահաբեկչական խումբեր, եւ բնականոն թռիչքներու պարագային կրնան հրթիռակոծութիւններ պատահիլ», ըսաւ ան:

Ըստ Ռէյիսեանի՝ յամենայնդէպս վերջին շրջանի քաղաքական զարգացումներուն եւ բանակի գործողութիւններու առաջընթացին լոյսին տակ՝ օդակայանի վերաբացման թուականը հեռու չէ: