Համազգայինի «Փեթակ» Ծրագիրը Արուեստի Միջոցով Հայ Մանուկներու Հայերէնախօսութիւնը Պիտի Զարգացնէ


Համազգայինը, արեւմտահայերէնի իմացութիւնը զարգացնելու նպատակով “Փեթակ” անունով հայկական ծրագիր մը մշակած է 10_14 տարեկան հայ փոքրիկներու համար։

2-11 Օգոստոս, 2020-ին, Ֆիլատելֆիա քաղաքէն 40 վայրկեան հեռաւորութեան վրայ գտնուող St. Mary of Providence Centre-ի մէջ տեղի ունենալիք «Փեթակ» ծրագիրին շնորհիւ (երգ, պար, թատրոն եւ երաժշտութիւն)  արտադասարանային զբաղմունքներու միջոցաւ հայերէնախօսութիւն պիտի սորվին մասնակից փոքրիկներն ու պատանիները։

10 օրեր շարունակ մասնակիցները ժամանցի եւ ստեղծագործելու մթնոլորտին մէջ պիտի կարենան ձեռք ձգել նոր բարեկամութիւններ եւ արուեստի միջոցով սորվիլ հայերէնախօսութիւնը։

30 մասնակիցի համար նախատեսուած ծրագիրին մասնակցիլ ցանկացողները կրնան արձանագրուիլ մինչեւ Մարտ 31-ը։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել «Փեթակ» կայք կամ նամակով կապուիլ petag@hamazkayin.org հասցէին։