Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Խումբը Ուտելիք Եւ Այլ Ապրանքներ Փոխանցեց Հալէպի Որբերուն Եւ Տարեցներուն


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Քորոնա» համաճարակին պատճառով ստեղծուած ընկերային ծանր իրավիճակը մեղմացնելու նպատակով, 20 Ապրիլին Հալէպի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան գլխաւոր հիւպատոսութեան, Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին եւ Հայ ծերանոցի ղեկավար կազմին հետ համագործակցութեամբ եւ «Հումանիտար ականազերծման եւ փորձագիտական կենտրոն»  կազմակերպութեան օժանդակութեամբ՝ Հալէպի մէջ Հայաստանի մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող խումբը այցելեց որբանոցի սաներուն եւ միայնակ տարեցներուն՝ փոխանցելու ուտեստեղէն եւ այլ անհրաժեշտ ապրանքներ:

«Հումանիտար ականազերծման եւփորձագիտական կենտրոն»ի յայտարարութեան մէջ կ՛ըսուի, որ Հալէպի հայ ծերերը եւ որբերը Հայաստանի մարդասիրական խումբին մնայուն ուշադրութեան առարկան են: Անոնց մնայուն կերպով ուտելիք եւ բժշկական օգնութիւն կը տրամադրուի: