Հայաստանի Աշակերտուհիներու Բջջային Յաւելուածը` Համաշխարհային Մրցոյթի Յաղթող


«Փանարմինիըն»․- 2017ին Հայաստան առաջին անգամ մասնակցած է Technovation Challenge միջազգային մրցոյթին: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով (mobile app): Խումբը Օգոստոսին պիտի մասնակցի Միացեալ Նահանգներու Սիլիքոնեան հովիտին մէջ Համաշխարհային գագաթնաժողովին եւ պիտի ստանայ իր մրցանակը:

Technovation Armenia ծրագիրի կիսաեզարփակիչ անցած 22 խումբէն ժիւրին իբրեւ Հայաստանեան մրցոյթի յաղթող ընտրեց վեց խումբ` երեք աւագ եւ երեք կրտսեր խումբերէ: Վեց խումբերէն միջազգային կիսաեզրափակիչ մրցոյթին մասնակցած են մէկ աւագ եւ երկու կրտսեր խումբեր: Կարբիի դպրոցի One Step Ahead աւագ խումբը, միջազգային կիսաեզրափակիչի ընթացքին մրցելով աշխարհի 27 երկրէ ներկայացուած 99 խումբի հետ, «Կրթութիւն» անուանակարգին մէջ յաղթած է Armenian Sign Language յաւելուածով:

Այս տարի Հայաստանի դպրոցներու 10էն 18 տարեկան աշակերտուհիները հնարաւորութիւն ունեցան մասնակցելու աշխարհի մեծագոյն արհեստագիտութեան ձեռներէցութեան Technovation ծրագրին:

Ծրագիրը կը նախատեսէր 12 շաբաթեայ ուսուցում: Ուսուցման ընթացքին աղջիկները սորվեցան բացայայտել, վեր հանել որեւէ ընկերային խնդիր իրենց համայնքին մէջ, եւ պատրաստել բջջային յաւելուած` լուծելու այդ խնդիրը:

Մօտ 11.000 աշակերտուհի, աւելի քան 100 երկրէ մասնակցած են Technovation 2017 ծրագրին: Հայաստանէն մասնակցած է 214 աշակերտուհի, ձեւաւորուած է 36 խումբ, Հայաստանեան մրցոյթի կիսաեզրափակիչ հասած են 22 խումբ:

Technovation Armenia ծրագրի տարածաշրջանային դեսպանն էր «Կանայք եւ տեղեկատուական հասարակութիւնը» հասարակական կազմակերպութեան նախագահ Նարինէ Աբազեան: