Համաշխարհային Շտապ Օժանդակութեան Զօրաշարժ ՀՕՄի Կողմէ


Համաշխարհային ներկայ ճգնաժամը, ստեղծուած “Քորոնա”ժահրին հետեւանքով, հսկայական անդրադարձ ունի տեղական թէ՝ համահայկական բոլո՛ր գաղութներէն ներս։ Հայ Օգնութեան Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւնը իր բոլոր անդամներէն կը պահանջէ մնալ զգօն եւ ապահով։ Ընկերային հեռաւորութիւնը եւ խճողուած վայրերէ խուսափիլը հիմնական են յաղթահարելու այս համաճարակը։

Վարչութիւնս համակ վստահութիւն ունի ՀՕՄի Միաւորներուն եւ անդամներուն վրայ, որոնք կը շարունակեն թիկունք կանգնիլ մեր հայրենակիցներուն, նա մանաւանդ մեր համայնքներէն ներս գտնուող աւագ անդամներուն եւ կարիքաւորներուն, որոնք յաւելեալ խնամքի կը կարօտին։ Հաւաքական ուժերով եւ միասնական աշխատանքով է, որ պիտի կարենանք շրջանցել այս հանգրուանը եւ հզօր պահել մեր գաղութները։

ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը անմիջապէս անդրադարձաւ համաշխարհային այս տագնապին եւ իր նախնական աջակցութիւնը բերաւ Հայաստանի եւ Արցախի զոյգ հանրապետութիւններուն։ Chevy Chase Վիրաբուժական Կեդրոնին, Անի եւ Նարօտ յիշատակի հիմնադրամին եւ Հայաստան Համահայկական հիմնադրամին հետ գործակցաբար, մէկ թօն բժշկական իրեր ուղարկուեցան Հայաստան եւ Արցախ։ Ներկայիս յաւելեալ աշխատանք կը տարուի շտապ օգնութեան երկրորդ բաժինը ապահովելու։ Արցախի մեր հայրենակիցներուն աջակցելու համար, համահայկական օժանդակութեան կարիքը ունինք։ Նուիրատուութեանց համար այցելել՝ http://www.ars1910.org/give ։

Առաւելաբար, Հայաստանի ՀՕՄը $1,000ԱՄՆ փոխանցած է Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան Նախարարութեան, ինչպէս նաեւ $5,000ԱՄՆ՝ Երեւանի Վերականգնողական Հեռացի թիւ 1 Հիւանդանոցի Կեդրոնի Երեխաներու բաժանմունքի։ ՀՕՄի զանազան շրջաններ եւ մասնաճիւղեր միացած են քոյր կազմակերպութիւններուն, եկեղեցիներուն, եւ Կառավարական կառոյցներու՝ օգնելու համար մեր համայնքներէն ներս գտնուող վտանգուած եւ անապահով խաւին։

ՀՕՄը հիմնեց Համաշխարհային Տագնապի Շտապ Օգնութեան ֆոնտը, որուն միջոցաւ կարելի պիտի ըլլայ նիւթական թէ՛ բժշկական սարքերու նուիրատուութիւններ ստանալ, մեր գաղութներուն օժանդակելու նպատակով․ ինչպէս նաեւ ներկայ նեղ օրերուն նեցուկ կանգնիլ կարիքաւորներուն, անոնց տրամադրելով ապրուստի նուազագոյն պէտքերը։

Եթէ կը փափաքիք եւ կարողութիւնը ունիք օժանդակելու, կը խնդրենք կապ հաստատէք ձեր շրջանի ՀՕՄի վարչութեան հետ։ Յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է այցելել ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան կայքէջը (http://www.ars1910.org/), ընկերային ցանցերը եւ հետեւիլ տեղական թերթերուն։

Մեր հայրենակիցներուն ապահովութիւնը նկատի առնելով, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը որոշում առաւ յետաձգել ՀՕՄի 110-ամեակին նուիրուած ձեռնարկները, որոնք տեղի պիտի ունենային Օգոստոս 30-էն Սեպտեմբեր 10, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Յետաձգուած է նաեւ ՀՕՄի 7-րդ Նաւապտոյտը, որը պիտի իրագործուէր Նոյեմբեր 2020-ին։ Բոլոր ձեռնարկներուն նոր ժամանակացոյցը կը յստականայ երբ ժահրի տարածման վտանգը վերջնականապէս դադրի։

Փաստօրէն, Հայ Օգնութեան Միութիւնը, մէկ դարէ աւելի պատմութիւն կերտած է։ Շնորհիւ մեր անդամներուն նուիրումին եւ վճռականութեան, ինչպէս նաեւ մեր համակիրներու նեցուկին, կարողացած ենք եւ կը շարունակենք բարձրորակ ծառայութիւն տրամադրել մեր աշխարհասփիւռ գաղութներուն, կարճ ժամանակամիջոցի մէջ։ Ձեր շարունակական քաջալերանքը կ՛ապահովէ մեր կարողութիւնը պահելու համար հայ գաղութները եւ ձեռք երկարելու՝ հոն ուր կարիքը կայ։ Շնորհակալութիւն բոլորիդ։

Համաշխարհային Շտապ Օգնութեան ֆոնտին նուիրատուութիւններու համար կրնաք հետեւիլ http://www.ars1910.org/give հասցէին կամ ձեր նուիրատուութիւնները ղրկել ՀՕՄի Կեդրոնական գրասենեակ՝ Armenian Relief Society, Inc. 80 Bigelow Ave., Suite 300, Watertown, MA 02472.

“Քորոնա” ժահրին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել՝ World Health Organization (WHO): www.who.int Armenia: www.NCDC.am United States -Centers for Disease Control and Prevention (CDC): www.cdc.gov John Hopkins Coronavirus Resource Centerhttps://coronavirus.jhu.edu/