Հայաստանի Ընտրութիւնները եւ Հալէպահայերը


Մանուէլ Քէշիշեան


Կայ երկիր որ քու անունովդ կը կոչուի. Դուն կրնա՞ս ըմբռնել տարբերութիւնը ֆրանսացիին, անգլիացիին եւ հայուն:: Առաջին երկուքը կը կոչուին իրենց երկրին անունով մինչ …

Քու երկիրդ կը կոչուի քու անունովդ ո՛վ հայ, ո՛վ հալէպահայ:

ՀԱՅ- ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Մէկ շաբաթէ ի վեր ասոր-անոր կը հարցնեմ.

-Ե՞րբ են Հայաստանի ընտրութիւնները:

Կը ստանամ իրարանման պատասխաններ.

-Չեմ գիտեր:

-Չեմ հետաքրքրուած:

-Ինչո՞ւ ընտրութի՞ւն կայ:

-Գա՞լ ամիս:

-Դարձեա՞լ Սերժը պիտի ընտրուի…

Զարմանալի՞ Է: Ես չեմ զարմանար:

Չեմ զարմանար որովհետեւ գիտեմ որ մենք նոյնիսկ Մեծ երկրաշարժը մոռացութեան տուած ենք եւ Դեկտեմբերի 7ին ատակ ենք նախաճաշի կամ հացկերոյթի այլ ձեռնարկներ կազմակերպել, խորհելով ուրախութիւն մտցնել տառապած հալէպահայերու սիրտերուն մէջ: Ա՞յդ օրը գտանք: Չեմ զարմանար որովհետեւ բազմաթիւ հալէպահայեր Հայաստանի նորագոյն անկախութեան թուականն իսկ չեն գիտեր՝ իրար կը խառնեն իննսունականները, Սեպտեմբերն ու Հոկտեմբերը…

Կ’ուզեմ մտածել, թէ մենք անտարբեր ենք այս ընտրութիւններուն հանդէպ որովհետեւ չենք հաւատար անոնց արդարութեան, կամ համոզուած ենք որ ընտրութիւններէն ետք ամէն ինչ նոյն ձեւով պիտի ընթանայ … բայց կը վանեմ այս միտքը որ ինքնախաբէութիւն պիտի ըլլայ, որովհետեւ իրականութեան մէջ մենք անտարբեր ենք Հայաստանին հանդէպ, մեզի համար Հայաստանը տակաւին կը մնայ հոգեւոր Հայրենիք իր Արարատով, Էջմիածինով, Գառնի-Գեղարդով եւ Մատենադարանով, թէեւ այս վերջնոյն ճիշդ ինչ ըլլալն ալ չենք գիտեր:

Այսքանն է մեզմէ շատերուն գիտցածը Հայաստանի մասին այսօր… ո՛չ, ո՛չ, չարաչար կը սխալիմ այսօր մենք Հայաստանի մասին այլ բաներ ալ գիտենք. Շատ լաւ գիտենք «Մեղեդի»ի անունը, որ սրճարան մըն է ուր Երեւանի հալէպահայերուն մեծ մասը սուրճ կը խմէ եւ կը բողոքէ երկրին ու անոր բնակիչներուն դէմ, մենք ալ անոնց միանալով թութակի պէս կը կրկնենք «Հայաստանը մաֆիոզներու երկիր է» կամ «Հայաստանը շատ գեղեցիկ երկիր է, բայց ապրելու համար դրամ պիտի ունենաս», «Հայաստանը ապրելու տեղ չէ» եւ նման խօսքեր:

Ուրի՞շ: Արոնեանի անունը չենք գիտեր սակայն շատ լաւ կը հետեւինք Մխիթարեանին. Բաւարա՞ր է, չէ՞ որ Րէալ Մատրիտի մասին մեծ թիւով հալէպահայեր ամէն ինչ գիտեն եւ ոչինչ՝ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին մասին:

Լա՛ւ: Ընտրութիւններով չենք հետաքրքրուիր, Հայաստանցիներէն որո՞ւ  անունը գիտենք , երիտասարդներէն շատեր նոյնիսկ իրենց նախկին համաքաղաքացի Վարդան Օսկանեանին անունը չեն գիտեր, որմով ընդամէնը քանի մը տարի առաջ կը հպարտանային, նոյնն ալ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի մասին կարելի է ըսել: Ուրեմն որո՞ւ անունը գիտեն, թերեւս միայն նախագահին անունը, բայց երբեք վարչապետինը կամ նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարինը:

«Սասնայ Ծռեր»ուն ալ ծանօթ չե՞նք, չէ՞ որ Հայաստանը տակնուվրայ եղաւ այդ օրերուն, չէ՞ որ նախագահը անոնց պատճառաւ նոյնիսկ յիշատակեց Հալէպի անունը՝«…Երեւանը Պէյրութ կամ Հալէպ չէ…»: Ցաւօք շատ քիչեր ծանօթ են այդ «խենթ»երու յեղափոխական արարքին, եւ ի ցաւ սրտի մեզի ոչինչ կ’ըսէ նաեւ Արթիւր Սարգսեանի անունը… ի՜նչ հաց բերող, ի՜նչ հաց տանող… Եղբայր, հայհոյէինք, այպանէինք, դաւաճան համարէինք, բայց առնուազն տեղեակ ըլլայինք թէ ի՞նչ կ’անցնի կը դառնայ մեր երկիր Հայաստանին մէջ: Չմոռնանք որ անտեղեակներէս շատեր ունին Հայաստանեան քաղաքացիութիւն, մնացեալս ալ այս կամ այն պատճառաւ կը յետաձգենք այդ քաղաքացիութեան ընդունումը, թէեւ որոշած ենք տիրանալ անոր: Ներողութիւն. «տիրանալ» բառը սխալ գործածեցի, այնքա՜ն որ դիւրին է Հայաստանի քաղաքացի ըլլալը, մանաւանդ սուրիահայերուն համար. կը բաւէ «Եան»ով վերջացող մականուն ունենալ:

Մէկ տարի առաջ Արցախի քառօրեայ պատերազմէն ետք, տառապեալ Հալէպի հայկական դպրոցներու մէջ աշակերտները դրամ հաւաքեցին ի նպաստ հայկական բանակին. անոնք փաստել ուզեցին որ նոյնիսկ մեր այս վիճակին մէջ մենք Հայաստան-Արցախին հետ ենք: Ձեւակա՞ն էր: Այսօր ընդամէնը մէկ տարի ետք մենք արդէն մոռցած ենք մեր լինելիութեան երաշխիք հայկական բանակի զոհերը եւ ես ի զուր այս առաւօտ՝ Ապրիլի 2ին շտապեցի եկեղեցի, յուսալով որ մեր զինուոր նահատակներու յիշատակին հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի… լա՛ւ, մեզմէ շատեր մոռցած են թուականը անարգ յարձակումին, մեր եկեղեցի՞ն ալ մոռցած է մեր հերոսական ինքնապաշտպանութեան զոհերը:

Անձամբ ես այս հարցումին պատասխանը չեմ գիտեր:

Վեց տարիներ առաջ սկիզբ առած սուրիական տագնապը տակաւին կը շարունակուի, հակառակ բոլոր լաւատեսական կարծիքներուն ես տարակուսանքով կը նայիմ Սուրիոյ ապագային, առաւել եւս սուրիահայութեան ապագային, թէեւ որոշած եմ տակաւին հոս մնալ եւ իմ ամբողջ կարելիութիւնս դնել ի սպաս մեր գաղութի գոյատեւման, որուն շատ ալ չեմ հաւատար, սակայն կը հաւատամ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻՆ. կը հաւատամ որ մեր գաղութի գոյութեան երաշխիքներէն է Հայաստանը՝ իր մաֆիօզներով, իր ապրելու տեղ ըլլալ-չըլլալով, իր դիմադիր եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններով, իր գեղեցկութեամբ եւ տգեղ կողմերով, որովհետեւ Հայաստանը մեր հայրենիքն է, Արցախն ալ անոր մէկ մասնիկը:

Հալէպահայերը պէտք չունին իրենց յիշողութիւնը գրգռելու գիտակցելու համար, որ միայն Հայաստանն էր զիրենք գրկաբաց ընդունողը, առանց այլեւայլի, առանց հարցուփորձի՝ բոլոր սուրիահայերը, նոյնիսկ քաղաքացիութիւն տուաւ անոնց, չհարցնելով իսկ թէ անոնց մէջ քրէական յանցագործներ կայի՞ն: Որովհետեւ Հայ ենք, որովհետեւ Հայաստանը մերն է, իմս՝ որպէս Հալէպահայ, քուկդ որպէս ֆրանսահայ, անորը որպէս ….. ՀԱՅ:

Եւ մեր ՄԻԱԿՆ է Հայաստանը՝ որպէս ՀԱՅՐԵՆԻՔ՝ մանաւանդ իր ժողովուրդով եւ իր բանակով:
Ուստի մենք, ոչ թէ առ ի պարտականութիւն, այլ որպէս սրտի, հոգու եւ մտքի թելադրանք պէտք է քիչ մը գիտնանք Հայաստանի ամէն ինչի մասին եւ գիտնանք շատ բան Հայաստանի կարգ մը հարցերուն մասին:

Եւ որպէսզի զգանք, գիտակցինք որ Հայաստանը մեր երկիրն է, եւ եթէ կ’ուզենք որ սակաւացած թիւով մեր գաղութը մնայ, աշխատինք, գործենք եւ տքնինք ի խնդիր մեր հայրենիքի բարելաւելոման:

Հալէպ, 2 Ապրիլ 2017