Հայաստանը Ամէնէն Անվտանգ Երկիրներու Վարկանիշով 34րդն է


«Թերթ»․- Զուիցերիական «Համաշխարհային տնտեսական ֆորում» կազմակերպութիւնը ներկայացուցած է աշխարհի ամէնէն անվտանգ երկիրներու վերաբերեալ զեկոյցը։

Կազմակերպութեան փորձագէտները 136 պետութիւն գնահատած են: Վարկանիշը կազմուած է տարբեր գործօններու հիման վրայ՝ գործարար միջավայր, անվտանգութիւն, առողջութիւն եւ սնունդ, զինուած հակամարտութիւններու առկայութիւն, յանցաւորութեան եւ ահաբեկչութեան սպառնալիքի մակարդակ:

Կը նշուի, որ ամէնէն ապահով երկիրներու ցանկի լաւագոյն եռեակին մէջ ներառուած են Ֆինլատիան, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Իսլանտիան: Մինչդեռ ամէնէն անապահով երկիր ճանչցուած է  Քոլումպիան, որուն կը նախորդեն Եմենը, Սալվատորը եւ Փաքիստանը:

Ինչ կը վերաբերի վարկանշային աղիւսակին մէջ Հայաստանի եւ տարածաշրջանային միւս պետութիւններուն, ապա առաջատարը 29րդ տեղը գրաւած Վրաստանն է, որուն կը  յաջորդեն Հայաստանը (34րդ տեղ), Ազրպէյճանը (35րդ տեղ), Իրանը (87րդ տեղ), Ռուսիան (109րդ տեղ) եւ Թուրքիան (116րդ տեղ):