Համշէնցիները Կը Պայքարին Մայրենի Լեզուն Պահպանելու Համար


“Թերթ”․- Թուրքիոյ համշէնցիները կ՛աջակցին երկրին մէջ ապրող բոլոր փոքրամասնութիւններուն` մայրենի լեզուով կրթութիւն ստանալու պահանջին եւ ատիկա կը շեշտեն որպէս իրենց օրինական ու հիմնարար իրաւունք,  ըսած է համշէնցի հայերու HADİG միութեան անդամ, համշէնահայ գործիչ Էլիֆ Ալթունքայան:

Ալթունքայայի փոխանցմամբ` համշէնցիները երկար դարեր եղած են բաւական փակ համայնք, իրենց ապրուստը վաստակած են բարձր լեռներու մէջ` անասնապահութեամբ, որու շնորհիւ աւելի ուշ բախած են քաղաքայնացման յարուցած շարք մը խնդիրներու, որոնց մէջ նաեւ լեզուի կորուստին:

Թէեւ լեռներէն իջնելէ ետք համշէնցիները ստիպուած եղան սորվիլ երկրի պետական լեզուն` թրքերէնը, մինչեւ վերջերս ալ համշէնցի շատ մը երեխաներ թրքերէնին կը ծանօթանային միայն դպրոց յաճախելէ ետք:

Ինչպէս կը պատմէ համշէնահայ գործիչը, այժմ ընկերային բազմաթիւ խնդիրներէ մեկնած` գիւղերէն դուրս եկած ու մեծ քաղաքներ գացած համշէնցիներուն մէջ մայրենին էական նահանջ ապրած է, ինչ որ մտահոգիչ է:

Բազմաէթնիկ եւ բազմակրօն երկիր հանդիսացող Թուրքիոյ մէջ կը խօսուի 36 լեզու, օրինակ `մօտ 11 միլիոն մարդ կը խօսի քրտերէն, 30 000-ը` լազերէն:

UNESCOի կողմէ` վերացման վտանգի տակ գտնուող լեզուներու շարքին դասուած Համշէնի հայկական բարբառը նոր սերունդին փոխանցելու համար աշխատանքներ ծաւալող HADİG միութեան անդամ Ալթունքայան ուշադրութիւն կը հրաւիրէ նաեւ այն փաստի վրայ, որ համշէնցիներու մէջ մայրենին աւելի շատ կ՛օգտագործեն կանայք, մինչդեռ տղամարդիկ աւելի կրաւորական են եւ յաճախ կը նախընտրեն իրարու հետ թրքերէն խօսիլ:

Պատմական Համշէնը կը գտնուի այժմեան Թուրքիոյ հիւսիս-արեւելքը: Համամ Ամատունի իշխանի հիմնած Համամաշէն քաղաքը քարտէզի վրայ կարելի է գտնել Հեմշին թրքերէն անուամբ, անկէ քիչ մը արեւելք կը գտնուի թրքախօս համշէնցիներու եւս մէկ բնակավայր` Չամլըհեմշինը (կը թարգմանուի որպէս եղեւնոտ Համշէն): Իսկ կրօնական եւ ազգային հալածանքներու հետեւանքով բուն Համշէնէն դէպի Խոփա, Օրտու, Կիրեսուն եւ Սամսուն արտագաղթած համշէնցիներու բազմաթիւ գերդաստաններ հայերէնը պահպանեցին մինչեւ 20-րդ դարու 80-ականներու վերջ: Խոփայի շարք մը գիւղերու մէջ համշէնցիները սահուն հայերէն կը խօսին մինչեւ այսօր: