Հայաստանի Մէջ Առաջին Անգամ Կատարուած է Կենդանի Նուիրատուէ Լեարդի Փոխպատուաստում


«Արմենփրես»,-  Հայաստանի առողջապահութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ կատարուած է կենդանի նուիրատուէ (donor) լեարդի փոխպատուաստում, յայտնած է ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան կառավարութեան Ապրիլ 25ի նիստի ժամանակ։

«Երէկ Հայաստանի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կատարուած է լեարդի փոխպատուաստում կենդանի նուիրատուէն մէկ ուրիշին․ աղջիկէն տրուած է մօրը: Լեարդէն կտոր մը կը վերցուի եւ կը փոխպատուաստուի մէկ այլ մարդու, որուն լեարդը չ՛աշխատիր` կեանքը փրկելու յոյս տալով անոր: Վիրահատութիւնը կատարուած է «Աստղիկ» հիւանդանոցին մէջ, մեր ռուս գործընկերներու օգնութեամբ, մեր Առողջապահութեան նախարարութեան աջակցութեամբ: Կ՛ուզեմ նաեւ աւելցնել, որ մենք այդ ուղղութիւնը պիտի զարգացնենք: Երիկամի փոխպատուաստման կարիք ունեցող շատ հիւնադներ ունինք, ինչպէս նաեւ լեարդի», ըսած է նախարար Թորոսեան:

Ան աւելցուցած է, որ կը նախատեսուի յաջորդ տարուան ամավարկով գումար նախատեսել նաեւ երիկամի ու լեարդի փոխպատուաստումներու համար:

«Յաջորդ տարուան ամավարկին մէջ կը ծրագրենք ատոր համար գումար նախատեսել, որպէսզի մեր քաղաքացիներուն կարենանք գոնէ որոշ չափով  աջակցիլ, որովհետեւ այդ փոխպատուաստումները կը տատանին 100 հազար տոլարի շուրջ», նշած է նախարարը: