«Հայաստանէն Լաւ Տեղ Չկայ Մեզի Համար», կ՛ըսէ Հալէպահայ Պետրոսը


Սալբի Սաղտըճեան


Հանրապետական Մեթրոյի գետնացումին տակ կողք-կողքի գտուող կրպակներուն մեծ մասը սուրիահայերու են։ Փոքրիկ խանութներուն մէջ կը վաճառուին արեւելեան սէնտուիչներ, համեմունքներ, հեռախօսի սարքեր, բամպակեայ ներքնազգեստ, գուլպայ․․․։ Մթնոլորտը կը յիշեցնէ Հալէպի շուկան։ Հաճախորդներ, ծանօթ-անծանօթ, յաճախ արեւմտահայեր, կը խօսին առօրեայ խնդիրներ, Սուրիոյ մասին լուրեր կը փոխանցեն իրարու, քաղաքական հարցեր կը քնարկեն։

Հալէպէն նոր եկած Գէորգ Միհրանեանը կը զրուցէ իր շուրջ հաւաքուած քանի մը հոգիի հետ՝ բաւարարելով անոնց հետաքրքրութիւնը։ Հարցումիս, թէ ինչպէ՞ս է կացութիւնը Հալէպի մէջ, ան կը պատասխանէ ըսելով՝ վիճակը բաւական ծանր է, հրասանդերու տարափը կը շարունակուի, կեանքը շատ դժուարացած է։ Հայկական Նոր Գիւղ թաղամասը գրեթէ փլատակ է, հայութիւնը տեղափոխուած է աւելի ապահով շրջաններ, որոնք կը գտնուին կառավարական ուժերու հսկողութեան տակ։ Հալէպի հայկական եօթը եկեղեցիներէն միայն մէկը կը գործէ՝ Ս․ Աստուածածինը, մնացեալը կը գտնուին վտանգաւոր շրջաններու մէջ։ Հայերուն մեծ մասը դուրս եկած է Հալէպէն։ Իսկ երիտասարդներ, որոնք զինուորական ծառայութեան պարտաւորութիւն ունին, անպայման դուրս կու գան երկրէն։ «Կենցաղային հարցերը շատ են։ Ջուրն ու ելեկտրականութիւնը վերջերս համեմատաբար աւելի կու տան քան առաջ։ Օրինակ՝ հիմա օրը չորս ժամ ելեկտրականութիւն կայ», -կ՛ըսէ ան։

Հարցումիս, թէ վերջնակա՞ն մեկնած է Հալէպէն, ան կը պատասխանէ՝ ոչ ։ «Հոն գործ ունիմ, կ՛աշխատիմ, դեռ չեմ մտածեր անկէ ելլելու մասին»,- կ՛ըսէ Գէորգը։ Բայց կը շեշտէ, որ եթէ որոշէ Հալէպէն մեկնիլ, անպայման Հայաստան կ՛ուզէ տեղափոխուիլ։

Կը մտնեմ Պետրոս Քիրազեանի «Արեւելեան համեմունքներ»- ու խանութը, որ շատերուն համար ծանօթ տեղ է։ Պետրոսը Հալէպէն չորս տարի առաջ տեղափոխուած է Հայաստան։ Սուրիական պատերազմին սկիզբը քանի մը անգամ Հալէպէն Հայաստան եկած է, ուսումնասիրած այստեղի պայմանները եւ վերջաւորութեան որոշած է իր կնոջ եւ երկու զաւակներուն հետ հաստատուիլ Հայրենիքի մէջ։

Սկիզբը, Վերնիսաժի մէջ սեղան դրած է ու համեմունքներ ծախած։ Ապա, մեթրոյին տակ խանութ մը վարձած է ու կամաց-կամաց գործը ընդլայնած։ Ըստ Պետրոսին՝ իր խանութի ապրանքներուն տեսականին մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծած է յատկապէս տեղացիներուն եւ զբօսաշրջիկներուն համար։ «Տեղացիներ կու գային տեսնելու եւ ծանօթանալու իրենց համար նորութիւն եղող համեմունքներուն։ Իսկ հիմա արդէն հարիւրէն ութսուն հաճախորդներս տեղացիներ են», – հպարտանքով կ՛ըսէ ան։

«Ես եւ կինս նախ կարմիր պղպեղի փոշի կը պատրաստէինք, հիմա արդէն սուրիական զաաթար կը պատրաստենք, բանջարեղէններ կը չորցնենք, հմմոս, մութէպպէլ կը շինենք։ Մնացեալ ապրանքները կը բերեմ տարբեր տեղերէ, Լիբանանէն, Տուպայէն եւ նոյնիսկ Սուրիայէն Թուրքիոյ ճամբով հոս կը հասցնեմ։ Սուրիական ձէթ, հէլվա, թահին, թէյերու տեսակներ ունիմ»,- կը մանրամասնէ ան։

Պետրոսը գոհ է։ Խանութին ու իր գործին հետ կապուած ոչ մէկ հարց ունեցած է հարկային մարմիններու հետ։ «Որովհետեւ բոլոր թուղթերս օրինաւոր են, հարկերս կը վճարեմ, ոչ մէկ հարց ունիմ հարկայինի հետ։ Անոնք ոչ մէկ ձեւով կը խանգարեն մեր գործունէութեան։ Եթէ սխալ բան տեսնեն, նախ կը զգուշացնեն մեզի։ Իրենց վարուելակերպն ալ շատ լաւ է մեզի հանդէպ»,- կ՛ըսէ ան։

Պետրոս կ՛ըսէ, որ շատեր կը դժգոհին եւ Հալէպի իրենց ուենցած պայմաններուն հետ կը բաղդատեն այստեղի կեանքը. «Պէտք չէ բաղդատութիւն դնել Հալէպի մեր ունեցած կեանքին հետ, այն օրերը ետ մնացին։ Պէտք է հիմա նոր կեանքով ապրիլ, այստեղի լաւ բաները տեսնել։ Ես Հալէպ տուն-տեղ ունէի։ Հոս ամէն ինչ սկիզբէն սկսայ, համբերութեամբ եւ աշխատանքով ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ»։  Ըստ անոր՝ աշխատողը ուր ալ երթայ, օրուան հացը կը ճարէ։

Հայրենիքի մէջ ապրիլը շատ լաւ է, կ՛ըսէ ան ու կ՛աւելցնէ, որ տեղացի ծանօթներ իրենց խորհուրդներով շատ օգնած են իրեն, ճամբայ ցոյց տուած։ «Հոս մարդիկ շատ լաւ են, բարեհամբոյր, օգնող։ Երբ հանրակառք կ՛ելլես, երիտասարդներ իրենց տեղը կը զիջին քեզի», կ՛ըսէ ան։

«Ես եւ կինս չենք մտածեր դուրս երթալու մասին։ Ասկէ լաւ տեղ չկայ մեզի համար։ Պտոյտի կ՛երթամ ուրիշ տեղեր, բայց ապրելու՝ ոչ», -կ՛ըսէ Պետրոսը։

Դժբախտաբար անոր երկու տղաքը Գանատա ու Շուէտ գացած են, «որովհետեւ Հայաստանի մէջ աշխատավարձերը շատ քիչ են, ոչ թէ միայն սուրիահայուն համար, այլ բոլորին համար ալ նոյն պայմաններն են», կ՛աւելցնէ ան։

Կը ցանկանք, որ բոլոր հայերը, յատկապէս սուրիահայերը, որոնք դուրս կու գան Սուրիայէն, առաջնահերթութիւնը տան Հայաստանին։ Օտար երկիրներ երթալու փոխարէն, նախընտեն Հայաստանը։ Աշխատին ու արարեն Հայրենիքի մէջ, որ իւրաքանչիւրիս ներդրումին կարիքը ունի։