Հալէպ Կը Վերականգնի, Որոշ Սուրիահայեր Կը Վերադառնան


«Արմէնփրես».- Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Րէյիսեան յայտնած է, որ Հալէպ քիչ-քիչ կը վերականգնի:

 «Զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են: Ճամբան փակած քարակոյտերն ու հողակոյտերը վերցնելու աշխատանքները բաւական յառաջ գացած են: Մանաւանդ անոնք, որոնք երկար ատենէ փակ էին: Տուներու պարագային փոքր նորոգութիւններ կատարուած են: Իւրաքանչիւրը իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ վնասուած տուները կարգի կը բերէ: Շինութիւններու աւելի մեծ վնասները արդէն այլ ծրագիրի մէջ պէտք է ներառուին», յայտնած է Րէյիսեան:

Տեղւոյն իշխանութիւններուն ջանքերով աշխատանքներ ի գործ դրուած են Կեդրոնական շուկան վերագործարկելու համար, որպէսզի գիւղացիները մեծաքանակ արտադրութիւնը հոն վաճառեն:

«Զգալի աշխատանքներ կատարուած են Հալէպի օդակայանի վերագործարկման ուղղութեամբ: Կարելի է ըսել, որ աշխատանքները վերջնական փուլի մէջ են: Շրջակայքի ապահովութեան առնչութեամբ քայլեր կ՛առնուին», դիտել տուած է ան:

Ջրամատակարարման հարցը դեռ չէ լուծուած: Երեսփոխանին համաձայն, ջրամատակարարումը, դժբախտաբար, բաւական երկար ատենէ խնդիր է: Զինեալ խմբաւորումները ուղղակի կեդրոնէն անջատած էին ջուրի մատակարարումը, եւ ջուրը քաղաք չէր մտներ: Բայց բանակը յառաջանալով հասած է այդ շրջանները, մեծ աշխատանքներ տարուած են արդէն, ջուրը կարելի եղած է հասցնել քաղաքին շրջակայքը, կ՛ենթադրուի, որ յառաջիկայ օրերուն սկսի ջրամատակարարումը: Խօսելով ելեկտրականութեան մասին` ան դիտել տուած է, որ ներկայիս միայն քանի մը ժամ ելեկտրականութիւն կը ստանան:

Ան հաստատած է, որ Հալէպի մէջ հայկական դպրոցները կը գործեն բնականոն ձեւով:

Պատերազմին պատճառով գաղթած սուրիահայերուն մասին խօսելով` ան ըսած է, որ արդէն վերադարձողներ կան:

«Սուրիահայերու վերադարձ կայ արդէն, կարգ մը ընտանիքներ գործնական քայլերու դիմած են ու վերադարձած: Բնականաբար, յստակ թիւ չեմ կրնար տալ, բայց վերադարձողներ կան: Վերադարձողները թէ՛ Լիբանանէն են, եւ թէ արեւմտեան երկիրներէ», եզրափակած է երեսփոխան Րէյիսեան: