“Ազնաւուրի Մահը Համամարդկային Կորուստ է”․ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի Բարձրաստիճան Ղեկավարներ Կը Ցաւակցին Շառլ Ազնաւուրի Մահուան Առիթով


Հոկտեմբեր 1ին 94 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուր: Այս առիթով Հայաստանի եւ Ֆրանսայի բարձրաստիճան այրեր ցաւակցութիւններ կը յղեն։

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Շարլ Ազնաւուրի մահուան առիթով յղած ուղերձին մէջ կը ցաւակցի Ֆրանսայի եւ հայ ժողովուրդին եւ աւելցնելով կ՛ըսէ․  «․․․Սա իսկապէս մեծ համամարդկային կորուստ է, որովհետեւ Ազնաւուրը մարդ է, որ ստեղծած է ոչ միայն ազգային, այլեւ համամարդկային արժէքներ, որոնք երկար տարիներ մարդկութեան պիտի ուղեկցին դէպի սէր ու համերաշխութիւն` այդ արժէքներու հիման վրայ մարդոց մղելով դէպի առաքինութիւն»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն ցաւակցական իր ուղերձին մէջ կը նշէ, որ Ազնաւուրի գլուխգործոցները երկար պիտի շարունակեն ապրիլ: «Խոր ֆրանսական, ներքինով իր հայկական արմատներուն կառչած, ողջ աշխարհի մէջ ճանչցուած Շարլ Ազնաւուրը ուղեկցած է 3 սերունդներու ուրախութիւններն ու տխրութիւնը: Անոր գլուխգործոցները, անոր հնչերանգը, անոր անկրկների փայլը երկար պիտի շարունակեն ապրիլ», գրած է նախագահ Մաքրոն:

Մաքրոն Թուիթըրի իր էջին մէջ նշած է, որ ինք աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրը հրաւիրած էր Երեւան` մասնակցելու Ֆրանսախօս երկիրներու գագաթնաժողովին, որու ծիրէն ներս պէտք է ան երգեր:

«Ֆրանսայի ժողովուրդը կը կիսէ հայ ժողովուրդի վիշտը», գրած է Ֆրանսայի նախագահը:

«Ազնաւուրը բոլորի համար միշտ բեմի վրա պիտի ըլլայ», նշած է Ֆրանսայի նախկին նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ։ «Երեւանէն մինչև Փարիզ աշխարհի բոլոր քաղաքներուն մէջ բարձրաձայն կ՛երգէր սիրոյ ու ազատութեան մասին: Շարլ Ազնաւուրը քիչ առաջ լքեց մեզի, բայց մեզի համար ան միշտ բեմի վրայ պիտի ըլլայ», Թուիթըրի իր էջին մէջ գրած է Հոլանտ:

Փարիզի քաղաքապետ Անն Հիտալկօ՝ ցաւակցութիւն յայտնելով անոր ընտանիքին եւ մտերիմներուն՝ գրած է, որ «շատ ցաւալի է լսել Շարլ Ազնաւուրի մահուան լուրը, փարիզեցիի, որ դարձած էր ֆրանսական երգի իսկական խորհրդանիշը եւ Հայաստանի կրքոտ դեսպանը ամբողջ աշխարհի մէջ:

«Ֆրանսան մեծ կորուստ կրած է․ կեանքէն հեռացած է մեծանուն երգահան Շարլ Ազնաւուրը, իսկական առասպելը, որ հատած է սահմաններն ու դարաշրջանները։ Ֆրանսիացիները կորսնցուցին Շարլ Ազնաւուրը, անձնաւորութիւն, որ աւելի քան 70 տարի գերած է իր անմոռանալի երգերով», գրած է Ֆրանսայի մշակոյթի նախարար Ֆրանսուազա Նիսեն:

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ցաւակցական հեռագիր յղած է Շարլ Ազնաւուրի ընտանիքին` յայտնելով իր խորին ցաւակցութիւնը: Ցաւակցական հեռագիրին մէջ Վեհափառ Հայրապետը իր բարձր գնահատականը յայտնած է այն եզակի դերի մասին, որ Շարլ Ազնաւուրը ունեցած է միջազգային հարթակի,  յատկապէս երաժշտութեան ոլորտի մէջ: Ան նաեւ շեշտած է Շարլ Ազնաւուրի ունեցած կարեւոր նպաստը միջազգային շրջանակներու մէջ հայ ժողովուրդի արդար դատի ճանաչման եւ անոր կարեւոր դերը անկախացումէն ետք Հայաստանի հզօրացման ու ծաղկման գործին մէջ:

Ցաւակցական ուղերձներ յղած են նաեւ մշակոյթի գործիչներ։

Մեծանուն հայ երաժշտահան Տիգրան Մանսուրեան մեծ ցաւով տեղեկացած է աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնուաւուրի մահուան մասին:  «Մեծագոյն կորուստ վրայ հասաւ, եւ այլեւս մեզի հետ չէ հայ-ֆրանսական, հայ համաշխարհային երգի ասպետը, որ դեռ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն սկսած մինչեւ այսօր տիրապետող ուժ էր: Ան աշխարհի ժողովուրդներուն հայ սէրը եւ հայ սիրտը բաժնող մեծագոյն առաջնորդն էր», ըսած է Մանսուրեան:

«Սեպտեմբեր 1ին, ժամը 20:00ին Երեւանի Շառլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ մոմավառութիւն` ի յիշատակ Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրին։

Գիւմրիի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ, անոր արձանին մօտ Սեպտեմբեր 1ի երեկոյեան տեղի պիտի ունենայ  մոմավառութեան արարողութիւն:  

Հոկտեմբեր 2ին` ժամը 12:00էն Երեւանի «Ազնաւուր» կեդրոնին մէջ (Կասկատի հարեւանութեամբ) պիտի բացուի սգոյ մատեան` ի յիշատակ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր, աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի տեղեկացուցին «Ազնաւուր» հիմնադրամէն: Բոլոր ցանկացողները կրնան այցելել կեդրոն, բերել ծաղիկներ եւ մոմեր` յարգանքի տուրք մատուցելու Շարլ Ազնաւուրի յիշատակին:

Աւելի ուշ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտատարեց, որ Շարլ Ազնաւուրի յուղարկավորութեան օրը Հայաստանի մէջ պիտի յայտարարուի սգոյ օր: