Համազգայինը Նշեց Իր Հիմնադրութեան 90ամեակը Երեւանի Մէջ


“Ազդակ”,- Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը Սեպտեմբեր 9ի երեկոյեան, հանդիսաւոր կերպով նշեց իր հիմնադրութեան 90ամեակը, Գ. Սունդուկեանի անուան ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ` ներկայութեամբ պետական նախարարներու, նախարարներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:

Թատրոնի նախասրահին մէջ ցուցադրուած էին Համազգայինի հրատարակչական, գրական, մանկավարժական եւ տարբեր բնոյթի գործունէութիւնը մարմնաւորող նմուշներ:

Այս առիթով խօսք առին Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մկրտիչ Մկրտիչեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: «Համազգային»ի 90-ամեակը մարտահրաւէր է մեր երիտասարդութեան համար՝ Հայրենիքէն մինչեւ Սփիւռքի ամենահեռաւոր անկիւնները։ Հայութեան այսօրուան պայմանները, համեմատած 90 տարի առաջուան պայմաններուն հետ, շատ աւելի բարենպաստ են. այդ պայմաններուն առանցքը վերանկախացած 100-ամեայ Հայաստանի Հանրապետութիւնն է։ Սակայն, այսօր, նոյնքան եւ աւելի ժամանակակից կը հնչեն «Համազգային»ին ծնունդ տուած մարտահրաւէրները. «Պաշտպանել եւ զարգացնել ազգային մշակոյթի արժէքները եւ պայքարիլ այլասերման վտանգներուն դէմ, թէ՛ երկրի եւ թէ՛ արտասահմանի մէջ»։ «Համազգային»ի մեծ ընտանիքին համար, այս մարտահրաւէրները յաղթահարելու մօտեցումը երբեք չէ եղած ինքնապահպանումը, ինքնամեկուսացումը, ինքնամփոփումը, լճացումը։ Այսօր, առաւել եւս կենսական է այդ մօտեցումին տալ նոր մղում, հայապահպանման գործը վերածելով հայակերտման գործի։ Թէ ինչպէ՞ս՝ ատոր պատասխանը պիտի տայ մեր երիտասարդութիւնը”, իր խօսքին մէջ ըսաւ Մանոյեան։

Յոբելենական հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցաւ համերգային-թատերական ինքնատիպ ներկայացում` մասնակցութեամբ Գ. Սունդուկեանի անուան ակադեմական թատրոնին, Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնին, Երեւանի մնջախաղի պետական թատրոնին, Հայաստանի պարարուեստի պետական «Բարեկամութիւն» համոյթին, «Պրոֆ Արտ» պարային համոյթին, Երեւանի պետական սենեկային երգչախումբին, «Միայն աղջիկներ» վոքալ խումբին, «Էմմանուէլ Յովհաննիսեան եւ ընկերներ» տուտուկահարներու խումբին, «Սասնայ ծռեր» ազգագրական համոյթին: Ցուցադրուելիք գծանկարային ժապաւէնը պատրաստած էր «ՄաշՌում» սթիւտիոն, իսկ գեղարուեստական յայտագիրին հեղինակն ու բեմադրիչն էր Վարդան Մկրտչեան: