Հայաստանի Դպրոցներուն Կը Ներկայացուի Աշխարհատեղեկատուական Համակարգը՝ Որպէս Ուսումնական Նոր Մեթոտ


Հայաստանի  կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը, «KARDÉS» կազմակերպութիւնը, ՀԲԸՄ Հայաստանը եւ ՀԲԸՄ Armenian Virtual College-ը կը համագործակցին Հայաստանի դպրոցներուն մէջ Աշխարհատեղեկատուական համակարգը (Geographic Information Systems (GIS)) որպէս կրթական առցանց արհեստագիտութիւններու վրայ հիմնուած նոր ուսումնական մեթոտ ներկայացնելու նպատակի շուրջ: 

Հայաստանեան դպրոցներու ուսուցիչներուն համար կազմակերպուած առաջին սեմինար-դասընթացքը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ Նոյեմբեր 14ին` Աշխարհատեղեկատուական համակարգի միջազգային օրը: Աւելի քան 100 ուսուցիչ մասնակցեցաւ սեմինարին` ծանօթանալով Աշխարհատեղեկատուական համակարգին, տեղանքի վերլուծութեան եւ Աշխարհատեղեկատուական համակարգը որպէս ուսումնական գործիք կիրառելու կարեւորութեան:

«KARDÉS»ը, Կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան եւ Armenian Virtual Collegeի հետ համագործակցութեան միջոցով, հայ աշակերտներուն կը ներկայացնէ Աշխարհատեղեկատուական համակարգը եւ տեղանքի վերլուծութեան գործիքակազմը` տրամադրելով անվճար արտօնագիրներ, ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներ եւ ուսումնական ծրագիրներ: 

Միջոցառման ընթացքին ՀԲԸՄ ՀՎՀ հիմնադիր եւ նախագահ Երուանդ Զօրեան եւ «KARDÉS»ի հիմնադիր եւ տնօրէն Բագրատ Բալաբանեան առցանց ստորագրեցին փոխըմբռնման համաձայնագիր` վաւերացնելով «KARDÉS»ի եւ ՀՎՀի համագործակցութիւնը: