Հայաստանի Մէջ Այս Տարուան Երկրորդ եւ Երրորդ Եռամսեակին Աւելի Շատ Երեխաներ Ծնած Են


Այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներուն Հայաստանի մէջ աւելի շատ երեխաներ ծնած են, քան անցեալ տարուան նոյն ժամանակահատուածին, իր ֆէյսպուքեան էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:

«Եթէ անցեալ տարուան այդ ժամանակահատուածին ծնած էր 18 հազար 258 երեխայ, ապա այս տարուան երկրորդ եւ երրորդ եռամսեակներունն ծնած երեխաներուն թիւը կազմած է 18 հազար 493, կամ 235-ով աւելի”, կը յայտնէ ան:

Ըստ անոր, թէեւ ծնունդներուն թիւը այդքան ալ մեծ չէ, սակայն անցեալ  առնուազն 5 տարիներուն այդ ցուցանիշը կը նուազէր։ Իսկ այս ցուցանիշը ցոյց կու տայ, որ  յեղափոխութենէն ետք հայկական ընտանիքներու մէջ ապագայի նկատմամբ դրական սպասումները մեծցած են։

Փաշինեան նաեւ նշած է, որ ամուսնութիւններու թիւը նոյնպէս կ՛աճի, իսկ ամուսնալուծութիւններունը՝ կը նուազի։