Համա-Հ․Մ․Ը․Մ․ական Մարզական Մեծագոյն Համախմբումը Այս Ամառ Հայաստանի Մէջ


Յուլիս 22-29ին, Հայաստան հանդիպման վայրը պիտի ըլլայ Հ․Մ․Ը․Մական մեծ ընտանիքի մարզական «կամաւոր բանակ»ի աշխարհասփիւռ ներկայացուցիչներուն։ Միութեան 17 շրջաններէն շուրջ 1000 մարզիկներ առիթը պիտի ունենան 8 օրեր միասնաբար ըլլալու, 9 մարզախաղերու ախոյեանական բաժակներուն համար մրցելու, իրենց հայրենիքը ճանչնալու եւ հայկականութեամբ լեցուելու։

Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 10րդ մարզախաղերու յայտագիրին վրայ են 9 մարզաձեւեր.- ֆութպոլ (տղաք կրտսեր, երէց)՝ 14 խումբ, պասքեթպոլ (տղաք ու աղջիկներ կրտսեր եւ երէց)՝ 35 խումբ, վոլիպոլ (աղջիկներ)՝ 6 խումբ, թենիս (տղաք ու աղջիկներ), աթլեթիզմ (տղաք ու աղջիկներ), փինկ-փոնկ (տղաք ու աղջիկներ), լող (տղաք ու աղջիկներ), ճատրակ (տղաք ու աղջիկներ)։ 10րդ մարզախաղերու նորութիւնն է սրահային ֆութպոլը՝ ֆութսալը (տղաք եւ աղջիկներ)՝ 10 խումբ։

Մարզախաղերու կողքին, նախատեսուած են մարզիկներու համար հանրային ծառայութեան օր մը (20 Յուլիսին), Մեծ Եղեռնի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր այցելութիւն, պաշտօնական մամլոյ ասուլիս (Յուլիս 21ին), դաստիարակչական-զեկուցական հանդիպում մը (Յուլիս 22ին) եւ ազատ օր մը (Յուլիս 26ին)։

Տէր եւ տիկ. եղբ. Սարգիս եւ Ալիս Տէր Պետրոսեաններու Sarkis Der Bedrossian նախագահութեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ իրականացուող 10րդ մարզախաղերուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն միութեան 17 շրջաններէ պատուիրակութիւններ եւ Թեհրանի ՀՄԱԿը ներկայացնող մարզական խումբեր։ Մարզախաղերու մասնակից շրջաններն են.- Հայաստան, Մոսկուա, Արեւմտեան Մ. Նահանգներ, Արեւելեան Մ. Նահանգներ, Հարաւային Ամերիկա, Գանատա, Աւստրալիա, Պուլկարիա, Լոնտոն, Փարիզ, Մարսէյլ, Վալանս, Երուսաղէմ, Կիպրոս, Գահիրէ, Քուէյթ, Լիբանան եւ Սուրիա։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակին նուիրուած այս մարզախաղերուն պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի Յուլիս 22ին, թէեւ խաղերը ընթացք պիտի առնեն երկու օր առաջ՝ Յուլիս 20ին եւ պիտի երկարին 10 օրուան վրայ։ Բացի աթլեթիզմի մրցումներէն, որոնք պիտի կատարուին Արտաշատի մէջ, մնացեալ բոլոր խաղերը տեղի պիտի ունենան Երեւանի դաշտերուն եւ մարզական համալիրներուն մէջ։ Խաղերու աւարտին, փակման հանդիսութիւնը եւ մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 29ին։ Հանդիսութեան պիտի յաջորդէ յաղթանակի ճաշկերոյթ-պարահանդէսը։

Ինչպէս նախորդ մարզախաղերուն, այս անգամ եւս, ախոյեանական 16 բաժակները կը կրեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադիրներու, վաստակաշատ անդամներու եւ Արցախեան նահատակներու անուններ։ Նկատի առնուած անուններն են.- Շաւարշ Քրիսեան, Գրիգոր Յակոբեան, Յովհաննէս Հինդլեան, Վահան Չերազ, Բիւզանդ Թորիկեան, Միհրան Շիմշիրեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Տիգրան Ոսկունի, Յովհաննէս Պայթարեան, Արմէն Տէյիրմէնճեան, Նշան Թիւսիւզեան, Սիամանթօ Կարապետեան, Դանիէլ Դանիէլեան, Վահրամ Դանիէլեան, Վարդան Բախշեան, Վիգէն Զաքարեան։