Համազգայինի 14-րդ “ՆՈՒՌ Ֆիլմի Փառատօն”ը Սկիզբ Առաւ


 Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան


Չորեքշաբթի՝ Նոյեմբեր 13-ի երեկոյեան ժամը 7-ին, Թորոնթոյի Grand Gerrard Theatre սրահին մէջ, բացումը կատարուեցաւ Համազգայինի 14-րդ հայկական «ՆՈՒՌ Ֆիլմի Փառատօն»ին (POM Film Festival)։ Փառատօնի կազմակերպիչներուն եւ ներկայ բազմութեան խանդավառութիւնը ի յայտ կու գար հանդիսատեսին ծափողջիւններուն ընդմէջէն։ Օրուան յայտագիրը բաժնուած էր երկու հիմնական մասերու։ Առաջին բաժինով ցուցադրուեցան Տարիա Շումաքովայի ազդեցիկ “Coming Home” (89 վայրկեան) ֆիլմը եւ Միքայէլ Ալոյեանի “Noise”, Կարինէ Թորոսեանի “An Inventory Of Some Strictly Invisible Things”, Ռաֆֆի Կրիսի “Rideshare” եւ Շանթ Համասեանի ” Proper British Sex” Կարճամեթրաժ ֆիլմերը։

Երկրորդ բաժինին մէջ տեղ գտան Աննա Մելիքեանի “About Love” ֆիլմն ու էմիլի Մկրտչեանի “Transmission” կարճամեթրաժ ֆիլմը։ Նեկաներէն` “Rideshare” ֆիլմով մասնակից Ռաֆֆի Կրիս, իր առաջին աշխատանքին բերած գոհունակութեամբ կը խոստանար յառաջիկայ տարիներուն նոր ֆիլմերով հարստացնել հայ ֆիլմաշխարհը։

Համազգայինի` “ՆՈՒՌ Ֆիլմի Փառատօն” ի կազմակերպիչներէն Սարիկ Պապեանի հետ մեր ունեցած զրոյցի ընթացքին ան նշեց, որ այս տարի Համազգայինի 50-ամեակի առիթով յիսուն ֆիլմի ցուցադրութիւնը պիտի իրականացուի Նոյեմբեր 13-17-ի ընթացքին, երբ տարբեր վայրերու մէջ ցուցադրուելիք կարեւոր եւ իւրայատուկ ֆիլմերու բեմադրիչներէն, դերասաններէն եւ ֆիլմի աշխարհի նշանաւոր դէմքերէն շատեր ներկայ պիտի գտնուին ֆիլմերու ցուցադրութեան ընթացքին։ Փառատօնի Կալան տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ օր, Համազգայինի թատերասրահէն ներս, իսկ Կիրակի օր մրցանակաբաշխութեամբ իր աւարտին պիտի հասնի Համազգայինի 14-րդ ՆՈՒՌ Ֆիլմի Փառատօնը։

Հակառակ դուրսի ձիւնին ու ցուրտին, Փառատօնի ջերմութիւնը, հայկական թեմայով ցուցադրուելիք բազմազան ֆիլմերու հաճոյքը եւ համն ու հոտը բաժնեկցելու համար մեր սիրելի Թորոնթոհայ հանդիսատեսին հաճելի դիտումներ մաղթելով կը հրաւիրենք սոյն փառատօնին։