Հայաստանի եւ Արցախի Ի Նպաստ Աշխատանքներուն Մասին Հարցազրոյց՝ Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան (ACMAO) Խորհրդատու Տոքթ. Անի Հասըրճեանի Հետ


ACMAO-ի բժշկական օժանդակութեան ակղները պատրաստ են ուղարկուելու Հայաստան եւ Արցախ

Տիրուկ Մարգարեան Կարապետեան

Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութեան (ACMAO)-ի  Խորհրդատու Տոքթ. Անի Հասըրճեանի հետ ունեցած հարցազրոյցիս ընթացքին՝ ան կը մանրամասնէ այն լուսաւոր ճամբան, ուր առողջ խիղճի կանչով ուղղուող Ընկերակցութեան պատկան բժիշկները՝ մեր ազգի զաւակներուն դժուարութիւնները մեղմացնելու, պատերազմի պատճառած ցաւերն ու վէրքերը դարմանելու, օժանդակութիւն պարգեւելու, ինչպէս նաեւ մարդասիրական, հոգեբնական ու բժշկական օգնութիւն ցուցաբերելով հայ կեանքեր փրկելու սուրբ առաքելութիւնը ստանձնած են։

Հարցում- Կարելի՞ է մեր ընթերցողներուն հակիրճ պատմական ակնարկով մը ներկայացնել  Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը (Armenian Canadian  Medical. Association of Ontario -ACMAO).

Պատասխան- Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը (ACMAO), որպէս բարեսիրական ընկերակցութիւն ծնունդ առած է 8 Դեկտեմբեր 1988-ին, Թորոնթոյի Հայ Կեդրոնին մէջ, Հայաստանի երկրաշարժին յաջորդ օրը` աղէտեալներուն նպաստ հասցնելու, ինչպէս նաեւ դեղորայք ու բժշկական օժանդակութիւնը համադրելու աշխատանքներուն համար։

Անցնող 32 տարիներու ընթացքին խումբ մը նուիրեալ բժիշկներ, դեղագործներ, ատամնաբոյժներ, հիւանդապահուհիներ եւ այլ առողջապահութեան մարզի մասնագէտներ, շարունակաբար ծրագիրներ մշակելով կ՚օժանդակեն Հայաստանի եւ Արցախի Առողջապահական համակարգի բարելաւման նպաստելով։

 Հ Անցեալէն մինչեւ Արցախեան մերօրեայ պատերազմի սկիզբը Արցախի ո՞ր շրջաններուն մէջ, ինչպիսի՞ ծրագիրներ մշակած է, քանի՞ կեդրոն հիմնած է եւ բժշկական ինչպիսի՞ օժանդակութիւններ մատուցած է ACMAO-ն Արցախի մեր հայրենակիցներուն։

Պ. Հայաստանի մէջ 10 տարիներ զանազան բժշկական ծրագիրներ հիմնելու եւ գործադրելու կողքին, 1998 թուականին, Արցախի Շուշի քաղաքի մէջ ACMAO-ի ջանքերով հիմնուած է առաջին ատամնաբուժարանը՝ Սփիւռքի օժանդակութեամբ։ Այս դարմանատան նպատակը եղած է ձրիաբար ատամնաբուժական պէտքերը հոգալ Շուշիի բնակչութեան։ Արցախի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը տրամադրած է վայրը, սակայն սարքաւորումը եւ ատամնաբոյժին եւ անձնակազմին վճարումներն ու բոլոր ընթացիկ ծախսերը հոգալու պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ACMAO-ն։

Խանդավառուած առաջին դարմանատան յաջող ընթացքէն եւ դրական արդիւնքէն, յաջորդող քանի մը տարիներու ընթացքին՝ Ձեռք Ձեռքի Հասարակական Հաստատութեան (Hand in Hand NGO) ստեղծումով, ACMAO-ն կարգ մը այլ հայ բժշկական ընկերակցութիւններու հետ համագործակցելով, ատամնաբուժական դարմանատուներու ծիրը ընդարձակած է նոյնանման կառոյցներ հաստատելով, նախ Հադրութի, ապա՝ Մարտակերտի եւ Մարտունիի մէջ։ Շուտով այդ աշխատանքին աւելցած է նաեւ  Շրջուն Հանրակառք Ատամնաբուժարան մը (Mobile Dental Clinic) Արցախի սահմանամերձ գիւղերու բնակչութեան պէտքերը ձրիաբար հոգալու համար։ Mobile Clinic-ի նուիրատու՝ Թորոնթօ քաղաքի Don Mills Rotary Club-ը, օգտաշատ արդիւնքէն քաջալերուելով, երկրորդ Շրջուն Հանրակարգ մը եւս տրամադրած է։

Ատամնաբուժական դարմանատուներու կողքին, ACMAO-ի ջանքերով կազմակերպուած է նաեւ Ստեփանակերտի Կանացի Առողջապահութեան Դարմանատունը (Women’s Health Clinic), ուր դարձեալ ձրիաբար կանացի բժշկական բոլոր հարցերու վերաբերեալ, մասնագիտական բարձր մակարդակով քննութիւններ, ախտաճանաչումներ եւ որոշ չափով դարմանումներ կը կատարուէր։ Տասնամեակ մը նուիրական գործունէութէնէ ետք, երբ Ստեբանակերտի մէջ Հանրապետական Բժշկական Կեդրոնը բացուեցաւ, հարկ չեղաւ Կանացի Դարմանատան աշխատանքը շարունակելու։

Բոլոր Ատամնաբուժարանները, ներառեալ վէրջերս վերանորոգուած  2 Շրջուն Դարմանատուները մինչեւ 27 Սեպտեմբեր  2020-ը, (Ազրպէյճանի և Թուրքիոյ օժանդակութեամբ աննախադէպ  յարձակումներով սկսած պատերազմին), իրենց բնականոն աշխատանքները կը շարունակէին։ Սեպտեմբերի սկիզբը 8 շաբթուան  ծրագրով Շրջուն Դարմանատուները սկսած էին նոր ծրագրեր Մարտունիի եւ Հադրութի  շրջանի գիւղերու դպրոցները այցելելով։ Հարկ եղած պարագային նաեւ մեծահասակներու դարմանումի ծրագիր կը մշակուէր։ Ափսոս, չարաբաստիկ պայմաններով այդ չիրականացաւ, որովհետեւ 44 օրերու պատերազմի ընթացքին Արցախը անդամալուծուեցաւ ու ամայացաւ…

Դժբախտաբար Նոյեմբեր 9-ի զինադադարէն ետք՝ Շուշիի, Հադրութի Ատամնաբուժարանները ինչպէս նաեւ մէկ Շրջուն Դարմանատուն կորսնցուցինք թշնամիին յանձնուած «համաձայնագիր»ի արդիւնքով։ Տեղեկացանք, որ Մարտունիի եւ Մարտակերտի Ատամնաբուժարանները պատերազմի ընթացքին  ռմբակոծման ենթարկուած են, սակայն յոյսով ենք վերանորոգման աշխատանքները շուտով կը ծրագրուին ու կը սկսին։ Այդ ամէնը պիտի կարենանք վերականգնել բոլորիս ճիգերով, վստահ ենք ։

Հ– Բժշկական գետնի վրայ, պատերազմին բերած դժուարութիւններուն եւ բարդութիւններուն եթէ անդրադառնանք, վիրաւորներուն բուժում հայթայթելու, բժշկական սարքեր կամ դեղորայք ապահովելու բերումով ինչպիսի՞ ջանքեր տարաւ ձեր ընկերակցութիւնը։

Պ․- Օնթարիոյի Գանատահայ Բժշկական Ընկերակցութիւնը կը համագործակցի Համաշխարհային Հայ Բժշկական աւելի քան 20 միութիւններու հետ Սփիւռքի տարածքին։ Այս բոլոր ընկերակցութիւնները կը գործեն Համաշխարհային Հայ Բժշկական Խորհուրդի հովանիին տակ, (Armenian Medical International  Committee -AMIC).

Մարտ ամիսէն սկսեալ AMIC-ի նախաձեռնութեամբ, COVID-19 համաճարակի պատճառով, ամէն Կիրակի Zoom ժողովներով, Հայաստանի եւ Սփիւռքի զանազան երկիրներու Հայ Բժշկական Ընկերակցութիւններու ներկայացուցիչներ, տեղեկատուական զեկոյցներով իրարու օգտակար կ’ըլլան, միշտ հայրենիքի առողջապահական համակարգի զարգացման ծրագրեր մշակելով։ Մինչեւ Սեպտեմբեր ամիսը COVID-19 համաճարակի պատճառով,  AMIC-ի զանազան մասնաճիւղերու աշխատանքով, մեծ քանակութեամբ բժշկական օժանդակութիւն ուղղարկուած էր Հայաստան եւ Լիբանան։  

Կիրակի, Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի պատերազմի լուրը պատճառ հանդիսացաւ անմիջապէս Հայաստանի Առողջապահութեան Նախարարութեան ցուցմունքներուն հիման վրայ բժշկական սարքեր եւ դեղորայք ապահովել եւ օդանաւով ուղղարկել Հայաստան։ Որոշ ցուցակներու հետեւելով շատ մեծ քանակութեամբ նպաստ ուղղարկուեցաւ, մասնաւորապէս՝ Ռուսաստանի, Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Հոլանտայի, Արժանթինի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մեր  գործնկերներուն կողմէ։ Կարգ մը ընկերակցութիւններ, ինչպէս ACMAO-ն առաւելաբար նիւթական հանգանակային աշխատանքներու զարկ տուին։ Պատերազմի շրջանին մեծ պահանջք կար յատուկ Շտապ Օգնութեան Հանրակարգերու (AMBULANCES) ծանր վիրաւորները տեղափոխելու, մասնաւորաբար վերակենդանացման անմիջական սարքերով օժտուած, լեռնային վայրերուն յարմարելու տոկունոււթեամբ։  ACMAO-ն շուտով կարողացաւ $100,000(U.S.) հանգանակել եւ Հայաստան ուղարկել այդ նպատակին համար։

Ինչպէս բոլորիս ծանօթ է, Օնթարիոյի հայ համայնքը պատերազմի առաջին շաբաթէն իսկ գործի անցաւ՝ մարդասիրական եւ բժշկական ամէն ձեւի իրեր հաւաքելով օժանդակութիւն ուղարկելու Հայաստան նաւի ճանապարհով՝ Հոկտեմբերին։

Մինչ այդ, շուտով Արցախէն տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օժանդակելու նպատակով կազմուեցաւ Օնթարիոյի Հայկական Միացեալ Մարմինը (United Armenian Council of Ontario- UACO)։ Այդ Մարմինի հովանաւորութեան ներքեւ Օնթարիոյի բոլոր Հայկական Միութիւններն ու Կազմակերպութիւնները իրենց ներկայացուցիչներով եւ կամաւորներով մարդասիրական եւ բժշկական օգնութիւնը կազմակերպեցին։ Անշուշտ առողջապահութեան վերաբերեալ բոլոր սարքերու եւ դեղորայքի համադրման  պատասխանատութիւնը ACMAO-ին վստահուած էր։  AMIC-ի հետ համագործակցելով, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան ցանկերու համաձայն, ինչպէս նաեւ հետեւելով  Հայաստանի Հանրապետութեան Օթթաուայի Դեսպանատան ուղեգիծին, հաւաքուեցան ու դասաւորուեցան բժշկական օժանդակութիւնները։ Տարբեր տեսակի մեծաքանակ դեղորայք ուղարկուեցան՝ Antibiotics, Analgesics, Antifungals, Antihypertensives , Vitamins  եւ այլն…  կարելի է յիշել նաեւ վիրահատութեան յատուկ մասնագիտական սարքեր, շտապ օգնութեան իրեր (Emergency  Kits, 32 Wheelchairs, 23 Walkers, 79 Crutches, 52 Fracture Boots) և այլազան բժշկական սարքեր, վիրակապեր, եւայլն։ Նոյեմբեր 22-ին նաւու ճանապարհով մարդասիրական հսկայական իրերու հետ մէկտեղ Օնթարիոյի օժանդակութիւնը ուղղարկուեցաւ։

ACMAO-ի անունով կու գանք մեր խորին շնորհակալութիւնները յայտնելու մեծ ու փոքր, նիւթական կամ սարքաւորումներով եւ այլ միջոցներով մեր բոլոր նուիրատուներուն անխտիր։ Շնորհակալութիւն նաեւ Health Partners International of Canada  և Global Medic Ընկերակցութիւններուն, դեղագործ եւ բժիշկ մեր բոլոր գործընկերներուն դեղորայքներու նուիրատուութեան համար։ Խորին երախտագիտութիւն  Թորոնթոյի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վարչութեան սրահի տրամադրութեան համար և փոխադրամիջոց նուիրատու Metras ընկերութեան։ Շնորհակալութիւն UACO -ի պատասխանատու կազմին եւ բոլոր կամաւորներուն համերաշխ համագործակցութեան համար։

Հ– Շատ ծանր օրեր կ’ապրինք ազգովին և  ազերիին յանձնուած հողերուն մէջ կը գտնուի ձեր հիմնած կեդրոններէն որոշ մաս մը, այս պարագային ինչպէ՞ս կրցաք օգնել բուժման կարիքը ունեցող վիրաւորներուն եւ հիւանդներուն։

 Պ. Այո՛, ցաւ ի սիրտ, մենք 2 Ատամնաբուժարան և 1 Շրջուն Դարմանատուն (Mobile Clinic) կորսնցուցինք Շուշիի, Հադրութի եւ Հադրութի շրջանի Ազոխ գիւղին մէջ։ Անշուշտ պատերազմի ժամանակ բոլոր ատամնաբուժական դարմանատուները փակ էին Արցախի տարածքին, միայն բժշկական կեդրոնները եւ հիւանդանոցները ծանրաբեռնուած էին վիրաւորներու դարմանումներով։ Արցախի մեր ատամնաբոյժ գործընկերները, ծանր պայմաններու տակ, իրենց առաւելագոյնը ըրին, մասնաւորաբար Երեւանէն հասած Սփիւռքի բժշկական օժանդակութիւնը փոխադրելու Արցախի հիւանդանոցները։ Այստեղ կարելի է յիշել Սփիւռքի Մասնագէտ Բժիշկներու ներդրումը։ COVID-19 համաճարակի սկիզբէն AMIC-ի նախաձեռնութեանբ եւ հովանաւորութեամբ կազմակերպուեցան Հեռակայ Վերապատրաստման Դասընթացքներ (Zoom Continuing Education Webinars) Հայաստանի մեր գործընկերներուն համար։ Այդ դասընթացքները կ’ընդգրկէին` վարակիչ հիւանդութիւններու (Infectious Diseases), բժշկական այլազան նիւթերու, նոյնիսկ հոգեբանական գիտութիւններու վերաբերեալ դաստիարակչական արդի ցուցմունքներ։ Տեղին է յիշել, մասնաւորաբար, Արեւմտեան Ամերիկայի Հիւանդապահուհիներու ներդրումը, Հայաստանի բոյժ-քոյրերու վերապատրաստման համար մինչեւ օրս շաբաթական շարունակական դասընթացներ կազմակերպելու աշխատանքը։

Պատերազմէն առաջ եւ անմիջապէս Սեպտեմբերէն 27-էն ետք, Հայաստանի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը կոչ ուղղեց AMIC-ի միջոցով Սփիւռքէն Բժշկական Մասնագէտներու օգնութեան՝ անձամբ ծառայելու Երեւանի հիւանդանոցներուն մէջ։ Այդ կանչէն առաջ իսկ Ռուսիայէն, Ամերիկայէն, Ֆրանսայէն, Արժանթինէն եւ այլ երկիրներէ մեր մասնագէտ գործընկերներէն շատեր կամաւորաբար Հայաստան մէկնած էին ծառայելու եւ օգտակար հանդիսանալու համար։ Անշուշտ Սեպտեմբերը չաւարտած նոյն նուիրումով կարգ մը բժիշկներ դարձեալ պատրաստուեցան՝ Հայաստան եւ Արցախ մեկնելու, սակայն ըստ Առողջապահութեան Նախարարութեան՝ միայն վիրահատութեան յատուկ մասնագէտներու պահանջքը քաջալերուեցաւ (Neurosurgeons, Anesthesiologists, etc…) եւ դարձեալ Սփիւռքի Հայ Բժշկական Միութիւններու անդամներէն շատեր մեկնեցան Արցախ եւ Հայաստան եւ իրենց կարելին ըրին և կը շարունակեն օգտակար հանդիսանալ։

Օնթարիոյի մեր Ընկերակցութեան (ACMAO)ի անդամներուն եւս փոխանցած ենք «Մասնագէտ Բժիշկներու Կարիքը»՝ ըստ Առողջապահութեան Նախարարութեան կոչին։ Դժբախտաբար մեր կազմին մէջ չունինք այդ մասնագէտներէն, սակայն մեր Ընկերակցութեան բոլոր անդամները պատրաստակամ են նիւթական եւ այլ միջոցներով օգտակար հանդիսանալու Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու առողջապահական վերելքի աշխատանքին։

Հ– Ներկայիս եւ մօտիկ ապագային իրականացուելիք շտապ օժանդակութիւնները ինչպէ՞ս կ’ընթանան, ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւէք եւ ի՞նչ լուծումներու կը դիմէք։

Պ.-  Համայն հայ ժողովուրդին նման, անշուշտ  պահ մը սաստիկ ցնցուած ու հիասթափուած էինք Նոյեմբեր 9-ին՝ պատերազմի զինադադարի պայմանագրի ստորագրման եւ անսպասելի զիչումներու լուրը ստանալով, սակայն անմիջապէս անդրադարձանք, որ մեր դերը իբրեւ Բժշկական Ընկերակցութիւն՝ քաղաքականութեան հետ կապուած չէ։ ACMAO-ն հիմնուած է որպէս բարեսիրական բժշկական ընկերակցութիւն ու այդպէս ալ կը շարունակէ մնալ։

Սփիւռքի մէջ ծնած ու մեծցած, մեր Հայեցի եւ Քրիստոնէական դաստիարակութեան որպէս արդիւնք՝ միասնական ու համերաշխհ ոգիով աշխատիլը իւրաքանչիւրիս պարտականութիւնն է։ Ուրեմն հարկ է դարձեալ յուսադրուած, մեծ նուիրումով աշխատանքի լծուիլ ազգային վերակառուցման գործը իրականացնելու Արցախի եւ Հայաստանի մէջ։

Այսօր ամէն ժամանակներէ աւելի մեր ազգի զաւակները մեր օժանդակութեան պէտք ունին։ Մեր հերոս զինծառայողները, պատերազմի ընթացքին եւ անոր հետեւանքով  ֆիզիքապէս ու հոգեպէս վիրաւոր հազարաւոր անձիք, գերութեան մէջ մնացած զինուորները, անթիւ նահատակ հերոսներու ետին մնացած ընտանեկան պարագաները (որբ եւ այրի, մայր, հայր, քոյր, եղբայր և հարազատներ) ներկայիս մեր յարգանքին, սիրոյն, հոգատարութեան եւ օժանդակութեան կը կարօտին։ Այս բոլորը նկատի ունենալով նոր թափով աշխատանքի կը լծուինք՝ նիւթական եւ բարոյական պատասխանատուութիւն ստանձնելու պատրաստակամութեամբ։

Անմիջապէս յայտարարած ենք մեր՝ «Հանգանակային Երկրորդ Արշաւ»ին մասին՝  բժշկական օգնութեամբ սատարելու ֆիզիքական եւ հոգեբանական խնդիրներներով տառապող Արցախի և Հայաստանի մեր Հայրենակիցներուն։

Օնթարիոյի մէջ բոլորս, դարձեալ առանց յուսահատելու, պատրաստ ենք Միացեալ Հայ Խորհուրդի հետ համատեղ համագործակցաբար, այլազան միջոցներով, օգտակար հանդիսանալու մեր հայրենակիցներուն։

Անցնող 2 ամիսներուն նման, դժուարութիւնները մէկդի դնելով պիտի շարունակենք Աստուածահաճոյ մարդասիրական մեր աշխատանքը՝ յանուն Հայաստանի եւ Լեռնային Արցախի Հանրապետութիւններու խաղաղութեան եւ բարորութեան։

ACMAO New fundraising

ACMAO New fundraising

ACMAO/UACO Բժշկական եւ Մարդասիրական Օժանդակութիւնները պատրաստ են Արցախի համար

 

Շրջուն Դարմանատունը Հադրութի շրջանի մէջ

Շուշիի Ատամնաբուժարանի անձնակազմին հետ

 

Մարտունիի Ատամնաբուժարանի Անձնակազմին հետ