Հայաստանի Մէջ Կանայք Տղամարդոցմէ 35 Տոկոս Աւելի Քիչ Կը Վաստակին․ Զեկոյց


«Փանարմինիըն», – Աշխատանքի միջազգային կազմակերպութեան (ԱՄԿ) «Աշխատավարձը աշխարհի մէջ» 2018-ի զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ կանայք տղամարդոցմէ 35 տոկոս աւելի քիչ կը վաստակին, տղամարդոց վաստակը մէկ երրորդով աւելի է:

Տուեալները հաւաքուած են աշխարհի 65 երկրի մէջ եւ կ՛արտացոլեն աշխարհի վարձու աշխատողներուն մօտ 80%ի վիճակը:

Ըստ ԱՄԿի, Հայաստանը 7րդն է, որ ունի աշխատավարձի ամենամեծ սեռային խզումը: Ըստ ԱՄԿ տուեալներուն, աշխարհի մէջ կանայք միջինը 20% պակաս կը վարձատրուին տղամարդոցմէ:

Ռուսիան ցուցակին մէջ 10րդն է 30.6% ցուցանիշով:

Ամենամեծ խզումը կը նկատուի Փաքիստանին մէջ` ան կը կազմէ ` 62.5%: Երկրորդը՝ Նեփալն է 44.7% խզումով:

Եւրոմիութեան երկիրներէն ամենավատ ցուցանիշը ունի Հոլանտան, ուր կանայք տղամարդոցմէ 40.3%ով քիչ կը վարձատրուին:

Լաւագոյն վիճակը, ուր երկու սեռերը հաւաստար են, Փանամայի, Յորդանանի եւ Քէյփ Վըրտի մէջ է։ Այսինքն՝ խզումը զերօ է:

Նուազագոյն խզումով երկիրներու առաջին հնգեակին մէջ են` Ռումանիան (1.8%), Պուլկարիան (2.1%), Ֆիլիփինները (2.6%), Էքուատորը (4.6%) ու Պանգլատէշը (4.7%):    Սակայն, Ֆիլիփինները, Պանգլատէշն ու Քէյփ Վըրտը նուազագոյն աշխատավարձով երկիրներու ցանկին մէջ են:

ԱՄԿ ցանկին մէջ կայ 2 երկիր, ուր կանայք տղամարդոցմէ շատ կը ստանան` Թայիլանդը (-2.5%) ու Սիեռա Լէոնէն (-5.5%)։

Ըստ փորձագէտներու, սեռային խզումը որոշ չափով կը հիմնաւորուի կրթութեան տարբեր մակարդակներով, պաշտօններով եւ աւանդական կանացի եւ տղամարդոց մասնագիտութիւններու  մէջ վարձատրման տարբեր մակարդակներով, սակայն, այնուամենայնիւ կը մնայ անբացատրելի: