Հայաստանի Մասին Խօսի՞լ, Խանդավառուի՞լ, Թէ՞ Տէր Ըլլալ Եւ` Հզօրացման Ծառայ


Ամառը աւարտած է: Զբօսաշրջային արձակուրդը, համաժողովները եւ համագումարները վերջ գտած են: Հայաստան իր առօրեային մէջ է, աշխատանք, կեանքի դժուարութիւններ, սահմանի պաշտպանութեան մտահոգութիւն, երբեմն ալ` թշնամիի կոյր գնդակի զոհ գարուն կեանք մը:

Ամէն գոյնի զբօսաշրջիկները, հայրենասիրութեամբ բաբախողներ եւ հոն կանգ առնողներ, իրենք իրենց փրկարարի հռոմէացի ծերակուտականի պարեգօտ շնորհած իմաստուններ եւ դրամատէրեր` վերադարձած են իրենց աշխարհները, իրենց առօրեայի հայրենիքները, վերագտնելու համար իրենց տեղական փառասիրութիւնները, սփիւռքահայու կեանքը գտած է իր բնական հունը, այդպէս կ’ըսենք: Ծննդավայրի կամ քաղաքացիի վիճակը հայրենիքը չեն փոխարիներ: Տարբեր ըմբռնումներ մշակուած պէտք էր ըլլային, որոնց բացակայութիւնը պատճառ է, որ սփիւռքը համարուի մնայուն եւ յաւերժական:

Ե՞րբ հայրենասէր-հայասէր զբօսաշրջիկները պիտի իրապէս տեսնեն եւ ըսեն, թէ հայուն համար ի՞նչ կը նշանակէ կեանքը գտաւ իր բնականոն հունը: Ազգի մը պատկանելիութեան եւ հակառակին անջատման գիծը ինչպէ՞ս կը սահմանուի, ինչպէ՞ս կը գծուի: Անբնականը մինչեւ ո՞ւր եւ մինչեւ ե՞րբ որպէս բնական կրնայ ինքզինք պարտադրել, ընդունելի ըլլալ: Այդ անբնականը, ժամանակի հարթող գլանին տակ, վերջ պիտի գտնէ, երբ այլեւս անհատներ եւ հաւաքականութիւններ կը կորսնցնեն շարունակութիւն ըլլալու յանձնառու գիտակցութիւնը, ինչ որ անխուսափելի ընթացք է, քանի ազգի անդամը հեռուէն կը դիտէ իր հայրենիքը:

Համաժողովները եւ համագումարները, ընդունելութիւնները, շնորհուած շքանշանները արձակուրդային զբօսանք կը թուին ըլլալ, հաճոյքներ եւ համեմներ, որոնք վերածնող, վերակառուցուող եւ զարգացող երկրի համար առաջին անձրեւին հետ անհետացող շպարի կը նմանին: Ազգի մը կեանքը կը շարունակուի հայրենիքի մէջ, որ ամրան թէժ օրերուն կարօտի առաւել կամ նուազ այրող զգացումներուն բալասան կու տայ, Երեւանի աղբիւրներուն պէս: Երբ գերմանական բանակները գրաւման տակ կը պահէին իրենց երկիրը, ֆրանսացիները Հոնոլուլու չգացին, դիմադրական շարժում կազմակերպեցին, ընդառաջ գացին մահուան: Հայաստանի սահմաններու պաշտպանութիւնը համայն ազգի զաւակներու պարտականութիւնն է: Ազգի եւ հարազատութեան տեսանկիւնէ անհեթեթութիւն է մտածել, որ եթէ զինուորական ծառայութիւնը վերանայ, սփիւռքէն երիտասարդներ աւելի դիւրին կը հաստատուին Հայաստան եւ Արցախ:

Միշտ կարելի է մեր կացութիւնը դիտել ամբողջ աշխարհի մէջ տեղի ունեցող ընկերատնտեսական եւ մշակութային իրադարձութիւններու եւ շարժումներու լոյսին տակ: Ժողովուրդներու տեղափոխութիւն եւ գաղթականական ալիքներ կը զբաղեցնեն հանրային կարծիքը եւ քաղաքական ղեկավարութիւնները` անմիջականի եւ ապագայի նախատեսութիւններու համար: Համաշխարհային տարողութեամբ խմորումներ կան բոլոր մարզերու մէջ, եւ ոչ ոք կրնայ պատկերացնել, թէ ի՛նչ պիտի ըլլան` մոլորակը, ազգերը, երկիրները, քաղաքակրթութիւնները, կենցաղները, ընկերային եւ միջազգային յարաբերութիւնները եւ արժէքները կէս դար ետք:

Երբ աչքի առաջ կ’ունենանք այս տուեալները, կամ «գլուխս փրկեմ»-ի ընթացք կ’որդեգրենք, կը հեռանանք հայրենիքէն եւ անոր տիրութենէն, կը փակենք ճանապարհները հայրադարձութեան, կը հրաժարինք ամէն կարգի արժէքներէ, կամ հաւատարմութիւններու յանձնառութեամբ մեր կեանքին կու տանք մեր դաւանած սկզբունքներուն իմաստը եւ ըստ այնմ կ’ընտրենք ուղեգիծ: Ըլլալով փոքր ժողովուրդ` յաւակնութիւնը չենք կրնար ունենալ աշխարհի ընթացքին եւ քաղաքականութեան վրայ ազդելու, բայց մենք մեզ յարգելու համար, որպէս մարդ եւ որպէս հաւաքականութիւն, կրնանք դիմել ինքնապաշտպանութեան` առանց հրաշքի սպասելու եւ առանց ընդունելու, որ ուրիշներ որոշեն մեր փոխարէն: Իսկ ինքնապաշտպանութեան պայքարը չի մղուիր` Պեւըրլի Հիլզ, Քոթ տ’Ազիւր, Ֆլորիտա, Նոր Զելանտա կամ Վանքուվըր նստելով:

Ի հարկէ լաւ է խօսիլ Հայաստանի մասին, խանդավառուիլ անով, բայց` որպէս հանդիսատե՞ս, օտա՞ր, հայասէ՞ր, թէ՞ որպէս տէր, ազգի անդամ, պատասխանատու: Մեզմէ իւրաքանչիւրը, անկեղծութեան պահու մը, այս հարցումը պէտք է ուղղէ ինքնիրեն, առանց ճկոյթի ետին թաքնուելու, իմաստակի աշկերտի պատճառ-պատրուակներու տիալեքթիք ճապկումներ փորձելու: Ազգի անդամութիւնը կ’ենթադրէ պարտաւորութիւններ` իրաւունքներէ առաջ, մասնակցութիւն եւ յանձնառութիւն: Հայրենիքը պէտք է հզօրանայ, որպէսզի քաղաքացիին իրաւունքները կարենայ յարգել: Իսկ հայրենիքի հզօրացումը կ’ըլլայ իր յանձնառու քաղաքացիներով: Ի վերջոյ հայրենիքը արձակուրդի ակումբ չէ` ո՛չ հայաստանցիին եւ ո՛չ ալ սփիւռքահայուն համար: Ասիկա տարրական վերաբերում է, որմէ կը հրաժարի հայրենիք լքող արտագաղթողը եւ հայրենադարձութիւնը անգիտացման դարակներու մէջ պահողը:

Ո՞վ է իսկական հայրենատէրը, ա՞ն, որ ամառնային որպէս զբօսաշրջիկ կու գայ Հայաստան, կեանքի դժուարութիւնները դիմակալողներու առջեւ կը փռէ ճոխութեան պատկերներ, թէ՞ ա՛յն երիտասարդը, որ Արցախի Իշխանաձոր վայրին մէջ քանի մը հեկտար հող գնած է եւ հոն պիտի շարունակէ իր կեանքը, հաւանօրէն նաեւ իրմէ վերջ եկողներն ալ այդպէս պիտի ընեն:

Այս հարցերուն մասին նուազ կը խօսինք, քան` անոնց մասին, որոնք խումբերով, առանձին, ընտանիքներ եւ գերդաստաններ, կ’իջեւանին եւրոպական ոստաններ, Ամերիկաներ, մինչեւ Ովկիանիա եւ Չինաստան:

Ազգաշէն գաղափարախօսութիւնը խօսքէն անդին` գործի պէտք էր վերածուէր, ազգային իրաւութեամբ, փոխան մարդորսական ճապկումներու:

Ազգը կը գտնուի շեղբի վրայ, որուն մէկ կողմը կայ հայրենիքը եւ միւս կողմը` անհետացման դատապարտուած սփիւռքը, ինչ ալ ըլլան տեսական մարզանքները, որոնք կը թարգմանուին գունաւոր բացասականութիւններով` պատմութեան շարունակութեան տեսանկիւնէ:

Իսրայէլ պատերազմական կացութեան մէջ երկիր է: Ամէն տարի թիւեր կը հրապարակուին բարօր երկիրներէ Իսրայէլ վերադարձողներու, որոնք գիտեն, թէ ո՛ւր կ’երթան:

Ո՞վ այս ուղիղ ազգային գաղափարախօսութիւնը պիտի ներշնչէ ազգի աւելի կէս թէական համրանքին` գիտնալով, որ վաղը միշտ ուշ է: Ինչ որ կ’ըսեմ, օրը օրին ապրելու եւ եսական շահախնդրութիւններէ տարբեր մակարդակ կ’ենթադրէ, որ պատմութեան բովէն անցած ազգն է, ազգի հայրենատէր անդամներ, ոչ` խելքաբաշխութեամբ զուարճացող զբօսաշրջիկներ:

Ազգը քնախտէն արթնցնող եւ զայն ոտքի կանգնեցնող ղեկավարութիւն կը փնտռուի: Յիշե՞նք կրկին զօրավար Շարլ տը Կոլը, Մահաթմա Կանտին, Նելսըն Մանտելան:

Հայրենիքը կը տեւէ հայրենատէր ժողովուրդով, ոչ` եւրոպական կամ ամերիկեան մեծ սրահներու մէջ ցուցադրական հոգեպարար հանդիսութիւններով:

Անկեղծութեան պահու մը, մեր մաշկէն դուրս գալով, այսքան պարզ ճշմարտութիւն ըսելը պարտքն է ամէն կարգի ղեկավարութիւններու եւ այդ ցանկութիւնը ունեցողներու:

Իսկ եթէ խցուած ականջներ կան, անհաճոյակատար յանդգնութիւն պէտք է ունենալ հարցնելու, թէ ո՞վ, որո՞նք եւ ինչպէ՞ս խցած են այդ ականջները:

23 Հոկտեմբեր 2017, Նուազի-լը-Կրան