Համազգայինի «Գուսան» Եւ «Հայ Աստղեր» Երգչախումբերու Խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանին Հետ Անուշահամ Զրոյցի Մը Մեղեդիներով…


Հռիփսիմէ Թովմասեան “Գուսան” երգչախումբի համերգէն ետք

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Լուսաշող ժպիտը տեսած պահուս երգերու խազերը ուրուագծուեցան ուղեղիս մէջ ու քնարի լարերէն արձակուող երաժշտութեան պէս հնչեց անոր ձայնը, որուն մէջ հանգստութիւն մը գտայ ու՝ «Որքա՜ն կեանք ու արեւ կայ այս ձայնին մէջ, որուն շողերը պիտի հասնին երգելու ունակութիւնը ձեռք բերող հայ մանուկին, պատանիին ու մեծահասակին» մտածեցի եւ ամենայն գոհունակութեամբ նստայ Համազգայինի «Գուսան» եւ «Հայ Աստղեր» երգչախումբերու խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանին հետ անուշահամ զրոյցի մը վայելքը ըմբոշխնելու։ Անցեալէն ներկայ երկարող ճանապարհի յաջող պատմութիւնը գորգի պէս փռուեցաւ դէմս՝ հետեւեալ հարցումներուս պատասխանները դառնալով.

Երթանք անցեալ։ Ինչպէ՞ս հասած էք Պուլկարիա։ Երաժշտութեան հետ ձեր ծանօթութիւնը ե՞րբ սկսած է եւ ի՞նչպէս զարգացած։

Ցեղասպանութեան ժամանակ հօրս ծնողները Սեւ Ծովի շրջաններէն նաւով հասած են Պուլկարիա, իսկ մօրս ծնողները Պուրսայի հայկական Սօլէզ գիւղէն քանի մը անգամ աքսորուելէ ու զանազան չարչարանքներ կրելէ ետք հասած են Պուլկարիա։ Հոն  ծնած ու ապրած ծնողներս 1946 թուականին ներգաղթած են Հայաստան։ Ես ու եղբայրս ծնած ենք Հայաստան։ Ընտանեօք Պուլկարիա տեղափոխուեցանք, երբ ես 19 տարեկան էի։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ հայրական մեծ մայրս, որ  շատ լաւ կ’երգէր։ Հիմա, որպէս  մասնագէտ, կրնամ ըսել, որ ան քոլորադուրային (coloratura) սոփրանօ  էր։ Այս էր իմ առաջին ծանօթութիւնս երաժշտութեան հետ։ Մօրական մեծ մայրս ու մեծ հայրս հայրենասիրական երգեր կ’երգէին։ «Կիլիկիա» երգը առաջին անգամ մեծ մօրմէս լսած եմ։ Խորհրդային Հայաստանի տարիներուն, երբ արգիլուած էր հրապարակաւ ազգային երգեր երգելը, մեր տան մէջ յաճախ կ’երգուէին անոնք։ Հայրս ու մայրս երաժշտական շատ լաւ լսողութիւն ունէին ու մեր տան մէջ դժուարաւ ճարուած ձայնագրութիւնները միշտ կը հնչէին ու կը հարստացնէին իմ երաժշտական աշխարհս։

Ո՞ւրկէ ստացած էք ձեր մանակավարժական ու երաժշտական կրթութիւնը եւ քանի՞ տարի է, որ կը պաշտօնավարէք այս ասպարէզէն ներս։

Վեց տարեկանիս յաճախած եմ երաժշտանոց։ Միջնակարգ կրթութիւնս ստացած եմ Հայաստան։ Պուլկարիոյ մէջ բարձրագոյն ուսման հաստատութիւն ընդունուած եմ՝ Պուլկարիոյ Պետական Ակադեմիա, երաժիշտ-մանկավարժութեան բաժանմունք, գործիք՝ դաշնամուր, ապա՝ մասնագիտացած եմ որպէս օրքեսթրայի եւ երգչախումբի խմբավար։ Պետական քննութիւնս տակաւին չաւարտած, որպէս երաժշտութեան եւ հայերէնի ուսուցչուհի, ընդունուեցայ տեղի Հայկական Պետական դպրոցը՝  Վիքթորիա եւ Գրիգոր Թիւթիւնճեան Վարժարանը։ 16 տարուան ուսուցչութեան ասպարէզիս ընթացքին հիմնել եմ մանուկներու երգչախումբ։ 12 տարի խմբավարած եմ մեր եկեղեցւոյ քառաձայն երգչախումբը։ Պուլկարիոյ, ինչպէս նաեւ անոր սահմաններէն դուրս շատ մը փառատօնների եւ մրցոյթների մասնակցած ենք այն ժամանակ, իսկ 2007 թուականին վերջերը հաստատուած եմ Գանատա։

2008 -ին Թորոնթոյի մէջ սկսած ձեր մանկավարժ-խմբավարի մասնագիտութեան ուղին ո՞ւրկէ ծայր առաւ, ինչպէ՞ս ընթացաւ եւ հասաւ մինչեւ այս օրերը։

Մօտաւորապէս չորս տարի պաշտօնավարեցի «Ծառուկեան» ամենօրեայ վարժարանին մէջ, որպէս Հայոց լեզուի եւ երաժշտութեան ուսուցչուհի, միեւնոյն ժամանակ՝ 2010-ին սկսայ Համազգայինի «Հայ Աստղեր» մանկապատանեկան երգչախումբը խմբավարել, ապա՝ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի տարիներու վարչական ներկայացուցիչ Լորիկ Գաթրճեանի փափաքին ընդառաջելով վերականգնեցինք «Գուսան» երգչախումբը։ Այսօրուան պէս կը յիշեմ, թէ ինչպէս պարոն Էտիկ Յովսէփեանի յուշ-երեկոյին, երբ հրաւիրուած էի ղեկավարելու «Գուսան» երգչախումբը, Լորիկ Գաթրճեանը բեմէն յայտարարեց, որ «Գուսան» երգչախումբը տարիներու դադարէն ետք պիտի վերսկսի իր երգերով հանդէս գալու ու գոհացնելու թորոնթոհայ երաժշտասէրները։ Այդ վայրկեանին զգացի, որ «Գուսան»ի նախկին խմբավարին հոգին հանգստացաւ ու շունչ տուաւ վերանորոգ երգչախումբին։ Մեծ պատիւ էր ինծի համար պարոն էտիկին ջահակիրը դառնալ ու ժամանակին 116 անդամներէ բաղկացած ու իր կենդանութեան ժամանակ մեծ հռչակ վայելող երգչախումբը ղեկավարելը։ Շատ երջանիկ պիտի զգայի, եթէ անոր կենդանութեան ժամանակ հետը հանդիպելու բախտը ունենայի, բայց շատ ափսո՜ս, որ այդ բախտը չունեցայ։

Ինչպէ՞ս կ’ընտրէք երգացանկը, որպէսզի ան երգչախումբի երգողներուն սրտին խօսի, միեւնոյն ատեն սիրուի եւ ընդունելի դառնայ հանդիսատեսին կողմէ։

Երգչախումբի ղեկավարին համար շատ պատասխանատու գործ է ընտրել երգացանկ մը, որ գոհացնէ ունկնդիրները։ Բծախնդրութեամբ եւ ամենայն մանրամասնութեամբ կ’աշխատիմ երգացանկը ընտրած ժամանակս։ Քիչ մըն ալ տարիներու փորձառութեամբ ունկնդիրին հետ աւելի ծանօթացած եւ ականջ տուած եմ անոր պահանջքին։ Ղեկավարին ամենէն մեծ պատասխանտուութիւնը եւ պարտականութիւնը այն է, որ բեմէն նոր բան մը մատուցէ եւ նոր տեղեկութիւն, ճաշակ , ոճ՝ մէկ խօսքով քիչ մը ամէն ինչ, բայց միշտ զգոյշ ըլլայ, որ տրուած չափաքանակը ընդունելի ըլլայ ունկնդիրին կողմէ։ Երբ հանդիսատեսին ծանօթ երգերէն չմատուցենք, անոնք դժգոհ կը հեռանան սրահէն։ Ուստի քիչ մը անցեալի սիրուած երգերէն կը ներկայացենք ու այդ սիրուած երգերուն հետ նորն ալ այնպիսի ուշադրութեամբ կը համատեղենք, որ ընդունելի ըլլայ ունկնդիրին։

Արուեստագէտ -երաժիշտ Վանիկ Յովհաննիսեանի հետ ձեր համագործակցութիւնը տարիներ շարունակ արգասաբեր եղած է։ Ինչպէսի՞ աշխատելաձեւ կ’որդեգրէք հասնելու կատարեալին։

Մեր կողմէն շատ սիրուած արուեստագէտ-նուագակցողն է պարոն Վանիկ Յովհաննիսեանը։ Խօսքեր չեմ գտներ իր աշխատանքը գնահատելու համար։ Յաճախ ըսած եմ եւ միշտ ալ պիտի ըսեմ եւ հաստատեմ, որ շատ հանգիստ ու ներդաշնակ աշխատանքային բնոյթ ունի մեր համագործակցութիւնը։ Տարիներ շարունակ պարոն Վանիկին ներկայութիւնը աշխատանքային շատ մեծ համաչափութիւն կը շնորհէ մեր առաքելութիւնը իրականացնելու առումով։ Երգացանկը ընտրելու եւ նոյնիսկ շարելու մէջ գլուխ-գլխի կ’աշխատինք։ Մեծ համաձայնութեան ծիրէն ներս կ’ընթանայ մեր մասնագիտական ուղին։ Այնչափ ուրախ ու երախտապարտ եմ, որ իմ կողքին ունեմ այսպիսի մասնագէտ արուեստագէտ մը, որուն հետ կը ծրագրենք ամէն մանրամասնութիւն։

Ինչպէ՞ս կ’ընթանան «Հայ Աստղեր» երգչախումբի փորձերը։ Ի՞նչ տուեալներու հիման վրայ կ’ընտրէք պզտիկները, ժամանակի ընթացքին ի՞նչ նոր գիծեր կը յայտնաբերէք անոնց մէջ։

Երգչախումբի փորձերը Հինգշաբթի օրերն են, սակայն ելոյթներու մօտենալուն հետ, կազմակերպուածութիւնը ամրապնդելու համար, փորձերը յաճախակի կ’ըլլան։ Երեխաները մեր համայնքի զաւակներն են ու եթէ անոնք նոյնիսկ յաւելեալ տուեալներ կամ մեծ կարողութիւններ չունին, պէ՛տք է ընդգրկուած ըլլան մեր կողմէն։ Տարիներու փորձառութեամբ գիտենք, որ պզտիկը սկիզբի փորձերուն իր կարողութենէն աւելի քիչ կու տայ, ետքը կամաց-կամաց կը բացուի։ Կան նոյնիսկ ներքին լսողութիւն ունեցող երեխաներ, որոնք վերջում կրնան ակնկալուածէն շատ աւելին տալ։ Ուրեմն՝ տարբեր կարողութիւններու տէր երեխաներ կան, ու մեր մասնագէտ-մանկավարժի գիտակից մօտեցումով անոնք կը հասնին լաւագոյնը ներկայացնելու։ Պզտիկները իրենց ազատ ժամանակը կը ներդնեն այդ գործին եւ մենք այդ պատասխանատուութեամբ կը մօտենանք, որ իրենց ստացած գիտելիքն ու ցուցադրածը աւելի բարձր որակի վրայ ըլլայ եւ երեխան գիտնայ՝ ինչպէ՛ս արտաբերէ եւ ապա՝ տիրապետէ իր ձայնին ու ծանօթանայ երգելու բոլո՜ր մանրամասնութեանց։ Բեմ բարձրանալը մեծ մարդու համար դիւրին չէ, ուր մնաց երեխային համար։ Բեմի կեանքին հետ համագործակցիլ կը սորվին երեխաները իրենց փոքրիկ հասակէն։

Հայ երգն ու երաժշտութիւնը հայ մշակոյթի այն հիմնական տարրերէն է, որ Համազգայինի «Հայ Աստղեր»ուն կը փոխանցուի, կը կերտէ հայու ոգին եւ կը պահպանէ անոնց ազգային դիմագիծը։ Երգերուն դրական ազդեցութիւնը նկատած էք այս առումով։

Ես ճակատագիրէն շատ շնորհակալ եմ, որ սկզբնական կրթութիւնս Հայաստան ստացած եմ եւ մեծցած եմ մասնագէտների ձեռքին մէջ եւ շատ լաւ յիշողութիւններ ունիմ այդ առումով։ Պատկերացուցէք, որ ժամանակին Լուսինէ Զաքարեանի հետ բեմ բարձրացած եմ։ Շատ պատասխանատու համերգներուն երգած եմ երաժշտանոցի մէջ եղած ժամանակս։ Երեխաները որքան որ լաւ մասնագէտների հետ շփում կ’ունենան, շատ աւելի արագ կ’ընթանայ արուեստի մէջ իրենց հասուննալը ։ Այս մէկը կը յիշեմ, որովհետեւ Հայաստանի մէջ լեզուի խնդիր չունէինք մենք, իսկ հոս դասաւանդած ժամանակս երգին իմաստը փոխանցելէ առաջ լեզուի խնդիրը լուծել կը ջանամ։ Նախնական աշխատանքս լեզուին հետ կ’ըլլայ, բառերը բացատրելով ու նշանակութիւնը հասկցնելով կը սկսինք։ Մեր երգերը ընդհանրապէս Հայաստանին եւ Երեւանին նուիրուած են ու մանկական նման տեսակի երգեր են։ Հոս կը սկսինք բացատրել, թէ ի՞նչ է Հայաստանը, ինչպիսի՞ բնութիւն ունի ան, ի՞նչ տեսարժան վայրեր կան հոն։ Երգին բառերը հասկնալէ ու իմաստը մարսելէ ետքն է, որ անոր կը գումարուի երաժշտութիւնը եւ յետոյ կու գայ երգի մատուցումը։ Այս ընդհանուր տուեալները յաջողցնելէ ետք փոքրիկը իր երեւակայութեան աշխարհին մէջ կը պատկերացնէ հայրենիքը ու հայերէն երգին շնորհիւ կը զարգացնէ իր լեզուն, կը կապուի հայ մշակոյթին ու ենթագիտակցութեան մէջ կը դրոշմէ հայ երգը։

Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հիմնադրման յիսնամեակի առիթով՝ «Անուրջներ» համերգը հաճելի նորութիւններով գրաւեց հանդիստեսին ուշադրութիւնը։ Կը բանա՞ք այդ յաջող ձեռնարկին չակերտները։ Ապագային համար ալ նախատեսուած նորութիւններ ունի՞ք։

Տարիներ շարունակ Թորթնթոյի բեմէն, ինչպէս նաեւ Քէմպրիճի եւ Մոնթրէալի բեմերէն, շատ յաջող ելոյթներով հանդէս եկած է «Գուսան» երգչախումբը։ «Անուրջներ»ու պարագային, շատ լաւ արձագանգ տուած համերգին մէկ մասը ընդգրկած էր երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի՝ հանդիսատեսին կողմէն շատ սիրուած երգերը։ Մանկապատանիներն ալ իրենց մասնակցութիւնը բերին այդ երեկոյին, իսկ ամենէն ուշագրաւը այն էր, որ մի քանի երգերու երգեցողութեան ընթացքին «Երեբունի» պարախումբը եւ «Արցախ» պարարուեստի ուսումնարանը թորոնթոհայութեան հրամցուցին հոգեհարազատ պահեր ու այդ նորութիւնը ողջունելի եղաւ հանդիսատեսին կողմէն։ Հին ու նոր երգերը եկան ամբողջացնելու հանդիսատեսին ջերմ ընդունելութիւնը ու ներկաները բերկրանքով հեռացան Համազգայինի սրահէն։ Ապագային շատ լաւ պատրաստուած մեծ ծրագիրով հանդէս պիտի գանք ու մեծ անակնակալ մըն ալ ունինք, որուն գաղտնիքը հիմա չեմ ուզեր բացայայտել։ Միայն ըսեմ, որ այս անգամ «Գուսան»ը քանի մը երգով մաս պիտի կազմէ մանկապատանեկան երգչախումբին։ Մնացածը անակնկալ թող մնայ։

«Արուեստագէտը իր կենդանութեան օրոք պէտք է մեծարուի» խօսքին կողմնակիցը ըլլալով՝ ի՞նչ զգացումներ ապրեցաք Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի հիմնադրման յիսնամեակին, երբ ձեր մասնակցութիւնը բերելէ ետք պարգեւատրուողներէն մէկը եղաք։

Խորին շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղին, որ իր յիսնամեակի առիթով, մշակոյթի ասպետներուն կողքին մեզ՝ զիս ու պարոն Վանիկը պարգեւատրեց առ ի գնահատանք հայ մշակոյթի ծիրէն ներս երկարամեայ  մեր գործօն մասնակցութեան համար։ Արուեստագէտ-մանկավարժի մը ամենամեծ երջանկութիւնը իր ղեկավարած խումբերուն յաջողութիւնը եւ անոնց յաջողութեան ընդմէջէն իր նուիրեալ աշխատանքին արդիւնքով գոհանալու բերկրանքն է, իսկ այսպիսի գնահատական պահեր կ’անմահացնեն հայ արուեստագէտին առաքելութիւնն ու գործը։

Համազգայինը այն կտուրն է, որուն ապահով սիւներուն յենուած երգած են «Գուսան»ն ու «Հայ Աստղեր»ը։ Համազգայինի մէջ ի՞նչ առաւելութիւն կայ, որ ձեզի առիթ կու տայ իրականացնելու այն բոլոր յաջողութիւնները, որոնք իրականացուցած էք։

Համազգայինի մէջ կայ այնպիսի միջավայր մը, ուր կրնաս ծառայել հայ արուեստին ու այդպիսով ծառայել քո ազգին։ Մենք կը ծանրանանք որակի վրայ եւ Համազգայինը մեզ զօրավիգ կը կանգնի մեր հայապահպան նպատակը իրագործելու մէջ։ Թորոնթոյի Համազգայինը մշակոյթի մեծ վերելք կ’ապրի, որովհետեւ արուեստի լաւ ծաղկունք մը կայ հոն, որ միշտ կանաչով պատուած է։ Ինչ մտայղացումներ որ ունեցած ենք, Համազգայինի յարկին տակ կրցած ենք զայն իրականացնել, այսինքն այդ դաշտը կայ, որուն վրայ կրնաս ցանել, որ աճի։ Շատ շնորհակալ ենք Համազգայինի տարած լայնածաւալ եւ հայ ազգի արուեստին եւ մշակոյթին վերելքը պահպանող անոր տարիներու անսակարկ գործունէութեան համար։

Դո՛ւք, որպէս հայ մասնագէտ-մանկավարժ, ի՞նչ խորհուրդ կու տաք օտարութեան մէջ հասակ առնող հայ նոր սերունդին, որպէսզի ան հայկական շունչով կերտէ իր ապագան։

Կրնամ ըսել, որ ես կենդանի օրինակ մըն եմ ու իմ քովս հայկական կենցաղը, դաստիարակութիւնը, մշակոյթը եւ բոլոր աւանդոյթները սկսած են մեր տան մէջ սերմանուած երաժշտական կարողութենէն։ Ես, ինքս հիմա կրնամ տեսնել, թէ ի՞նչ արժէքներ կրնան տալ երաժշտութիւնը, երգը, մշակոյթը, արուեստը, լեզուն, կրօնքը եւ աւանդութիւնը հայ սերունդին, այս բոլորը չենք կրնար իրարմէ անջատել։ Անոնք շաղախուած մէկ հիւսք են, անոնցմէ որ մէկը որ հանես, ամբողջովին կը թուլանայ այդ հիւսքը։ Քանի կը մեծնամ եւ կը մխրճուիմ իմ մասնագիտութեան մէջ, աւելի կը կապուիմ մեր հարուստ երգին ու մշակոյթին ընդհանրապէս։ Ամէն մի հայ իր ուսին վրայ ունի մի մեծ պարտականութիւն՝ դաստիարակել գալիք հայ սերունդը։ Մենք առանց պատրաստուած հայ սերունդի չենք կրնար գոյատեւել։ Ես այս պարտականութիւնը սիրով ստանձնած եմ եւ խորհուրդ կու տամ բոլոր հայերուն, որ անոնք ալ իրենց կարգին հայ սերունդներ պատրաստեն։

Հայակերտման ուղիին վրայի առաջին երաժշտութիւնն ու երգը մեր մայրերու երգած օրօրոցային երգերն են, որոնց քաղցրութիւնը կը պարուրէ մեր հոգին։ Մայրական օրօրօցայինէն ետք մանկական երգերու տաք շունչով մեծցող մանուկը հայութեան ճանապարհին վրայի ցատկռտող, հայաբոյր վարդեր քաղող ու սրտին մէջ պահող երիտասադը կը դառնայ, որ շուրթին հայկական երգը եւ սրտին մէջ ծաղկած հայրենասիրութիւնը շալկած, հաստատ քայլերով, կը բարձրանայ դէպի Արարատ տանող ճանապարհը։ Այսպիսի հայաշունչ ճանապարհէն անցնող խմբավար Հռիփսիմէ Թովմասեանը երէկ եւ այսօր Համազգայինի լայնատարած թեւերուն տակ հայկական դայլայլներ կը հնչեցնէ թորոնթոհայութեան կեանքին մէջ ու կը մնայ հայ երգը վառ պահող թորոնթոհայ սերունդներու աւանդապաշտ առաջնորդը։