Համազգայինի Տարեկան Արտասանական Մրցոյթը


Արտասանական մրցումին մասնակից պատանիները:

Թա­մար Տօ­նա­պե­տեան Գու­զո­ւեան


Մրցոյթ բա­ռը ինք­նին ո­րոշ մտա­հո­գու­թիւն կը յա­ռա­ջաց­նէ շա­տե­րու մօտ․ ա­ւելց­նենք վրան մրցոյ­թին բնոյ­թը՝ այս պա­րա­գա­յին բա­նաս­տեղ­ծու­թեան մը մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը, ան­գիր կամ գիր­քը գոց, բարձ­րա­խօ­սին ե­տեւ կանգ­նած, հան­րու­թեան առ­ջեւ․․․ կրնաք ըմբռ­նել թէ որ­քան կը բազ­մա­պատ­կո­ւի այդ զգա­ցու­մը, մա­նա­ւանդ երբ խնդրոյ ա­ռար­կան ա­շա­կերտ է, ընդ­հան­րա­պէս ան­փորձ։ Առ այդ, 5 Մա­յիս 2019-ին, Թո­րոն­թո­յի Հայ Կեդ­րո­նի սրա­հէն ներս մուտք գոր­ծող իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կերտ շնոր­հա­ւո­րե­լի է իր մաս­նակ­ցու­թեան հա­մար։

Աս­մուն­քը, մեր մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան մէջ իր իւ­րա­յա­տուկ տե­ղը գրա­ւած է հա­զա­րա­մեակ­նե­րու ըն­թաց­քին․ իր զար­գա­ցու­մը ըն­թա­ցած է թատ­րո­նի զար­գաց­ման զու­գա­հեռ, Տիգ­րա­նա­կեր­տի, Ար­տա­շա­տի թատ­րոն­նե­րէն մինչ 20-րդ ­դար։ Աս­մուն­քը իբ­րեւ ա­ռան­ձին ճիւղ սկսած է յա­ւե­լեալ զար­գա­նալ 20-րդ ­դա­րու սկիզ­բը, երբ բե­մա­կան խօսքն ու գե­ղա­րո­ւես­տա­կան ըն­թեր­ցա­նու­թիւ­նը հետզ­հե­տէ սկսած են մաս կազ­մել դա­սա­ւան­դո­ւող նիւ­թե­րուն։ Կան բազ­մա­թիւ տա­ղան­դա­ւոր աս­մուն­քող­ներ, սփիւռ­քի թէ հայ­րե­նի­քի տա­րած­քին․ սա­կայն, աս­մուն­քի վար­պետ­նե­րու թի­ւը քիչ է։ Հա­մազ­գա­յի­նի Գլա­ձոր մաս­նա­ճիւ­ղի Գրա­կան յանձ­նա­խում­բը տա­րի­նե­րու ա­ւան­դու­թիւն դար­ձու­ցած է ա­շա­կեր­տա­կան ար­տա­սա­նա­կան մրցոյ­թը, քա­ջա­լե­րե­լու հա­մար ա­նոնք ո­րոնք հա­կու­մը ու­նին աս­մուն­քի կամ շնորհ­քը ցու­ցա­բե­րած են այս կամ այն ա­ռի­թով, ա­ւե­լին՝ հա­ւա­տա­րիմ իր ա­ռա­քե­լու­թեան՝ Հա­մազ­գա­յի­նը ջանք չի խնա­յեր հայ լե­զուն ու հայ գրո­ղը ար­թուն պա­հե­լու հա­մար։

Այս տա­րեշր­ջա­նին, մրցոյ­թը կեդ­րո­նա­ցած էր 5-12-րդ ­դա­սա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րու վրայ, ո­րոնք բաժ­նո­ւած էին ե­րեք խում­բի՝ 5-6-րդ, 7-8-րդ­ եւ 9-12-րդ։ Գրա­կան յաձ­նա­խում­բը հա­մադ­րած էր խում­բե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րու ցան­կեր․ իւ­րա­քան­չիւր ա­շա­կեր­տի պար­տա­կա­նու­թիւնն էր ընտ­րել եւ ներ­կա­յաց­նել ի­րեն սահ­մա­նո­ւած ցան­կէն մէկ բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն։

Օ­րո­ւան հան­դի­սա­վա­րը՝ Ար­մի­նէ Թո­րի­կեան կը նշէ թէ ցան­կե­րուն մէջ ընդգր­կո­ւած բա­նաս­տեղծ­նե­րու յատ­կան­շա­կան ա­մեակ­ներն  են այս տա­րի Յով­հան­նէս Թու­մա­նեա­նի եւ Լե­ւոն Շան­թի 150-ա­մեա­կը, Սիլ­վա Կա­պու­տի­կեա­նի եւ Գէորգ Է­մի­նի 100-ա­մեա­կը, Պա­րոյր Սե­ւա­կի 95-ա­մեա­կը, Մու­շեղ Իշ­խա­նի եւ Հա­մօ Սա­հեա­նի 105-ա­մեա­կը, Սի­պի­լի մա­հո­ւան 85-ա­մեա­կը․․․։  Ան հե­տե­ւեալ ձե­ւով կը ներ­կա­յաց­նէ այս տա­րո­ւան դա­տա­կան կազ­մի ան­դամ­նե­րը՝  գրա­կան գոր­ծու­նէու­թիւն ծա­ւա­լող աս­մուն­քող­ներ Ռու­բէն Մնա­ցա­կա­նեան, Վա­րագ Պա­պեան եւ Թա­մար Տօ­նա­պե­տեան Գու­զո­ւեան։

