Համահայկական Խաղերու Բացումը Տեղի Պիտի Ունենայ Ստեփանակերտի Մէջ


“Արցախփրես”,- Օգոստոս 5-էն 17 Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տեղի պիտի ունենան 7րդ ամառնային Համահայկական խաղերը:

Այս տարի պիտի նշուի խաղերուն 20ամեակը: Բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը եւ մրցումներուն առաջին 3 օրերը տեղի պիտի ունենան Ստեփանակերտի մէջ, իսկ մրցումներուն յաջորդ օրերը` Օգոստոս 9-էն 17` Երեւանի մէջ: Համահայկական ամառնային 7-րդ խաղերու բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 6ին Ստեփանակերտի Ստեփան Շահումեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին մէջ, իսկ փակումը` Օգոստոս 17ին, Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ:

Համահայկական խաղերու համաշխարհային կոմիտէի նախագահ Իշխան Զաքարեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Արցախ կը գտնուի տեղւոյն վրայ ճշդելու կազմակերպական հարցերը: Զաքարեանի խօսքով` ամառնային խաղերը պիտի իրականացուին բարձ մակարդակով, իսկ խաղերու բացումը Արցախի մէջ իրականացնելու առաջարկը կոմիտէն ընդունած է միաձայն:

«Արցախի մէջ տեղի ունենալը ունի այն նշանակութիւնը, որ համահայկական խաղերուն նշանաբանը` «Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք» եռամիասնութեամբ, մարզական խաղերու միջոցով միասնականութեամբ, համերաշխութեամբ սիրոյ գաղափարներու տարածումն է, թեւածումը ամբողջ համայն հայութեան մէջ», ըսած է Կոմիտէին նախագահը։

Համահայկական ամառնային խաղերուն պիտի մասնակցին սփիւռքի աւելի քան 35 քաղաքներու ներկայացուցիչներ: 17 մարզաձեւերէն 12ի մրցումները կը նախատեսուի կազմակերպել Արցախի մէջ: Մինչ այդ պիտի կահաւորուին դահլիճներն ու մարզադաշտերը:

Համահայկական 7րդ ամառնային խաղերու կազմակերպիչները Ստեփանակերտի մէջ հանդիպած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի հետ: Առաջին աշխատանքային խորհրդակցութեան մասնակցած են ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչներն ու շահագրգիռ մարմիններու պատասխանատուները: