Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի պանծալի համերգը


Մարաթուկ

Սովորական համերգէ աւելի՝ տօնախմբութիւն էր. հայ դասական ու ժողովրդային երգերու հոգեթով ընտրանի, որուն իւրաքանչիւր ելեւէջին ետին կար մեր մշակոյթի պատմութենէնփրցուած էջ մը։ Ընտրանի՝ որուն ընդմէջէնկեանքի կոչուեցաւ անաղարտ հայ երգը իր ամբողջ վսեմութեամբ, շնորհիւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին, խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանիեւ դաշնակահար Վանիկ Յովհաննիսեանի։

Օրը՝ Կիրակի, 30  Հոկտեմբեր 2016. երեկոյեան ժամը 6-ին «Համազգային» թատերասրահը լեցուն է հայ երգի սիրահարներով։ Փետրուար 2013-ին վերակազմուածու այժմ մօտ վաթսուն երգողներէ բաղկացած «Գուսան»ը, առաջին իսկ վայրկեանէն հանդիսատեսը կը փոխադրէ դէպի «Իմ հեռաւոր հայրենիք»ը ու այսպէս, իրարու ետեւէ կը սահին «Իմ Եղէգ»ը, «Երգ բամպակի մասին» , «Գացէք տեսէք», «Երեւան», «Գարնան օրեր», «Ճօճան», «Վուշ-վուշ» «Ես իմ անոյշ Հայաստանի», «Հայրենիքիս հետ» երգերուն հոյակապ կատարումները, կեանքի կոչելով մեր հրաշալի երաժիշտներն ու արուեստագէտները, Կարա- Մուրզայէն մինչ Կոմիտաս, Էտկար Յովհաննիսեան, Խաչատուր Աւետիսեան, Ալէմշահ, Սաթեան ու Յարութիւնեան, Կառվարենց։ Խումբին բարձրորակ կատարումներուն առընթեր՝ մենակատար Մհեր Մինասեանի «Ես իմ անոյշ Հայաստանի»ի տպաւորիչ մեկնաբանութիւնը կ՚արժանանայ յոյժ գնահատանքի։

Դադարէն ետք բեմ կը բարձրանան Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբի մեծերը. Բաբաջանեանի«Երեւանի սիրուն աղջիկը» երգին կը յաջորդէ Մարինէ Ալէսի «Պատրանքի թեւով»ը, որուն մենակատարն է խոստմնալից Մինէ Ծատուրեանը. Մինէ իր դիւթիչ ձայնով կը տպաւորէ հանդիսատեսը։ «Գուսան» եւ «Հայ Աստղեր» երգչախումբերու նուագակից Վանիկ Յովհաննիսեանի մշակումով՝ կը լսենք «Լիպէրթանկօ»ն  ու կը վերադառնանք «Գուսանին»։

Յայտագիրին երկրորդ բաժինը նոյնքան ազդեցիկ է.- «Պինկէօլ»ին կը յաջորդէ Կոմիտասի «Կայնի եարոյ»ն, ապա «Զով գիշեր»ը որուն մշակումը Էդիկ Յովսէփեանինն է։ Կոմիտասի «Անձրեւ եկաւ»էն կը սաւառնինքդէպի Արցախ. «Ղարաբաղ իմ» սրտառուչ երգը որուն մենակատարն է Գոհար Գրիգորեանը կը ոգեւորէ ներկաները։ Կը յաջորդեն«Հոյ նազան իմ եարը» «Կռունկներ», «Արփա-Սեւան», «Երեւան Էրեբունի» սիրելի երգերը։ Նախքան վերջին երգը, խմբավար Հռիփսինէ Թովմասեան մեծապէս գնահատելով Վանիկ Յովհաննիսեանի դերը, ծաղկեփունջ մը կը յանձնէ իր տիկնոջ՝ Սիլվա Յովհաննիսեանի ու ապա «Սարդարապատ»ը ոտքի կը հանէ ներկաները, իր լրումին հասցնելով Համազգայնավայելհամերգը։

Երգերու նրբաճաշակընտրութենէն մինչեւ բարձրորակմատուցումը՝ հպարտութիւն պատճառող երեկոյ, որը վերջ կը գտնէ Հայր Գեղարդ Ծրգն. Վարդապետ Քիւսպէքեանի պահպանիչով։ Նախքան այդ, փակման խօսքը կը փոխանցէ Գլաձոր մասնաճիւղի ատենապետ Թամար Տօնապետեան Գուզուեան. կը ներկայացնենքստորեւ.-

Համազգայինի Գուսան երգչախումբ. Կեցցէք եւ կեցցէ հայ երգը։

Այսօր, մեր հոգիները կռունկներուն հետ թռիչք առին դարձեալ. կարօտը մեր սրտերուն՝ սաւառնեցանք դէպի հեռաւոր հայրենիք, մեր անուշիկ Հայաստանը, յոյսի ու լոյսի հայրենիքը, անցանք մեր լոյսի շքերթ Երեւանով, ամրան արեւին ներքոյ՝ մեր լուսէ լիճով , պատրանքի թեւով կարօտ երգեցինք, մեր սրտերը դարձեալ ջերմացանզով գիշերին մէջ փայլող զոյգ աչերով։

Այսօր, անձրեւի շաղին ու տերեւի դողին ընդմէջէն ղօղանջեց մեր մշտահունչն ու մշտարթունը, մեր անլռելի զանգակատունը. երբ բաց եղան գարնան կանաչ դռները, շարուէ շարան անցնող զուգուած ուղտերուն հետ մեր պապենական հողերուն՝ մեր Պինկէօլի ճամբան բռնեցինք, մեր սրտերը ուռեցան դարձեալ մեր Սարդարապատիսրբազան զանգերուն ղօղանջով ու վերջապէս՝ մենք մեզ գտանք մեր դիւցազիւն լեռներուն գիրկը՝ մեր սիրոյ այգեստանը, հերոսական Արցախ։

Սիրելի «Գուսան» երգչախումբի անդամներ, մենակատարներ, անսպառ ըլլայ ձեր ձայնը։ Հոգեպարար այս ընտրանիին ընդմէջէնայնքան հարազատ ու բարձրորակ ձեր մեկնաբանութեամբ շատ յիշատակներ արթնցուցիք, կեանքի կոչեցիք դարձեալ մեր տաղանդաւոր բանաստեղծներն ու երաժիշտները, մեր զուլալ հայ երգը. կը շնորհաւորենք իւրաքանչիւրդ։ Թող բարձր հնչէ «Գուսան»ը, որ ապրի՜ մեր Կոմիտասը, որ ապրի՜ մեր Բաբաջանեանը, մեր Յովհաննիսեանը, մեր Սեւակը…։

Սիրելի «Հայ Աստղեր», ուշադիր պիտի հետեւինք ձեզի, կեցցէք մանաւանդ դուք եւ կեցցեն ձեր ծնողները. շարունակեցէք, դուք էք մեր ապագայ Գուսանականները։

Գուսան երգչախումբ երբ ըսենք, անշուշտ չենք կրնար չյիշել մեր սիրելի պրն Էդիկը. այսօր անկասկած խայտաց իր հոգին։ Գուսան երբ ըսենք, նաեւ կը հասկնանք երկարամեայ նուագակից դաշնակահար մեր սիրելի Պրն. Վանիկ Յովհաննիսեանը, որուն համեստ կերպարը, անվերապահ, անշահախնդիր աջակցութիւնն ու իւրայատուկ տաղանդը մեծ դեր ունին մեր երգչախումբի յառաջխաղացքին մէջ։ Սիրելի Պրն. Վանիկ, ձեր ոյժը անսպառ։

Հայ երգը մեր հոգատարութեան,մեր փայփայանքինպէտք ունի, որպէսզի ան հնչէ զուլալ եւ մնայ իր վեհութեան վրայ։ Սիրելի «Գուսան» երգչախումբի խմբավար՝ Հռիփսիմէ Թովմասեան, յոյժ  գնահատելի է ձեր բծախնդիր, խղճմիտ, անսակարկ մօտեցումը հանդէպ հայ երգին, հանդէպ մեր ստեղծագործութիւններուն, հանդէպ մեր երաժիշտներուն։Իբր խմբավար՝ լաւագոյնին կը ձգտիք եւ հայ երգը լաւագոյնին արժանի է. ձեր կորովը միշտ։

Հոկտեմբերը մշակոյթի ամիս որպէս ծանօթ է. Համազգայինի համար սակայն, ամէն ամիս մշակոյթի ամիս է, ամէն օր մշակոյթի օր է։ Այս առիթով մեր երախտագիտութեան խօսքը կ՚ուղղենք Համազգայինի բոլոր կամաւոր զինուորներուն, որոնց անդուլ, անձնուէր գործունէութիւնը անգնահատելի է, եւ որոնց շնորհիւ այս միութիւնը 88 իսկ «Գլաձոր» մասնաճիւղը47 տարիներ շարունակ, ի դէմ բազմապիսի դժուարութիւններու, յամառօրէն կառչած կը մնան Համազգայինի առաքելութեան, մեր անգին գանձին՝ մեր մշակոյթի պահպանման. առ այդ, սիրելի «Գուսան» երգչախումբի յանձնախումբի անդամներ, վարչական ներկայացուցիչ Լորիկ Գաթրճեան, ձեր բոլորին ոյժը անսպառ։

Ու վերջապէս, մեր խօսքը ձեզի է, սիրելի նուիրատուներ, աջակիցներ, հանդիսատեսներ։ Միայն միասին գործելով է որ մենք պիտի կարենանք մեր մշակոյթը վառ պահել սերունդներ շարունակ։ Բարի երթ հայ երգին։