Թի­ւով 35 մաս­նակ­ցող­նե­րը կու գա­յին Ս․ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ շա­բա­թօ­րեայ վար­ժա­րա­նէն եւ ՀՕ­Մի Ա­մէ­նօ­րեայ վար­ժա­րա­նէն։ Ա­ռա­ջին ներ­կա­յա­ցու­մէն իսկ ի յայտ ե­կաւ, թէ որ­քան լաւ պատ­րաս­տո­ւած էին  ա­շա­կերտ­նե­րը եւ հետզ­հե­տէ յստա­կա­ցաւ, թէ որ­քան դժո­ւար պի­տի ըլ­լար դա­տա­կան կազ­մին գոր­ծը։ Ո­ճե­րու այ­լա­զա­նու­թիւ­նը ալ ա­ւե­լի հե­տաքրք­րա­կան դար­ձու­ցած էր Մրցոյ­թը։ Կազ­մը կեդ­րո­նա­ցաւ հե­տե­ւեալ չորս հիմ­նա­կան կէ­տե­րուն վրայ՝ ա­ռո­գա­նու­թիւն, սա­հու­նու­թիւն, մեկ­նա­բա­նու­թիւն, ընդ­հա­նուր մա­տու­ցում։

Մինչ դա­տա­կան կազ­մը իր ո­րո­շու­մը կ­’առ­նէր, վաս­տա­կա­ւոր ու­սու­ցիչ եւ աս­մուն­քող Մու­շեղ Գա­րա­գա­շեան աս­մուն­քի մա­սին բա­ցատ­րու­թիւն­ներ տո­ւաւ ա­շա­կերտ­նե­րուն եւ աս­մունք­նե­րով ա­ռա­ւել հարս­տա­ցուց Մրցոյ­թը։

Հա­սաւ սպա­սո­ւած պա­հը․ հան­դի­սա­վա­րը մէկ առ մէկ բեմ հրա­ւի­րեց մրցա­նա­կի ար­ժա­նա­ցած ա­շա­կերտ­նե­րը։ Մրցոյ­թին ար­դիւն­քը հե­տե­ւեալն էր․ 5-6-րդ ­դա­սա­րան­նե­րէն Ա․ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան՝ Սյու­զի Գյու­նա­շեան եւ Գառ­նի Մար­գա­րեան, Բ․ մրցա­նա­կին՝ Է­լե­նա Ֆա­րա­ճեան, Գ․ մրցա­նա­կին՝ Լե­նա Մահ­տէ­սեան։ 7-8 դա­սա­րան­նե­րէն Ա․մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցաւ Սա­րին Գաբ­րիէ­լեան, Բ․ մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան Ի­զա­պէլ Ա­կոբ եւ Շայ­լա Կի­րա­կո­սեան, Գ․ մրցա­նա­կին՝ Լի­լիթ Նա­ճա­րեան եւ Լի­զա Յո­վա­կի­մեան, 9-12 դա­սա­րան­նե­րէն Ա․մրցա­նա­կին ար­ժա­նա­ցան Լո­ռի Պէր­պէ­րեան եւ Ա­րիս Չուլ­ճեան, Բ․ մրցա­նա­կին՝ Գէորգ Տա­նա­յեան եւ Սա­ռա Պայ­րագ­տա­րեան իսկ Գ․ մրցա­նա­կին՝ Ժու­լիա­նա Տո­նո­յեան եւ Է­լի­զա­պէթ Գան­տա­հա­րեան։ Մրցոյ­թի ա­ւար­տին բո­լոր ա­շա­կերտ­նե­րը գիր­քե­րով պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցան․ գիր­քե­րը հայ­թայ­թո­ւած էին Հա­մազ­գա­յի­նի Գրա­տա­րած-Գրա­դա­րա­նի յանձ­նա­խում­բին կող­մէ։ Գիր­քե­րու կող­քին, մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը ստա­ցան եր­կու­քա­կան տոմս՝ Հա­մազ­գա­յի­նի յա­ռա­ջի­կայ ձեռ­նարկ­նե­րէն երգ­չա­խում­բի կամ պա­րա­խում­բի ե­լոյթ­նե­րուն։

Բուռն ծա­փա­հա­րու­թիւն բո­լո­րին: Շնոր­հա­ւո­րե­լի են ծնողք եւ ու­սու­ցիչ, ո­րոնց քա­ջա­լե­րանքն ու հե­տե­ւո­ղա­կան աշ­խա­տան­քը իր փայ­լուն ար­դիւն­քը տո­ւաւ Մրցոյ­թի ըն­թաց­քին: Բա­նաս­տեղ­ծու­թեան միտք բա­նին ըմբռ­նե­լը, եւ բա­նաս­տեղ­ծին ո­գին, կտո­րին առ­թած զգա­ցու­մը կա­րե­նալ հան­դի­սա­տե­սին փո­խան­ցե­լը փոր­ձա­ռու­թիւն եւ յա­տուկ շնորհք կը պա­հան­ջէ:  Հա­մո­զո­ւած ենք, որ Թո­րոն­թոն ու­նի խմբակ մը շնոր­հա­լի աս­մուն­քող­նե­րու, ո­րոնց ան­պայ­ման պէտք է հե­տե­ւիլ, զա­նոնք յա­ւե­լեալ թրծել: Ա­նո՛նք են, որ պի­տի ծաղ­կեց­նեն մեր բե­մե­րը յա­ռա­ջի­կա­յին։