Հալէպ․ Ս․Զատիկ


Մանուէլ Քէշիշեան


Այս օրերու Ազիզիէ-Սուլէյմանիէ-Նոր գիւղի փողոցները Հալէպի հին օրերու խաբկանքը կը ստեղծեն: Ամէն ինչ քրիստոնէական է,  եկեղեցիներու զանգերը  անընդհատ կը ղօղանջեն:

Ամէն ինչ նաեւ հայկական է մեր թաղերուն մէջ, իսլամ կիներու պտտող խումբերէն աւելի հայ կիներու կը հանդիպինք եկեղեցի տանող փողոցներուն մէջ, իսկ Հալէպի մեր բոլոր փողոցները կը տանին եկեղեցի:

Ծաղկազարդէն սկիզբ առած եռուզերը կը շարունակուի աւագ շաբթուան օրերուն: Աւագ Չորեքշաբթի: Հայկական դպրոցներու աշակերտները այս տարի կը հաղորդուին եկեղեցիներու մէջ, մինչ անցնող վեց տարիներու ընթացքին դպրոցներու մէջ խորաններ կը սարքէին եւ քահանան կու գար հաղորդութիւն տալու: Ճիշդ է, առաջ եթէ տաս մեծ եւ փոքր փոխադրակառքեր չէին բաւեր աշակերտները տանիլ- բերելու, հիմա երեք միջին եւ փոքր օթօքարները հեշտութեամբ կը բաւարարեն դպրոց-եկեղեցի երթուդարձը: ճի՛շդ է, եթէ առաջ քահանան նոյն դպրոցի աշակերտութեան համար հաղորդութեան քանի մը արարողութիւն ստիպուած կ’ըլլար կատարել, իսկ հիմա մէկ անգամուան համար ալ եկեղեցին լեցուն չենք գտներ, բայց եւ աշակերտներուն հաւաքականօրէն եկեղեցի երթալու աւանդութեան վերականգնումը վերադարձ է դէպի կեանք՝ ապահովութեան զգացումի եւ տօնական տրամադրութեան ստեղծումին ընդմէջէն: Հաղորդութենէն ետք կը սկսի դպրոցականներու զատկուան արձակուրդը, մինչ այդ սակայն մեր մանկապարտէզներուն եւ նախակրթարաններուն մէջ մեր փոքրիկները իրենց դաստիարակներուն հետ վայելած են հաւկթախաղի ընձեռած մեծ հաճոյքը:

Աւագ Հինգշաբթի օրը Յիսուսի օրինակով ոտնլուայի արարողութիւնը կը կատարուի մեր եկեղեցիներուն մէջ, սակայն աւելի գրաւիչը երեկոյեան «Խաւարման գիշերուան» արարողութիւնն է, որ նախապէս գիշերը տեղի կ’ունենար. Կը յիշեմ մարդիկ յատկապէս Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցի կ’երթային, գիշերուան մութին մէջ, հին Հալէպի նեղլիկ փողոցներէն երկիւղածութեամբ ուղղուելով  դէպի հնադարեան հայկական այս սրբավայրը, ուր մարդ Յիսուսի անունով կ’երգուէր «Ո՞ւր ես մայր իմ»ը որ արցունք կը հոսեցնէր մեր իգական սեռի աչքերէն: վնասներ կրած Քառասուն Մանկանց եկեղեցիին դռները փակ են տակաւին, սակայն մեր միւս եկեղեցիներուն մէջ Յիսուս այս անգամ ալ հայկական Հալէպի մէջ, հայերէնով փնտռեց իր մայրը՝ արցունքներ խլելով հայ մայրերու եւ զաւակներու աչքերէն:

Աւագ Ուրբաթ: Հալէպահայերը եւ միւս քրիստոնեաները այս օր եօթ եկեղեցի պտտեցան, ինչպէս որ աւանդոյթ է: Բոլորը գացին նաեւ Ֆարհաթ հրապարակի վրայ գտնուող մարօնիթներու մայր եկեղեցին: Այս հրապարակի վրայ կան բազմաթիւ հայերու վնասուած կամ կողոպտուած տուներ, խանութներ եւ ոսկերչական աշխատանոցներ: Այս հրապարակի տուներուն եւ խանութներուն մեծ մասը հայ կաթողիկէ առաջնորդարանին կը պատկանի եւ վարձուորներուն մեծ մասը ի վիճակի չէ վարձքը վճարել: Վնասուած են նաեւ յոյն կաթոլիկներու եւ մարոնիթներու մայր եկեղեցիները:  Ա՛յս օր, զինուորական անցարգելներ տեղակայուած են հրապարակի բոլոր անցքերուն վրայ, բոլորը անցնողները , նոյնիսկ մանուկները կը խուզարկուին. Եգիպտոսի եկեղեցիներու պայթիւններու ազդեցութիւնը շատ մեծ է, ապահովութեան մարմինները շատ ուշադիր են, անոնց ընդգծուած զգուշութիւնը ապահովութեան չափ վախի զգացում ալ կ’առաջացնէր: Այս Աւագ Ուրբաթ օրը Մարօնիթներու մայր եկեղեցիին մէջ հաւատցեալները, որոնց մէջ բազմաթիւ հայեր, արարողութեան մասնակցեցան բաց երկինքի տակ, որովհետեւ եկեղեցիին առաստաղը քանդուած է՝ իր վրայ տեղացող զանազան պայթուցիկ նիւթերէ: Այդ օր հին աւանդութեան պէս, հինգ տարի ընդմիջումէ ետք հրապարակին վրայ հաւատացեալները փողերախումբի նուագակցութեան ընկերակցութեամբ մասնակցեցան կազմուած թափօրին:

Զատկուան օրը նոյնպէս հին օրերը կը յիշեցնէր. առաւօտեան բոլորը, մանուկներու տօնական զգեստներով եւ տրամադրութեամբ կ’երթային եկեղեցի, ապա շատեր կը ճաշէին ռեսթորաններու մէջ, երեկոյեան ալ պարահանդէսներ՝ դարձեալ հին օրերու պէս:

Օր մեռելոց: Վեց տարի ընդմիջումէ ետք, այս ընթացքին մեռելներու վտարանդիութենէն ետք, այս տարի հալէպահայերը այցելեցին իրենց պապենական գերեզմանատուները, Հայ առաքելական եւ հայ կաթողիկէ համայնքապետերը պատարագ մատուցեցին իրենց գերեզմանատուներու մատուռներուն մէջ: Ամէն ինչ հինին նման էր: Մուտքին սկաուտներ, պատասխանատու երիտասարդներ մոմավաճարներ, ծաղիկ ծախողներ…:եւ տիրող տօնական տրամադրութիւն. Տխրութիւն չկար, կար կորսուած հարազատի այցելութեան բերկրանք, կարօտի յագեցում: Շատեր մոմ կը վառէին եւ խունկ կը ծխէին նաեւ քաղաքէն հեռացած իրենց ընկերներուն, ծանօթներուն եւ նոյնիսկ անծանօթ ազգակիցներուն փոխարէն. չէ՞ որ մեր բոլոր մեռելները մեր բոլորինն են:

Տօնական այս օրերուն աշխոյժ գործունէութեան մէջ էին նպաստաբաշխ մարմինները՝  զատկավայել, յաւելեալ օգնութիւն յատկացնելու նպաստընկալներուն:

Հալէպի հայկական գաղութը միշտ ալ հրապարակայնօրէն տօնած է Զատիկը, նոյնիսկ Մեծ Եղեռնէն առաջ, երբ սասունցի պանդուխտները զատիկը կը նշէին քաղաքի նշանաւոր Պապ Էլ-Ֆարաճ հրապարակին վրայ՝ ազգային տարազներով, պարերով ու երգերով:

Նշելի է նաեւ այլ կարեւոր կէտ մը՝ Հալէպահայութիւնը կը ձգտի միասնական գործունէութեան՝ բոլոր մակարդակներու վրայ՝ սկսեալ Շտապ Օգնութեան վերին մարմինէն, հասնելով մինչեւ կազմակերպուած միջ-դպրոցական միջոցառումները՝ Հ.Մ.Ը.Միութեան մարզական մրցումները՝ շախմատ, փինկ-փոնկ, պասքէթ պոլ, ֆութպոլ: Քրիստափոր գրադարանի միջ-դպրոցական հայերէնի ընթերցանութեան եւ ուղղագրութեան մրցումները, Վասպուրականի եւ Թէքէեանի կատարելիք միջ-դպրոցական ընդհանուր զարգացման եւ արտասանութեան մրցումները: Նոյնիսկ համաշխարհային Թատրոնի օրը այս տարի նշուեցաւ համագաղութային շղարշով, պաշտօնական ներկայութեամբ երեք համայնքապետերուն: Մէկ խօսքով շատ է թիւը անոնց, որոնք մեր գաղութի ապագան կը տեսնեն միասնական գործելակերպի մէջ՝ կարենալ դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու գաղութի թիւին նօսրացման հետեւանքները, շարունակելու համար մեր գոյութիւնը երկրի մը մէջ, որուն Անկախութեան 71-րդ տարեդարձը նշուեցաւ 17 Ապրիլին, տխուր վիճակի մը մէջ, որովհետեւ այսօր այս երկիրը անկախ չէ, որովհետեւ այս երկիրը մասնատուած է, որովհետեւ այս երկրին մէջ ճնշիչ ներկայութիւն ունին զանազան պետութիւններու զինուորներ, որովհետեւ այս երկիրը տակաւին կ’աւերեն եւ անոր բնակիչները կը սպաննեն տասնեակ երկիրներէ եկած վարձկաններ, որովհետեւ այս երկրին մէջ կը շարունակուի եղբայրասպան կռիւը, եւ այս ամէնուն մէջ մենք պիտի պէտք է կարենանք շարունակել մեր գոյութիւնը, կիսելով մեր համաքաղաքացիներուն ցաւը, մեր ցաւերը պահելով մեզի, մեր գոյութեամբ մեր զոհերը դարձնելով նահատակներ:

Վերը սխալ էր «հին օրերու խաբկանք» արտայատութիւնը: Հալէպի գաղութը գոյատեւելու գաղտնիքը գիտէ. ան ներկան՝ վիրաւոր մարմնով, աներդիք եկեղեցիով, փլատակ տուներով ներկան, կ’ոգեշնչէ անցեալով, շահելով  հաւաքական տոկունութիւն կը փորձէ տարակուսելի ապագան դարձնել հաստատուն:

Հոռետես չեմ, իրատես եմ: Այս անգամ Հալէպահայ գաղութը պարտադրեց ինծի լաւատես ըլլալ:

Հալէպ, 18 Ապրիլ 2017