Հայաստանի Հանրապետութեան Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանի Այցը Թորոնթօ


Գանատայի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ Աւագ Գնդապետ Guy Chapdelaineի  հրաւէրով, Մարտ 2ին պաշտօնական այցով Գանատա ժամանեց Հայաստանի Զինուած Ուժերու Հոգեւոր Առաջնորդ Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան:

Մարտ 4ին, Սրբազան Հայրը այցելեց Ս.Ե.Հ.Ա. եկեղեցւոյ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ Ազգ. Շաբաթօրեայ Վարժարան: Սրբազան Հօր կ’ընկերակցէին Գանատահայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Աբգար Եպս. Յովակիմեան, Փոխառաջնորդ ու  Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Զարեհ Աւագ Քնյ. Զարգարեան եւ Եկեղեցւոյ Ծխական Խորհուրդի ատենապետ Օհան Օհաննեսեան: Հիւրերը ծանօթացան վարժարանի առօրեային, յաջողութիւններուն եւ մարտահրաւէրներուն, մտերմիկ զրոյց ունենալով աշակերտներու հետ: Սրբազան Հայրը բարձր գնահատեց սփիւռքի պայմաններու մէջ հայ ուսուցիչներու տարած բծախնդիր աշխատանքը:

Խումբ մը աշակերտներ, հայ զինուորներուն իրենց երախտիքն ու գնահատանքը արտայայտող նամակներն ու արուեստի աշխատանքները յանձնեցին Վրթանէս Սրբազանին՝ խնդրելով, որ զանոնք փոխանցէ Հայաստանի սահմանապահ զինուորներուն:

Աշակերտները խոստացան նաեւ որ յարատեւօրէն պիտի շարունակեն իրենց շաբաթական յատուկ աղօթքի պահը՝ հայ զինուորի առողջութեան, ապահովութեան,  յաղթանակի ու խաղաղութեան համար:

Մարտ 5ին, Եկեղեցւոյ մէջ քարոզեց Վրթանէս Եպս. Աբրահամեանը: Ս. Պատարագին ներկայ էր Գանատայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի գլխաւոր քարտուղար՝ Դոկտ. Քէրըն Համիլթըն:

Յաւարտ Ս. Պատարագի, եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Բանակի կազմաւորման 25ամեակին եւ Բանակի Առաջնորդութեան հիմնադրման 20ամեակին նուիրուած Ժողովրդային հաւաք-հանդիպում: Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգները կատարուեցան Հ.Մ.Մ.ի Սկաուտական Նուագախումբի կողմէ: Հաւաքին մասնակից էին քոյր եկեղեցիներու հովիւներ, Թորոնթոյի մէջ գործող քաղաքական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու եւ Թեմական Խորուհրդի ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ ՀՀ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Մկրտիչ Մկրտիչեան: Րաֆֆի Պետրոսեան դաշնամուրի վրայ կատարեց դասական կտորներ: Սոյն հանդիպման ընթացքին Սրբազան Հայրը տեղեկութիւններ հաղորդեց հայոց բանակի ներկայ մարտահրաւէրներուն, ձեռքբերումներուն եւ հոգեւոր պատրաստութեան մասին: Խօսելով հայ զինուորներու եւ սպաներու քաջարի ծառայութեան մասին, Սրբազան Հայրը յիշեց, որ այսօր աւելի քան 50 հոգեւորականներ իրենց զինուոր եղբայրներու կողքին մաս կը կազմեն Հայոց Բանակին, հոգալով անոնց հոգեւոր կարիքները:

Վրթանէս Սրբազանը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Գանատահայոց Թեմին եւ հաւատացեալներուն, Հայոց Բանակին մատուցած իրենց օժանդակութիւններուն համար:

Այս առթիւ Հայաստանին, Արցախին եւ յատկապէս Հայոց Բանակին անցնող 25 տարիներու ընթացքին ցուցաբերած հոգատարութեան եւ բազմաթիւ ծառայութիւններու համար, ՀՀ Պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի հրամանով, Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ, Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Զինուած Ուժերու «Անդրանիկ Օզանեան» շքանշանով:

Հայոց Բանակի հոգեւոր կարիքներուն ի նպաստ ցուցաբերած խնամքի համար, ՀՀ ԶՈՒ նախարարին հրամանով թորոնթոբնակ Մուրադ Սրկ. Գարագաշեան պարգեւատրուեցաւ ՀՀ Զինված Ուժերու «Գարեգին Նժդեհ» շքանշանով:

Հայոց բանակին իւրովի նպաստ բերելու համար մասնաւոր գնահատանքի արժանացան Պերճ Սրկ. Լիւլէճեան, եւ Թորոնթոյի «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ատենապետ՝ Մկրտիչ Մկրտիչեան:

Հանդիպումը աւարտեցաւ Աբգար Սրբազանի շնորհակալական եւ շնորհաւորանքի խօսքերով:

Մարտ 7ին, Վրթանէս Եպս. Աբրահամեան մեկնեցաւ Օթթաուա՝ շարունակելու համար պաշտօնական հանդիպումները գանատացի իր գործակիցներու հետ: