Հայաստանի Դպրոցներուն Մէջ Ցեղասպանութիւն Պիտի Դասաւանդեն


«Առաւօտ»․- Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Հայ Դատին նուիրուած դասագիրքերու հեղինակ դոկտ. Ռուբինա Փիրումեան կազմակերպած է «Հայոց Ցեղասպանութեան դասաւանդումը պատմուածքներու, հեքիաթներու, զրոյցներու, բանաստեղծութիւններու, փաստացի նիւթերի միջոցով» ուսուցիչներու համար գիրք մը, որ դպրոցներու ուսուցիչներու մասնակցութեամբ քննարկուեցաւ Մարտ 1ին, կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութեան մէջ:

Ձեռնարկը նախ նախատեսուած էր Սփիւռքի դպրոցներուն համար, իսկ 2016ին ձեռնարկի մշակուած տարբերակը կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի հրամանով երաշխաւորուած է գործածել նաեւ Հայաստանի հանրակրթական դպրոցներուն համար:

Դոկտ. Ռ. Փիրումեան, ներկայացնելով ձեռնարկը՝ նշած է,- «Հայաստանի մէջ Ցեղասպանութեան դասաւանդումը անցած է բաւական երկար ճանապարհ: Անկախութենէն ետք այս խնդիրը բարձրացուած է, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Հայկական Հարցը պէտք է դասաւանդուին դպրոցի մէջ: Բաւական երկար ճանապարհ կտրելէ ետք՝ որոշ արդիւնքի հասած ենք՝ շնորհիւ նախարարին: Այն ժամանակ ալ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարը Լեւոն Մկրտչեանն էր, երբ ինծի առաջարկեցին գրել դասագիրքը, որ անցած է քանի մը փուլերէ, նախ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութիւնը գրեցինք, որ աւելի բարձր դասարաններու մէջ դասաւանդեն, եւ նոր պատմութիւնը, որ երեխաներուն փոքր տարիքէն կարելի է դասաւանդել»:

Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք փոքր տարիքի երեխաներուն հետ մահուան եւ Ցեղասպանութեան մասին խօսիլը հոգեխոց (trauma) չի՞ յառաջացներ՝ ան ըսած է. «Զանազան թեմաներով երեխան պէտք է պատրաստել: Օրինակ, առաջին դասարանի մէջ երեխան պէտք է սորվի՝ ինչ է արդարութիւնը, ինչպէս կարելի է դժուար վիճակէն դուրս գալ, ինչ է կորուստը, ինչպէս կարելի է յաղթահարել զայն եւ այլն: Ասոնք թեմաներ են, որ փոքր երեխաները կրնան ընկալել: Եւ երբ Ապրիլը կու գայ, ուզենք, թէ չուզենք, երեխաները կ՝առնչուին Ապրիլ 24-ի, Ծիծեռնակաբերդի հետ: Արդէն այդտեղ կարելի է իրենց մտաւոր պատրաստութեան մակարդակի սահմաններով խօսիլ՝ առանց արիւնալի, սոսկալի տեսարաններու: Պէտք է երեխաներուն սորվեցնել, որ թուրք եւ քիւրտ ժողովուրդները մեծ մասնակցութիւն ունեցած են ցեղասպանութիւն իրականացնելուն մէջ, բայց անոնց հանդէպ պէտք չէ ատելութիւն սրսկել»։

Ըստ Ռ. Փիրումեանի՝ պէտք է երեխաներուն ցոյց տալ, թէ թուրքերը ինչո՛ւ կ՛ուրանան եւ թէ անոնց ուրացումը պատմական առանցք չունի: