Հայաստանի Մամուլը «Ոչ Ազատ» է․ Freedom House


Freedom House միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը հրապարակած է «Մամուլի ազատութիւն 2017» ամէնամեայ զեկոյցը:

Զեկոյցին մէջ Հայաստանի մամուլը կը գնահատուի որպէս «ոչ ազատ»: Այս ցուցանիշով Հայաստան 63 միաւորով աշխարհի մէջ 137րդ տեղի վրայ է:

2016ի զեկոյցին համաձայն` Հայաստանը մամուլի ազատութեան տեսանկիւնէ կը դասուէր «ոչ ազատ» երկիրներու շարքին, աշխարհի 199 երկիրներու ցանկին մէջ գրաւելով 139րդ տեղը:

Մամուլի առումով «մասամբ ազատ» է Վրաստանը, ոը 102րդ տեղի վրայ է։ «Ոչ ազատ» է Թուրքիան, որ 163րդ տեղի վրայ է, Իրանը եւ Ազրպէյճանը 190րդն են: Միացեալ Նահանգներ ցանկին վրայ 33րդն է, առաջիններն են` Նորվեգիան, Հոլանտան, Շուէտը, Պելճիքան, Դանիան, Իսլանդիան։

Ընդհանուր առմամբ, Հայաստանը «մասնակի ազատ» երկիր կը գնահատուի, իսկ համացանցի ազատութեան մասով սահմանուած է իբրեւ «ազատ» երկիր: