ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան
ՀՀ առողջապահութեան նախարար Արսէն Թորոսեան Յունուար 23ին յայտարարեց, որ չարորակ հիւանդութիւններու վիրահատական բուժման համար քաղաքացիները այսուհետեւ գումար պիտի չվճարեն: Նման վիրահատութիւններու համար շարք մը հիւանդանոցներուն մէջ պետութիւնը գումարը պիտի վճարէ ամբողջութեամբ:
«Մենք այս տարի ունինք մօտ 700 միլիոն դրամի աճ ուռուցքաբանական ծառայութիւններու համար, ատիկա աւելցած է անցեալ տարուան 1.1 միլիառ դրամին վրայ: Մենք քննարկումներէ ետք եկանք այն եզրակացթեան, որ պէտք է մեղմացնենք քաղաքացիներուն վրայ եղած բեռը: Առաջ պետութիւնը ուռուցքաբանական վիրահատութեան համար կը վճարէր գումարին շատ քիչ մասը: Եւ տրամաբանական չէր ատիկա կոչել պետպատուէր: Որոշուած է, որ այդ գումարի մեծ մասը պիտի ծախսուի համավճարը հանելու համար: Հիմա, եթէ կարիք ըլլայ ուռուցքաբանական վիրահատութեան այն բժշկական կեդրոններուն մէջ, որոնք կ’ունենան պետպատուէր, ապա վիրահատութեան համար քաղաքացին գումար պիտի չվճարէ», ըսաւ Թորոսեան:
Ան շեշտեց, որ պետութիւնը գումարը ամբողջութեամբ պիտի փոխանցէ ու շուկայական գիներով: Նախարարը կարեւոր համարեց նաեւ շուկայական գինով գումարի փոխանցումը:
Նախարարը նաեւ յիշեցուց, որ մինչեւ 7 տարեկան երեխաներու բուժումը անվճար է եւ յաւելեալ գումար պէտք չէ գանձուի որեւէ հիւանդանոցի կողմէ:
Թորոսեանի խօսքերով, պէտք է նաեւ հասկնալ, որ այդ ապօրինի վճարումներու գանձումը ոչ միայն բուժօգնութեան հետ կապուած խնդիր է, այլ նաեւ` հարկային վարչարարութեան, քանի որ ապօրինի եկամուտ է եւ կրնայ դիտուիլ որպէս շորթում. «Նման արձագանգներ քննելու համար մենք կը դիմենք իրաւապահ մարմիններուն: Մենք նաեւ կ՛աշատինք հիւանդանոցի տնօրէններու հետ, որ բացառեն այդ երեւոյթը”։