Հայաստանէն Տարեկան Կ՛արտագաղթէ Մինչեւ 30 Հազար Հոգի


Հայաստանի Գաղթականական պետական ծառայութեան պետ Գագիկ Եգանեան Մայիս 4ին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու յայտնած է, որ 2002էն ի վեր Հայաստանէն տարեկան արտագաղթած է մինչեւ 30 հազար հոգի:

Եգանեանի համաձայն՝ հետազօտութիւններ չեն կատարուած, թէ արդեօք արտագաղթի հոսքը առանձին ալիքներո՞վ եղած են եւ արդեօք անոնք կապուա՞ծ են ընտրութիւններուն հետ:

«2002-2007 թուականներուն երկրէն ամէն տարի մեկնած է 25-26 հազար մարդ, 2007-2015ներուն՝ 28-29 հազար: Կարելի չէ անտեսել արտագաղթի ընկերա-տնտեսական եւ քաղաքական պատճառները: Կառավարութիւնը ամէն ինչ կ՛ընէ, որ հանրապետութեան մէջ աշխատանքի արժանի վարձատրութեամբ գործի աւելի շատ հնարաւորութիւններ ստեղծուին», նշած է ան: