Հայաստանի Մէջ Երեխաները Աւելի Լաւ Մանկութիւն Ունին, Քան` Եւրոպայի․ Հենրիխ Մխիթարեան


«Փանարմինիըն»․-  Մանկութիւնը Հայաստանի մէջ աւելի լաւ կ՛անցնի, քան Եւրոպայի երկիրներու մէջ,  ֆէյսպուքեան մամուլի ասուլիսի ժամանակ ըսած է Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականի եւ անգլիական «Մանչեսթըր Եունայթըտ»ի կիսապաշտպան, ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպան Հենրիխ Մխիթարեան:

Հայաստանի մէջ երեխաներու մանկութիւնը գնահատելու խնդրանքին Մխիթարեան պատասխանած է` թէեւ իր մանկութիւնը Ֆրանսայի մէջ անցած է, իր համոզումով, հայաստանցի երեխաները աւելի լաւ մանկութիւն կ՛ունենան, Հայաստան ապրիլը ունի իր առաւելութիւնները:

«Հայաստանի երեխաները աւելի լաւ մանկութիւն ունին, քան անոնց եւրոպացի տարեկիցնեը, անոնք այնտեղ ուրիշ հետաքրքրութիւններ ունին: Ամէն հայ երեխայ պէտք է ուրախ ըլլայ, որ Հայաստան կ՛ապրի», ըսած է ան:

Հենրիխ Մխիթարեան Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպան դարձած է 2016ին: «Ծանր է արձանագրել, որ ոչ բոլոր երեխաները դպրոց կը յաճախեն եւ կրթութիւն ստանալու հնարաւորութիւն ունին: Բոլոր երեխաները պէտք է իրաւունք ունենան որպէս անձ կայանալու: Ես պատրաստ եմ իմ բոլոր հնարաւորութիւններս օգտագործելու, օգնելով ԵՈՒՆԻՍԵՖԻՆին, աջակցելու Հայաստանի մէջ ամենախոցելի խումբերուն, յատկապէս, նպաստելու երեխաներու կրթութեան իրաւունքի իրացման», ըսած է Մխիթարեան: ԵՈՒՆԻՍԵՖի բարի կամքի դեսպանները ամբողջ աշխարհի մէջ կ՛օգնեն երեխաներուն ու կանանց, որ պաշտպանեն իրենց իրաւունքը եւ  բարելաւեն կեանքի որակը:

Ըստ անոր, շատ աւելի կարեւոր է լաւ մարդ դառնալը, քան՝ լաւ մասնագէտ: Ըստ Մխիթարեանի, ան միաժամանակ եւ մեղմ հայր պիտի ըլլայ եւ խիստ: «Պէտք է կարենալ համադրել մեղմութիւնն ու խստութիւնը երեխաներու դաստիարակութեան մէջ, քանի որ լաւ դաստիարակութիւնը կ՛ապահովէ երեխայի փայլուն ապագան: Եթէ ճիշդ դաստիարակենք երեխան, ան միշտ զարգանալու խթան կ’ունենայ», ըսած է ֆութպոլիստը:

Մխիթարեան ըսած է նաեւ, որ շատ լաւ կարծիք ունի Հայաստանի մէջ աճող նոր սերնուդին մասին: «Ոչ միայն այն երեխաները, որոնց ես հանդիպած եմ այսօր, այլ նաեւ անոնք, որոնց ես կը հանդիպիմ առօրեայի մէջ, կ՛ապացուցեն, որ լաւ սերունդ կը մեծնայ», ըսած է ան:

Խօսելով կարիքաւոր ընտանիքներու եւ խնդիրներու մասին` ան շնորհակալութիւն յայտնած է ԵՈՒՆԻՍԵՖին հայ ընտանիքներուն աջակցելու համար: «ԵՈՒՆԻՍԵՖը կը փորձէ օգնել, առողջութիւն պարգեւել երեխաներուն եւ բարելաւել անոնց կեանքը»։

«Հայաստան շատ տաղանդներ կու տայ: Մենք պէտք է բոլոր պայմանները ստեղծենք, որ անոնց տաղանդը այստեղ բացայայտուի», ըսած է Մխիթարեան: Ըստ անոր, Հայաստանի մէջ հիմա ամէն ինչ կայ, սակայն ընելիքներն ալ շատ են: «Եթէ մենք աշխատինք եղած խնդիրները լուծելու ուղղութեամբ, Հայաստանը կը դառնայ այն երկիրը, ինչպիսին մարդիկ կը ցանկան տեսնել»։