Հայաստանի Պետական Պարտքը Կազմած է 5.9 Միլիառ Տոլար


«Երկիր Մեդիա»․-Հայաստանի պետական պարտքը 2016ին ճշգրտուած տուեալներով կազմած է 5.9 միլիառ տոլար: Ազգային ժողովին մէջ այս մասին  յայտնած է Հայաստանի Ելեւմուտքի նախարար Վարդան Արամեան: «Ատոր  5.4 միլիառը կառավարութեան պարտքն է, 505 միլիոն տոլարը` Կեդրոնական դրամատանը», ընդգծած է ան։

Հայաստանի արտաքին պարտքը կը կազմէ 4.3 միլիառ տոլար, ներքին պարտքը` 1 միլիառ 137 միլիառ տոլար: «Երաշխիքներով տրուած վարկերը, որոնք հիմնականօրէն Կեդրոնական դրամատան  միջոցով տրուած վարկերն են, կազմած են 146 միլիոն տոլար», ըսած է նախարարը:

Ան աւելցուցած է, որ 2014ին, նախորդ տարուան նկատմամբ, Հայաստանի անուանական պարտքը չէ աւելցած, սակայն քանի որ եղած է փոխարժէքի շուրջ 17 տոկոս արժէզրկում, անիկա յանգեցուցած է պարտքի աճի` նոյնիսկ այն պայմաններուն մէջ, երբ անուանական պարտքը նուազած է: «2015-2016 թուականներուն մեր մօտ պարտքի զգալի աճ կայ: Արտաքին պարտքը, որ մենք 2015-2016 թուականներուն վերցուցած ենք, կազմած է 510 միլիոն տոլար: Ատիկա գրեթէ նոյնքան գումար է, որքան մենք այդ ընթացքին փոխանցումներու կորուստներ ունեցանք: Ուստի, եթէ չվերցնէինք այս պարտքը, ատիկա ոչ միայն պիտի յանգեցնէր տնտեսական աւելի ցած ցուցանիշներու ու անկման, այլ նաեւ ճնշումներ պիտի ըլլային արտարժոյթի շուկային մէջ», նշած է ան: