«Հայաստանի Մէջ Գործ Հիմնելու Համար Անհրաժեշտ Պայմաններ Կան», Կ՛ըսէ Սուրիահայ Գործարարը


«Արմենփրես»․- Հայաստանի մէջ սեփական գործ հիմնելու համար կան անհրաժեշտ պայմանները։ «Սուիրիահայերու միութիւն» կազմակերպութեան անդամ, գործարար Շանթ Խնկիկեանը նշած է, որ Հայաստանի մէջ դիւրին է գործ հիմնելը:

«Խնդիրը այդ գործը պահելն է: Հայաստանի մէջ շուկան փոքր է, հետեւաբար նոր գործ հիմնող գործարարը սկիզբէն մեծ եկամուտ չի կրնար ունենալ: Սուրիոյ մէջ այդպէս չէր, այնտեղ արտադրութեամբ զբաղողը կարիք չունէր մտածելու արտաքին շուկայի մասին, այնտեղ շրջանառութիւնը մեծ էր: Հայաստանի պարագային նոր գործ հիմնող գործարարին անհրաժեշտէ ժամանակ, որ կարենայ շուկաներ գտնել, իսկ այդ ժամանակուան մէջ ցանկալի էր, որ հարկային տեսանկիւնէ բարենպաստ պայմաններ ըլլային», ըսած է­ ան:

Ան կը ղեկավարէ «Խնկիկեան էլեկտրոնիքս» ընկերութիւնը, որ կը զբաղի ելեկտրական կազմածներու արտադրութեամբ: Խնկիկեան ընտանիքը այս գործը Հայաստան տեղափոխած է Սուրիայէն 2012ին: Այստեղ շատ արագ վերակազմակերպած են ելեկտրոնային սարքերու արտադրութիւն դուրսի շուկաները չկորսնցնելու համար, ապրանքներ կ՛արտահանեն արաբական երկիրներ:

«Դժուարութիւններ կան, սակայն այնպէս չէ, որ այստեղ հնարաւոր չէ գործ սկսիլ: Պարզապէս մենք կ՛ակնկալենք, որ քիչ մը պայմանները բարելաւուին, որ պիտի նպաստէ մեր երկրին մէջ արտադրութեան զարգացման», ըսած է Շանթը: «Սուրիահայերու Միութեան» անդամները արդէն հանդիպած են վարչապետին հետ, ներկայացուցած են իրենց դժուարութիւնները։ Մասնաւորապէս, առաջարկած են, արտադրութեան համար Հայաստան ներմուծուած հումքի նկատմամբ այլ մաքսային արժէք կիրառուի:

«Սուրիահայերու միութիւն» կազմակերպութեան մէջ կայ շուրջ 400 գործարար: Անոնց մէկ  մասը սպառման ոլորտի մէջ են, իսկ շուրջ 100­ը կը զբաղին արտադրութեամբ:

«Այստեղ շատ կարեւոր է, որ Հայաստանէն սփիւռքահայերուն ճիշդ ուղերձ հասցնել: Շատեր կը լսեն, որ Հայաստանի մէջ հնարաւոր չէ բան մը ընել եւ այդ խօսակցութիւններու տպաւորութեան տակ որոշումներ կ՛ընդունին: Մենք կը փորձենք մեր օրինակով ցոյց տալ, որ մարդիկ գան այստեղ աշխատին: Դէպի դուրս ճիշդ պատգամ ուղարկելէն բացի, լաւ կ՛ըլլար, որ այստեղ նոյնպէս մարդոց մօտեցումները փոխուին: Օրինակ՝ մարդը նոր եկած է Հայաստան, թաքսի մը նստի, վարորդը կ՛ըսէ, թէ այստեղէն բոլորը կ՛երթան, դուն ինչու եկած ես: Ու նման խօսակցութիւններ կը լսենք տարբեր տեղեր, ինչ որ, վստահ եղէք կ՛ազդեն», ըսած է ­գործարարը: