Հալէպ, Տօնական Օրերէն Ետք


Մանուէլ Քէշիշեան


Հիմա, երբ անցան տօնական օրերը, երբ տօնական ծիսակատարութիւնները աւարտեցան, երբ աղմկալի, ցուցադրական ուրախ տօնախմբութիւններն ու խրախճանքները ետեւ մնացին, երբ Ծաղկազարդէն Ս. Յարութեան տօն երկարող Աւագ շաբթուան գրեթէ բոլոր օրերը տօնական էին Հալէպահայութեան համար,  հակառակ անոր որ մայրաքաղաք Դամասկոսը տակաւին թիրախ էր Ղութայէն արձակուած հրթիռներու եւ հրասանդներու, իր կարգին ալ Ղութան ենթակայ էր ամէն տեսակ ռմբակոծումներու…

Անշուշտ ուրախ էինք, տօն էր մեզի համար. Մեզի ի՛նչ Ղութան.-թող այդտեղի ահաբեկիչները խելացի գտնուէին եւ օր առաջ իրենց զէնքերը յանձնէին ու հեռանային, նոյնիսկ եթէ մեծամասնութեամբ տեղի բնակիչներ էին…

Հապա Աֆրինցիները՞, Աֆրինի քիւրտերը՞, քիւրտերը իրենք են յանցաւորները, անխելք են, մի՛շտ կը խաբուին, պատմութենէն դաս չեն քաղեր…  ինքնավարութիւն կ’ուզե՜ն, Սուրիան պառակտելու փորձեր կ’ընե՜ն…

-Շատ լաւ եղաւ, ի՛նչ կ’ուզեն թող ըլլան…

-Բայց հարիւր հազարաւոր անզէն քաղաքացիներ հիմա գաղթականներ դարձած են, պետական անցարգելներ անոնց չեն թոյլատրեր Հալէպ գալ, չար լեզուներ կ’ըսեն, թէ Հալէպ փոխադրելու համար իւրաքանչիւր անհատէ 4-5 հարիւր հազար լիրա կը պահանջեն: Ի՞նչ թող ընեն խեղճերը…

-Խեղճե՞ր: Երեք չորս տարի է լաւ դրամ կը շահին. կրնան տալ՝ թող տան:

-Ուրեմն ո՞վ որ կրնայ տալ պէտք է տա՞յ… մի՛ մոռնար որ մենք ալ կրնայինք տալ… մեր արդար քրտինքով շահած…

-Մենք հայ ենք մեզ ինչո՞ւ ուրիշներուն կը նմանցնես:

-Աֆրինցիներու մէջ հայեր ալ կան եղեր։

-Ընդամէնը 10-15 արհեստաւորներ, անոնք ալ արդէն թուրքերու Աֆրին մօտենալէն առաջ հեռացեր էին, արդէն իրենց ընտանիքներն ալ հետերնին չէին:

Այս տեղ մը չհասցնող երկխօսութիւն-մենախօսութիւնը կրնայ երկար տեւել, ուստի աւելի լաւ է, խելքս չհասած բաներու մասին լուռ մնամ, կարեւորը Հալէպը ապահով է, մանաւանդ մեր թաղերը: Ամբողջութեամբ քանդուած թաղերն ալ երբ ըլլայ կը կառուցուին…

Ծաղկազարդի Կիրակին  ամէնէն ուրախ օրերէն մէկն է. նախ եւ առաջ փոքրիկներու օր է, անոնք այդ օր եկեղեցիէն խաղաղութեան նշան ձիթենիներու ճիւղերով կը վերադառնան տուն: Եկեղեցիի շրջափակէն ներս պատարագիչ եկեղեցականին առաջնորդութեամբ կը կազմուի թափօր, շեփորախումբեր հայկական նուագներով կը տողանցեն մօտակայ փողոցներու մէջ: Կէսօրին բոլոր ճաշարանները նախօրօք տեղ ապահոված յաճախորդներով լեփ-լեցուն կ’ըլլան. պատերազմէն առաջ շատեր քաղաքէն դուրս կ’երթային ճաշելու:

Աւագ Չորեքշաբթի օրը դպրոցական աշակերտներ եկեղեցի կ’երթան հաղորդութիւն ընդունելու, յետոյ խումբերով կը պտտին: Պատերազմի տարիներուն զգուշութեան համար յաճախ եկեղեցական մը կու գար դպրոց հաղորդութիւն տալու, վտանգաւոր էր աշակերտները խումբով տեղէ տեղ տանիլ: Այդ տարիներուն ընդհանրապէս չէին գործեր դպրոցական ինքնաշարժերը, Աստուած չընէ կրնար ռումբ մը իյնալ.. զգոյշ էինք, շա՜տ զգոյշ… Հինգշաբթի երեկոյեան Հսկումը հաւատացեալներու ամենասիրելի արարողութիւններէն է, այդ օր եկեղեցիներուն մէջ կ’երգուի Աստուածածնին նուիրուած «Ո՞ւր ես, Մայր իմ»ը, որ չզպուող արցունք կը հոսեցնէ մեր աչքերէն: Երիտասարդներուն ամէնէն սիրած օրերէն մէկն է Աւագ Ուրբաթը, այդ օր անոնք խումբերով՝ ուրախ-զուարթ եօթ եկեղեցի կ’երթան (կը պտտին բառը կը գործածուի):   Աւագ Շաբաթուան յատկանիշը խթման գիշերն է՝ իր պարահանդէսներով: Պատերազմէն առաջ, այդ գիշեր  Հայ Աւետարանական Ջանիցական երիտասարդներ կ’այցելէին իրենց եկեղեցւոյ անդամներուն տուները՝ աւետելով Քրիստոսի Յարութիւնը : Զատիկին, պատարագէն ետք, համայնքապետերը անհատ  հաւատացեալներու եւ միութենական ներկայացուցիչներու  շնորհաւորանքները կ’ընդունին, զանոնք շնորհաւորելու կու գան նաեւ պետական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Պատերազմէն առաջ հայ միութենական պատանիներ 3-4 հոգիանոց խումբերով քարթաբաշխութեան կ’ելլէին. անոնք հայոց տուները պտտելով յատուկ քարթ-բացիկներով կ’աւետէին Քրիստոսի Յարութիւնը, փոխարէնը փոքր նիւթական նուէրներ կը ստանային որոնք իրար վրայ գումարուելով որոշ մուտք մը կ’ապահովէին միութիւններուն: Բոլորը բոլորին կու տային այդ օր, անշո՛ւշտ ամէն մէկ ընտանիք ամէնէն շատ իր միութեան կու տար: Երբեմն փակ դռներու ետեւէն    պատանիներու ականջին կը հասնէին «Դուռը մի՛ բանար, քարթ բերողներն են»… բառերը:

Մինչեւ պատերազմը  Ծաղկազարդին եւ Զատիկին ճաշարան երթալու, սովորութիւնը այս տարի վերականգնուեցաւ:

Արդէն ամբողջ այդ շաբթուան խօսակցութիւններու գլխաւոր նիւթերը ո՞ր ճաշարան երթալ, ի՞նչ հագուստ հագուիլը էին, անտանելի սուղցած հագուստներու եւ ճաշարաններու գիներն էին:

Պէտք է նշել, որ պատերազմի ամբողջ ընթացքին եկեղեցական բոլոր արարողութիւններն ալ կը կատարուէին, սակայն գլխաւոր բացական ուրախութիւնը կ’ըլլար:

Այս տարի ուրախութիւնը ներկայ էր՝ տօնական ուրախութիւնը:

Ուրախ էինք բոլորս, թէեւ տխրելու շատ պատճառներ ունինք տակաւին, թէեւ մեր մտահոգութիւնները յամառօրէն մեզի հետ կը մնան:

Մեր եկեղեցիներուն մէջ ծիսակատարութիւնները կատարուեցան, թէեւ տակաւին վնասուած եւ փակ եկեղեցիներ ունինք՝ Հայ Առաքելական Քառասնից մանկանց եւ Ս. Գէորգ եկեղեցիները,  Հայ Կաթողիկէ Մայր Գթութեանց Աթոռանիստ եկեղեցին,  հայ Աւետարանական Էմմանուէլ եկեղեցին:

Մենք պարահանդէսներու գացինք, թէեւ նիւթական ծանր վիճակ ունինք եւ գաղութը տակաւին շատ հեռու է ինքնաբաւ ըլլալէ:

Խնդացինք, թէեւ կը սգանք մեր նահատակներուն եւ զոհերուն կորուստը:

Խնդացինք, թէեւ մեզմէ շատերուն տունը տակաւին քանդուած վիճակ ունի եւ շատեր երկրէն գաղթած բարեկամներու տուներուն մէջ կ’ապրին:

Խնդացինք, թէեւ մեզմէ շատերուն ընտանիքները բաժան-բաժան են՝ 4-5 հոգիանոց ընտանիքներու անդամներ  3-4 տարբեր երկիրներու մէջ կը գտնուին, ահա թէ ինչու ամէնէն շատ հնչածը բացականերուն կենացն էր:

Խնդացինք, թէեւ ապագան շատ անորոշ է:

Այս տարի ամբողջ Մարտ ամիսը տօնական էր.- Ուսուցչաց տօն, Մայրերու Օր, Ծաղկազարդ, Զատիկ:

Ծա՛խս, ծա՛խս, ծա՛խս:

Հալէպահայը կը սիրէ ծախսել, շահածն ու չշահածը ծախսել: Երբեք պիտի չզարմանամ եթէ լսեմ, որ այս կամ այն ընտանիքը ստացած հերթական մէկ կամ երկու ամսուան ամբողջ նպաստը ծախսած ըլլայ մէկ անգամ ճաշարան երթալով…

Հագուստ-կապուստի, աւելորդ շռայլութեան ծախսերու մասին երբ կը մտածեմ, չեմ կրնար ուղեղս տանջող միտքի մը մասին չարտայայտուիլ.

-Բան մը կը պակսէ՞ր եթէ այս ընթացքին ճաշարան գացող իւրաքանչիւր ընտանիք մէկ պնակ նուազ ուտելիք ապսպրած ըլլար եւ անոր գինը աղքատի մը, կամ որեւէ կարիքաւորի մը նուիրած ըլլար…

Բան չէր պակսեր, կրնար բան մը աւելնալ: Քանի մը Հալէպահայերու փոխարէն մեծ թիւով Հալէպահայեր կրնային բաժին բերած ըլլալ Հալէպահայ կարիքաւորներու օգնութեան գործին:

Շուտով ամառ պիտի գայ, բացօդեայ բազմաթիւ ճաշարաններ պիտի բացուին, որոնք ամէն օր լեցուն պիտի ըլլան… չարժե՞ր մտածել մէկ պնակ պակաս ուտելիք ապսպարելու մասին, մանաւանդ որ յաճախ մի քանի պնակներ գրեթէ լեցուն կը մնան:

Այս տարի խնդացինք եւ իրար շնորհաւորեցին նոյնիսկ Օր մեռելոցին, չէ՞ որ վեց տարի ետք առաջին անգամ ըլլալով կ’երթայինք հայկական գերեզմանոցներ, չէ՞ որ մեր մեռելները արդէն փոխադրած ենք հոս՝ յաւիտենական (յաւիտենակա՞ն) կացարան, չէ՞ որ արդէն սկսած ենք նորոգել մեր հարազատներուն ռումբերէ վնասուած դամբանները:

Այցելեցի հայկական երեք համայնքներու գերեզմանոցները, որոնք քովի են սակայն Հայ Աւետարանականներուն գերեզմանատուն հասնելու համար պէտք է Սուրիական պետական եւ քրտական անցարգելներէ պէտք է անցնիլ: Ամէն տեղ բարեկամներ ունիմ, նոյնիսկ այնպիսիներ որոնց հարազատները հոս չեն, մնացողներուն պարտականութիւնն է նաեւ անտէր ննջեցեալներուն տէր ըլլալ:

Այցելեցի նաեւ Ռաֆֆի Պչագճեանի դամբանը, Ռաֆֆիին ըսի.- Կ’աղօթեմ քեզի եւ ընկերներուդ համար, երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ ձեզի, դուք ձեր կեանքով պաշտպանեցիք մեզ:  Մենք երգեր կը հիւսենք ձեզի համար, կը փառափանենք ձեզ… Ու միտք մը կը գամուի ուղեղիս մէջ.

-Եթէ դուք մեր հերոսներն էք, պէտք չէ՞ իրար քով բերենք ձեզ, յատուկ տեղ մը յատկացնենք ձեզի՝ Հալէպեան պանթէոն մը՝ Եռաբլուր մը…

Եռաբլուր մը,  չէ՞ որ դուք, ճի՛շդ է Արցախի համար չթափեցիք ձեր արիւնը, բայց հայութեան մէկ մասնիկը պաշտպանելու ընթացքին նահատակուեցաք…

-Դուն քու գործիդ խառնուիր, այդ մասին մտածողներ կան,-կրնան ըսել ոմանք:

-Շատ լաւ,-կ’ըլլայ պատասխանս:

 Հալէպ, 8 Ապրիլ 2018