Հալէպ Աստիճանաբար Կը Վերագտնէ Իր Բնականոն Կեանքը


«Գանձասար»․- Վերջին օրերուն Հալէպի ծառայողական ոլորտը նկատարելի բարելաւում արձանագրած է: Ջուրը հասանելի դարձած է արդէն քաղաքի բոլոր շրջաններուն, ելեկտրականութիւնը կը մատակարարուի օրական դրութեամբ՝ 8 ժամ բնակարաններուն, աւելի քան 10 ժամ արդիւնաբերական շրջաններուն։

Քաղաքի անցարգելները համարեա՛ վերցուած են, փողոցներն ու հրապարակները՝ մաքրուած, երթեւեկը՝ կանոնաւորուած։ Թէեւ վառելանիւթի տագնապ չկայ, սակայն բաշխման կայաններու մօտ մերթ ընդ մերթ խճողում կը նկատուի:

Քաղաքի մէջ սննդամթերքի եւ այլ ապրանքատեսակներու ապահովման դժուարութիւն չկայ, քաղաքի հիմնական շուկաները, ինչպէս՝ Թիլէլ եւ Համիտիէ աստիճանաբար բանիլ սկսան:

Իսկ քաղաքի ամբողջական վերականգնումի աշխատանքները մշակման հանգրուանին մէջ են:

Հալէպի ապահովական վիճակը բարելաւուած է,  քաղաքը աստիճանաբար կը վերագտնէ իր բնականոն կեանքը: