«Հայաթափուած Շուշին Արցախը էթնիկ զտման ենթարկելու քաղաքականութեան իրական օրինակ է»․ ՄԻՊ Գեղամ Ստեփանեան


— 4 Նոյեմբերին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան պետական նախարար նշանակեց յայտնի ռուսահայ գործարար Ռուբէն Վարդանեանը։

 Նախագահի հրամանագիրներով պետական նախարարի գործառոյթը ընդլայնուած է։ Ան պիտի համակարգէ՝ առողջապահութեան, արդարադատութեան, արտաքին գործոց, գիւղատնտեսութեան, կրթութեան եւ գիտութեան, տարածքային կառավարման եւ այլ նախարարներու, ինչպէս նաեւ կարգ մը պետական մարմիններու գործունէութիւնը։

«Այդ որոշումը կայացուցած եմ` գիտակցելով ստեղծուած իրավիճակի ողջ լրջութիւնը: Մենք պիտի հասկնանք, որ հիմա  մեզի համար հայրենական պատերազմ է, ճգնաժամային իրավիճակ, որ բոլորէս պիտի պահանջէ ուժերու, ջանքերու ներդրում, որպէսզի Արցախը ունենայ իր անվտանգութիւն ու զարգացումը», ըսած է Վարդանեան։

— Այսօրուան գրաւուած եւ հայաթափուած Շուշին Արցախը էթնիկ զտման ենթարկելու թուրք-ազրպէյճանական դարաւոր եւ անփոփոխ քաղաքականութեան իրական օրինակ է, ըսած է Արցախի Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան` անդրադառնալով Ազրպէյճանի կողմէ Շուշի քաղաքի բռնազաւթման երկրորդ տարելիցին:  «2020 թուականի աշնան Արցախի ժողովուրդի դէմ սանձազերծուած պատերազմի հետեւանքով Ազրպէյճանի կողմէ բռնազաւթուած են Արցախի Հանրապետութեան շուրջ 200 բնակավայրեր, որոնց շարքին հայկական մշակոյթի կեդրոն Շուշին:

Շուշիի մշակութային ժառանգութիւնը քաղաքի հայկական պատկանելութեան ինքնատիպ վկայութիւն է: Այդ է պատճառը, որ դեռ պատերազմի օրերուն երկու անգամ դիտաւորեալ թիրախի տակ առնուեցաւ Ղազանչեցոց Ս․ Ամենափրկիչ եկեղեցին, հրադադարէն ետք շարունակաբար պղծուեցան Ս․ Յովհաննէս Մկրտիչ (Կանաչ ժամ) եկեղեցին եւ Շուշիի մէջ գտնուող բազմաթիւ հայկական մշակութային արժէքներ: Ազրպէյճանը շարունակաբար կ’աւերէ քաղաքի քաղաքացիական ենթակառուցուածքները, տուները, բազմաբնակարան շէնքերը: Այսօրուան բռնազաւթումը չի փոխեր Շուշիի կարգավիճակը, ան եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ Արցախի Հանրապետութեան անբաժանելի մասը», նշած է ան:

— Գրաւուած Շուշիի մէջ Ալիեւի յայտարարութիւնը հերթական անգամ լեցուած էր Հայաստանի եւ Արցախի դէմ ուժի կիրառման խոստովանութիւններով եւ սպառնալիքներով, ըսած է Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան` անդրադառնալով 8 Նոյեմբերին Շուշիէն Ալիեւի հնչեցուցած սպառնալիքներուն:

«Ալիեւեան վարչակարգը կը շարունակէ ցեղասպանութեան եւ ատելութեան քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդի եւ հայոց պետականութեան նկատմամբ: Պէտք է դադրեցնել այս քաղաքականութիւնը եւ կանխել նոր յանցագործութիւնները միջազգային իրաւունքի եւ պարտաւորութիւններու ծիրէն ներս», նշած է ան:

— Ասկերանի շրջանի Աստղածէն համայնքը թօթափելով պատերազմին հետեւանքները կը զարգանայ։ Կուպրապատուած եւ նորոգուած է մայրուղիէն դէպի Աստղաշէն եւ Պատարայ տանող 8 քմ․ ճանապարհը։

Աստղաշէնի համայնքապետ Արթուր Գրիգորեան նշած է, որ ճանապարհը նորոգուած է Հայաստան համակայկական հիմնադրանին եւ պետական ամավարկի միջոցներով: Խճապատուած են նաեւ գրեթէ բոլոր ներհամայնքային ճանապարհները: Գիւղի մէջ կանոնաւոր կը գործեն ենթակառուցուածքները` ելեկտրակամատակարարումը, կազը, բջիջային կապը եւ համացանցը։

Ըստ անոր՝ բնակիչներուն մեծ մասը պատերազմէն ետք կը զբաղի հողագործութեամբ, այգեգործութեամբ, բանջարեղէններու մշակութեամբ ու ջերմոցային տնտեսութեամբ: «Արդէն 21 հեկտար արքայանարինջի այգի հիմնուած է, որուն շնորհւ նոր աշխատատեղեր ստեղծուած են: Նախորդ տարուան համեմատ` այս տարի դպրոցի աշակերտներուն թիւը աճած է: Պատերազմէն ետք գիւղ հաստատուած է  տեղահանուած 25 ընտանիք։ Գիւղի հիմնական խնդիրներն են մշակոյթի տան եւ բուժկէտի վերանորոգման անհրաժեշտութիւնը», տեղեկացուցած է ան։

— Արցախի կառավարութեան ֆինանսաւորմամբ Ասկերանի Կարմիր գիւղին մէջ տեղահանուած ընտանիքներու համար 64 առանձնատուներէ բաղկացած նոր թաղամաս կը կառուցուի:

Արցախի քաղաքաշինութեան նախարարութեան մամուլի խօսնակ Մարթա Դանիէլեան նշած է, որ թաղամասը պիտի ունենայ 2-էն մինչեւ 4 սենեականոց առանձնատուներ: Կարգ մը առանձնատուներ պիտի ունենան նաեւ կիսանկուղային յարկեր։ Աշխատանքները սկսած են 2022 թուականի Յունուարին, իսկ շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2023 թուականին:

— 9 Նոյեմբերին Ստեփանակերտի մէջ ուսանողներու եւ աշակերտներու մասնակցութեամբ իմացական խաղ-մրցոյթ կազմակերպուած է։  Մրցոյթ-խաղին մասնակցած են Արցախի բոլոր համալսարաններէն եւ քոլեճներէն ուսանողներ եւ աւագ դպրոցներու աշակերտներ:

Ստեփանակերտի քաղաքապետարանի աշխատակից Տաթեւիկ Բալայեան նշած է, որ մրցոյթին նպատակն է ուսանողներու եւ աշակերտներու գիտելիքներու ձեռքբերուման նպաստելը: Նման միջոցառումները նաեւ իւրօրինակ ուղերձ են, որ Արցախը կայ եւ պիտի ապրի մեր փայլուն երիտասարդներուն շնորիւ։  

Իմացական մրցոյթին մասնակցող 12 խումբերէն առաջին հանդիսացած է Արցախի «Անանիա Շիրակացի» ճեմարանի խումբը, 2-րդ եւ 3-րդ տեղերը գրաւած են՝ Արցախի պետական համալսարանը եւ եւ Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոց համալսարանը։ Բոլոր մասնակից խումբերը ստացած են արժէքաւոր գիրքեր։

— 4 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնը առաջին անգամ խաղաց «Անմահների դիրքը» ներկայացումը։  Բեմադրիչ Վահան Խաչատրեանի ներկայացումը առնուած է Էդուարդ Զօրիկեանի «Անմահների երկիրը» թատերգութենէն:

«Ներկայացումը մեր խղճի պատմութիւնն է, մեր հոգիի պատմութիւնը: Փորձերու ժամանակ «լռութեան րոպեներ» շատ եղած են։ Յաճախ մենք մեզի կը հարցնէինք` արդեօք մենք արժանի՞ ենք անոնց մասին խօսելու։ «Անմահների դիրքը» ներկայացումը հայրենիքի ամէն մի թիզ հողի համար կռիւ տուած տղաներու մասին է: Անոնք հայրենիքն ու հայ ժողովուրդի լինելիութիւնը պահել-պաշտպանելը բարձր դասեցին իրենց կեանքէն», ըսած է բեմադրիչը:

— 9 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնին մէջ տեղի ունեցած է լուսանկարիչ Սեւակ Ասրեանի «Յիշողութեան ուժը» խորագիրով լուսանկարներու անհատական ցուցահանդէսը:

Ցուցադրուած  44 լուսանկարը կը ներկայացնեն  44-օրեայ պատերազմի ընթացքին թշնամիին կողմէ բռնագրաւուած արցախեան բնակավայրերը, բնութեան պատկերներ եւ եկեղեցիներ:

 «Զանոնք լուսանկարած եմ 2016-2020- թուականներուն: Ամէն մէկ նկար ինծի համար մեծ ցաւ է, յիշողութիւն, որուն նայելով կը հասկնամ, թէ կորսնցուցած ենք ինչեր, որոնք ժամանակին չենք գնահատած», ըսած է լուսանկարիչը, աւելցնելով որ այս լուսանկարներով պիտի կազմուի ալպում, որուն վաճառքի ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի Մարտունիի Հաղորտի գիւղի ջրամատակարարման ծրագիրին։

— 10 Նոյեմբերին, Ստեփանակերտի մէջ աղուհացով դիմաւորած են Լիզպոնի մէջ Եւրոպայի ախոյեանութեան մասնակցած եւ մրցանակներով վերադարձած արցախցի մարզիկները։

«Արցախպրես»-ին հաղորդմամբ՝  Արցախի կիոկուշին քարաթէի ֆետերասիոնի հիմնադիր, մարզիչ Արմէն Պետրոսեան նշած է, որ Նոյեմբեր 4-5-ը տեղի ունեցած մրցումներուն ՀՀ հաւաքականի կազմի 19 մարզիկէն 13-ն Արցախէն էին։

«Մեր` 13 մարզիկէն 12-ը հայրենիք վերադարձան մրցանակային տարբեր տեղեր զբաղեցնելով: Անոնցմէ հինգը 1-ին, հինգը` 2-րդ, իսկ երկուքը` 3-րդ մրցանակային տեղը գրաւած են: Հայաստանի հաւաքականը խմբային հաշուարկով գրաւած է 3-րդ տեղը,որ աննախադէպ է», ըսած է ան: