Հայաստանի Առաջին Խելացի (Smart) Գիւղը՝ Դեբետ


Դեբետ գիւղէն ընդհանուր տեսարան մը

Նանէ Վարդանեան

Բարդ տարիէ մը ետք լաւ նորութիւնները ա՛լ աւելի լաւ կը թուին։ Իսկ մենք լաւ լուր ունինք․ Լոռիի մարզի կանաչ սրտին մէջ ծուարած գողտրիկ գիւղերէն մէկը՝ ՔՈԱՖ-ին («Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամ (ՔՈԱՖ) (անգլ.՝ Children of Armenia Charitable Fund (COAF)) հարազատ դարձած Դեբետը, շուտով պիտի դառնայ Հայաստանի առաջին ՍՄԱՐԹ (խելացի) գիւղը։

Ո՞րն է ՍՄԱՐԹ գիւղը

Ամէն յարմարաւէտը, ժամանակակիցը, կարեւորն ու խելացին կու գան փոխելու գիւղի կեանքը նախ բնակիչներուն համար, որոնք կ՛ուզեն մնալ, զարգացնել ու մասնակիցը ըլլալ համայնքի նորովի կառուցման, ապա նաեւ դարձնելու զայն գրաւիչ ինչպէս հարակից համայնքներու, այնպէս ալ ներգնայ և՛ արտագնայ զբօսաշրջութեան համար։ 

Դեբետը պիտի ունենայ վերանորոգուած ճանապարհներ, բարեկեցիկ հանրային երթեւեկութիւն, լուսաւորուած փողոցներ, ամբողջութեամբ կառուցուած կղմինդրէ տանիքներ, որակեալ ենթակառուցուածքներ, զարգացող տնտեսութիւն, հաղորդակցութեան ժամանակակից գործիքներ և, ի հարկէ, աշխոյժ ու ներգրաւուած բնակիչներ։ Այո՛, որպէսզի փոխենք գիւղը, նախ պետք է փոխենք մենք մեզ։ 

ՔՈԱՖի Ենթակառուցուածքային ծրագիրներու համակարգող Արթուր Տէր-Սիմոնեան կը շտապէ քանի մը ուրախալի լուր յայտնելու․ «Շուտով Դեբետի մէջ նոր խաղահրապարակ (մարզադաշտ-Թ․) պիտի տեղադրենք, որ ՔՈԱՖի` մինչ այժմ տեղադրած խաղահրապարակներէն ամենալաւը պիտի ըլլայ։ Պիտի կառուցենք նաեւ հանրակառքի կանգառ՝ իւրայատուկ իր կառուցուածքով և ձեւաւորումով»։

ՍՄԱՐԹ Դեբետ ծրագրի ծիրէն ներս գիւղին մէջ պիտի կառուցենք նաև modular տուներ Արցախէն տեղահանուած ընտանիքներու համար։ 

Եւ այսպէս, հիմա ու մօտակայ հինգ տարին ՔՈԱՖի ողջ անձնակազմով և դեբետցիներով շատ սէր ներդրում պիտի ընենք ծրագրի ամէն մեծ ու փոքր բաղադրիչի մէջ, կը գործենք արագ (չէ՞ որ ժամանակն է ամենաթանկ աղբիւրը) ու մեր հետքը կը ձգենք գիւղի կեանքին մէջ՝ ուղղակի եւ փոխաբերական իմաստներով։  

Ինչո՞ւ Դեբետը

Առաջին ՍՄԱՐԹ գիւղի ընտրութեան համար անհրաժեշտ էր ընտրել ոչ շատ մեծ, ոչ շատ փոքր գիւղ։ Դեբետը ունի մօտ 800 բնակչութիւն, որ մեր ծրագրի պարագային աշխատանքի իրատեսական ծաւալ կ՛ապահովէ։ 

Դեբետի ՍՄԱՐԹ կեդրոնը,

Դեբետի մէջ կը գտնուի մեր՝ տակաւին միակ ու անկրկնելի ՍՄԱՐԹ կեդրոնը, որ դարձած է Լոռիի այցեքարտերէն մէկը ու միաւորած է 27 համայնքներու բնակիչները մէկ տանիքի տակ։ Դեբետ կու գան ոչ միայն ՍՄԱՐԹը տեսնելու, այլ նաև հանգիստը վայելելու ՍՄԱՐԹին կից Concept Hotel-ին մէջ, որուն ողջ շահոյթը կ՛ուղղուի բարեգործութեան ու կը սնէ ՔՈԱՖի գիւղական ծրագիրները։ 

Այստեղ ունենալով խոշոր գործող ու ապագայ ենթակառուցուածքներ՝ ձեւաւորած ենք արդէն իսկ մեծ խումբ։ ՍՄԱՐԹի աշխատակիցներէն, ուսանողներէն ու գործընկերներէն շատերը Դեբետէն են․ ո՞վ կրնայ աւելի խանդավառ ըլլալ այս ծրագիրով, քան դեբետցիները։ 

Սկսելով Դեբետէն՝ մենք նպատակ ունինք ձևաւորելու գիւղական համայնքի օրինակ, որ պիտի դառնայ օրինակելի ու պիտի կրկնօրինակուի այլ համայնքներու մէջ։

Նոր շաբաթ, նոր ձեռքբերում

«Ամէն շաբաթ մեզի համար խնդիր դրած ենք՝ գիւղին մէջ նոր ձեռքբերում ունենալու», կը պատմէ ՔՈԱՖի գործադիր տնօրէն Կորիւն Խաչատուրեան, որ խումբին հետ միասին ամէն շաբաթ Դեբետ կ՛ըլլայ։

Թէեւ տարին դեռ նոր սկսած է, բայց մենք ժամանակ չենք կորսնցներ։ Վերջին 9 շաբաթներու ընթացքին ծրագրի 3 հիմնական ուղղութիւններով (ենթակառուցուածքներու բարեփոխում, տնտեսական ծրագիրներ, կարողութիւններու զարգացում) շարք մը աշխատանքներ տարած ենք։ Անոնցմէ քանի մը հատն են՝

  • Ջրագիծեր անցնել, որուն շնորհիւ 11 տնային տնտեսութիւններ 24/7 օրով ջուր պիտի ունենան,
  • գիւղի 3 փողոցներուն մէջ 64 լոյսերու տեղադրում, որ պիտի ապահովէ գիւղի 30%-ի լուսաւորութիւնը,
  • դպրոցին մէջ նոր դարպասի տեղադրում,
  • համայքապետարանի մուտքի դրան, ցուցանակի փոփոխութիւն ու նախասրահի բարեկարգում,
  • Դեբետ տանող ճանապարհին անհրաժեշտ ցուցանակներու տեղադրում,

    Դեբետի ճանապարհի ցուցանակը

  • ընեկրային ցանցերու մէջ Դեբետի համայնքապետարանի էջերու ստեղծում և վարում (չմոռնաք հետեւիլ՝ FacebookInstagramTwitter),
  • համայնքի 100-է աւելի բնակիչներու հետ հանդիպում ու ծրագրի ներկայացում,
  • գիւղի մակնշում (branding), որուն մասին շուտով պիտի պատմենք։

ՍՄԱՐԹ գիւղ՝ ՍՄԱՐԹ բնակիչներով

ՔՈԱՖի բոլոր խումբերը՝ գիւղական ծրագիրներէն սկսած մինչև հաշուապահութիւն և հաղորդակցութիւն, ներգրաւուած պիտի ըլլան դեբետցիներու կարողութիւններու զարգացման գործին մէջ։ Օրինակ, Դեբետի համայնքապետարանի աշխատակիցները պիտի յաճախեն ՍՄԱՐԹ՝ անգլերէն սորվելու ու համակարգչային հմտութիւնները զարգացնելու։ Հաղորդակցութեան խումբը արդիւնաւէտ և երկկողմանի հաղորդակցութիւն վարելու իր փորձով պիտի կիսուի համայնքապետարանի աշխատակազմին հետ։ Ու այսպէս շարունակ։ 

«Մենք կարեւոր կը համարենք, որ համայնքի բնակիչները, ստեղծուող ենթակառուցվածքներէն օգտուելէն բացի, վերջիններուս մասին կարենան հոգ տանիլ, պահպանել ու զարգացնել», կը նշէ ՔՈԱՖի գիւղական ծրագրերի ղեկավար Անահիտ Յակոբեան։ 

Եթե ներդրում՝ ապա ՍՄԱՐԹ Դեբետ գիւղին մէջ

Դեբետը մեծ ընտանիք մը յիշեցնող տաքուկ գիւղ է․ այստեղ բոլորը իրարու կը ճանչնան։ Տեսարանը սքանչելի է տարուան բոլոր եղանակներուն։ Սնունդը մաքուր է ու համեղ։ Կան գիւղական անդորրի բոլոր շքեղութիւնները։ Գիւղը կը զգաս բոլոր զգայարաններով․․․

ՍՄԱՐԹ Դեբետ նախագիծին մէջ որեւէ ներդրում՝ ներդրում է Հայաստանի այն բոլոր համայնքներու զարգացման մէջ, որոնք, ՍՄԱՐԹ գիւղի օրինակէն ոգեշնչուած, պիտի կատարելագործուին։ Այստեղ արդիւնքը պիտի ըլլայ արագ ու տեսանելի։ Մէկ-երկու-երեք տարի ետք, նոյնիսկ հիմա հասնելով Դեբետ՝ դուք կիմանաք, որ հասած էք Հայաստանի առաջին ՍՄԱՐԹ գիւղ մը, որ գոյութիւն ունի նաև ի շնորհիւ ձեզի։ 

Ուրեմն, միասին՝ #դբաՍՄԱՐԹԴեբետ։