Հայաստանի Բանակին Մէջ «Քորոնա» Ժահրը Կանխարգիլելու Համար՝ Խիստ Քայլեր Կ՛առնուին


«Արմէնփրէս».- «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշիռի տակ առնելու նպատակով, 25 Փետրուարին, պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ բանակին բոլոր զօրամասերուն մէջ արգիլուած են զինուորներուն ծնողներու եւ հարազատներու այցելութիւնները, պարտադիր ժամկէտային զինուորներու ամէն տեսակի արձակուրդները եւ ազատ արձակումները։ Նախարարութենէն տեղեկացուցին, որ այս քայլերուն նպատակն է՝ կանխել «Քորոնա» ժահրին ներթափանցումը զօրամասերը, կարելի եղածին չափ հեռու պահել զինուորները վարակուելէ եւ անհրաժեշտութեան պարագային ճիշդ կազմակերպել հակահամաճարակային գործողութիւնները:

«Յորդորում ենք բոլոր զինծառայողների հարազատներին զերծ մնալ զօրամասերի այցերից, գիտակցաբար մօտենալ ձեռնարկուող միջոցառումներին, քանի որ դրանք բխում են հէնց զինծառայողների շահերից», կը նշուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

Փետրուար 26-ին յատուկ օդանաւով Իրանէն Հայաստան եկաւ Հայաստանի քաղաքացիներու առաջին խումբը։ Լուրը հաղորդեց արտաքին գործոց նախարարութեան Սահմանակից երկիրներու վարչութեան պետ Արսէն Աւագեան:

Հայաստանի Առողջապահական եւ աշխատանքի տեսչական մարմինի ղեկավար Յակոբ Աւագեան պատկերասփիւռի «Շանթ» կայանէն ներկայացուց այն աշխատանքները, որոնց կը ձեռնարկուի՝ «Քորոնա» ժահրին Հայաստան ներթափանցումը կանխարգիլելու համար։

«Մենք ժամանող մարդկանց ոչ միայն ջերմութիւնն ենք ստուգում: Հեռահար ջերմաչափման գործիքներից զատ՝ արտաքին զննութիւն է անցկացւում: Կարող է ջերմութիւն չունենայ կամ դիտաւորեալ դեղ խմած լինի, որ իջնի, բայց ախտանիշներ լինում են: Ակնյայտ ախտանիշները հնարաւոր է ճանաչել», ըսաւ Աւագեան:

Ան դիտել տուաւ, որ իրենք կը համագործակցին Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան, արտաքին գործոց նախարարութեան հետ, որպէսզի վտանգաւոր երկիրներէ եկողներուն համապատասխան քարտերը ամբողջացուին: Ան տեղեկացուց, որ ցարդ լեցուած 1271 քարտերէն 36ը փոխադրուած են հիւանդանոց՝ հիմնականին մէջ «Զուարթնոց» օդակայանէն, իսկ Մեղրիի անցակէտին վրայ կասկած յառաջացած է միայն մէկ անձի գծով, զոր հիւանդանոց փոխադրած են, սակայն պարզուած է, որ վարակուած չէ:

Իրանէն եկողներուն նկատմամբ հսկողութիւնը պատշաճ կերպով իրականացնելու համար, Հայաստանի առողջպահութեան նախարարութեան Հիւանդութիւններու վերահսկման եւ կանխարգիլման ազգային կեդրոնի մասնագէտը մեկնած էր Թեհրան: Թեհրան-Երեւան օդանաւով եկած 52 ուղեւորները թէ՛ նախքան օդանաւ նստիլը եւ թէ վայրէջքէն ետք ենթարկուած են համապատասխան քննութիւններու։ Անոնք որեւէ գանգատ կամ ջերմութիւն չեն ունեցած, բայց եւ այնպէս կը գտնուին տնային հսկողութեան տակ: