Հայաստանը Աստիճան է Դէպի Երկինք. Thrillist Կայքին Անդրադարձը


Ամերիկեան Thrillist կայքը Հայաստանը ներառած է այն 9 երկիրներու շարքին, ուր հնարաւոր է ապրիլ ամսական 1000 ԱՄՆ տոլարով:

Ըստ կայքին՝ Հայաստանի մէջ համաշխարհային հռչակ ունեցող օփերայի ներկայացումը կ՝արժէ ընդամէնը 6 տոլար:

«Համալսարանի շրջանաւարտները կը խօսին անգլերէն աւելի լաւ, քան դուն, իսկ ճատրակը այդ երկրին մէջ ազգային ժամանցի մաս է: Անոնք կ՝արտահանեն ուղեղներ: Նորաձեւութիւնն ու գինին լայնօրէն տարածուած են, իսկ միշտ բնական արտադրանքը զարմանալիօրէն աժան է», գրած է Thrillistը:

Կայքը նշած է, որ Հայաստանի մէջ կարելի է գտնել նիւթապէս հասանելի արկածներ: «Հայաստանը աստիճան է դէպի երկինք, այստեղ մեծ քանէոնատիպ ճանապարհը կը տանի դէպի խելացնոր Նորավանքի վանական համալիր», նշած է Thrillistը` ընդգծելով, որ տարուան մէջ 300 արեւային օր ունեցող երկիրը աշխարհի լաւագոյն վայրերէն մէկն է:

Հայաստանի հետ ցուցակին վրայ ներառուած են նաեւ Պոլիվիան, Ֆիճին, Կրենատան, Լաոսը, Մոնթենեկրոն, Նեփալը, Նիքարակուան, Զիմպապուէյը։

Նշենք, որ Thrillist կայքը, որուն գրասենեակը կը գտնուի Նիւ Եորք, հիմնուած է 2004 թուականին: Կայքի ամսական բաժանորդներուն թիւը կը հասնի 16 միլիոնի: