Հայաստանէն Արտագաղթը Վերջին Երեք Ամիսներուն Ոչ Միայն Դադրած Է, Այլ Նաեւ՝ Ժամանողներու Թիւը Աւելցած․ Փաշինեան


«Արմէնփրէս».- Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, որ ժողովուրդին կամք պարտադրողներու ժամանակները անցած են, այսուհետեւ քաղաքացիներու կամքն է, որ պիտի պարտադրուի եւ, իբրեւ վարչապետ, ինք ատոր երաշխաւորն է:

Նոյեմբերեանի համայնքապետարանին յարող տարածքին վրայ քաղաքի եւ մօտակայ համայնքներու բնակիչներու հետ հանդիպման ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան նաեւ յայտարարեց. «Մենք իրարու հետ, մեր ընելիքը գիտակցելով, մեր բաժին պատասխանատուութիւնը ստանձնելով, մեր երկրի խնդիրները պիտի լուծենք: Ես մարզ այցելած եմ մէկ բանի համար՝ ձեզի հաւաստիացնելու, որ ՀՀ կառավարութիւնը վստահ է, որ ի վիճակի պիտի ըլլայ Հայաստանը դարձնելու ազատ, հզօր ու երջանիկ երկիր»:

Վարչապետը շեշտեց, որ անոնք, որոնք Հայաստանը թալանած են, երկրի հարստութիւնը ծառայեցուցած են իրենց ընտանիքներու բարեկեցութեան համար, այլեւս Հայաստանի ժողովուրդին առջեւ կանգնելու իրաւունք չունին:

«Այսօր իշխանութիւնը դուք էք, կառավարութիւնն ընդամէնը ձեր ծառան է, չկասկածիք, որ կառավարութիւնը անմնացորդ պիտի ծառայէ ձեզի: Յղփացած, թալանող պաշտօնեաներու ժամանակները անցած են. ով որ պիտի փորձէ ժողովուրդը որպէս ծառայ ներկայացնել, իսկ ինքզինք՝ տիրակալ, անոր տեղը քաղաքականութեան պատմութեան աղբանոցն է: Այսօր Հայաստանի մէջ մէկ իշխանութիւն կայ ու ատիկա Հայաստանի ժողովուրդն է», աւելցուց ան:

Փաշինեան ուրախութեամբ հաստատեց, որ վերջին երեք ամիսներուն ոչ միայն արտագաղթը դադրած է, այլ նաեւ Հայաստան ժամանողներու թիւը 4 հազարով աւելցած է նախորդ տարիներուն գացողներու թիւին հետ համեմատած:

«Նախորդ տարիներուն այս ամիսներուն այսպիսի իրավիճակ դարձեալ եղած է, բայց Մայիսին նախորդ տարուան համեմատ ներգաղթ ունինք, Յունիս-Յուլիսին նախորդ տարիներու համեմատ աւելի շատ եկող մարդիկ ունինք: Բացի այդ՝ Երեւանի եւ մարզերու մէջ անշարժ գոյքի գիները բարձրացած են, սա կը նշանակէ, որ բնակարաններ կը գնեն, որովհետեւ Հայաստանը դարձած է այն տեղը, ուր կ՛ապրին եւ ոչ թէ ուրկէ կը փախչին», նշեց ան: