ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄական 11-րդ Մարզախաղերը՝ Յուլիս 20-30-ին, Հայաստանի Մէջ


ՀՄԸՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Քորոնա» համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ուշացումով Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը այս տարի տեղի պիռի ունենան Յուլիս 20-էն 30, Հայաստանի մէջ:

«Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ․ այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3×3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ` ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին:

Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցնող ձմրան կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄական առցանց մարզախաղերուն: Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերը` պաշտօնական մրցումներուն կողքին:

Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակիցներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս` առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակիցներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու նպատակը, 11-րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի` արդար խաղի կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր:

Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանին ծանօթացման յատուկ յայտագիրներ: Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակիցներուն անունով երեխաներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ: Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակիցները առիթ ունենան առնչուելու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ:

Իբրեւ նորութիւն պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը` մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն: «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018-էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանին մէջ: «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 երեխաներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի զանազան շրջաններէ եւ սփիւռքէն: Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ եւ մարզական սարքեր:

Համա-ՀՄԸՄական 11-րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 Յուլիս 2022-ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով: Յաջորդ օր մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք կ’առնեն մրցումները, որոնք կ’երկարին ինը օրերու վրայ: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ մարզիկի օրը»` Յուլիս 22-ին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը` Յուլիս 29-ին:

Յուլիս 30-ին կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէս:

Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄի աշխարհասփիւռ շրջաններէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ` Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ:

Համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն: Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտէ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄը եւ ապրիլ ՀՄԸՄով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեան սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ»: