Հայաստանի Ջրամատակարարման Ամբողջ Համակարգը 15 Տարիով Պիտի Յանձնուի Ֆրանսական «Վիոլա Կրուփ»ին


Հայաստանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներու եւ բնական պաշարներու նախարարութեան ջրային տնտեսութեան եւ «Վիոլա» ընկերութեան միջեւ Նոյեմբեր 23ին ստորագրուած է ջրամատակարարման ապահովման պայմանագիր, ըստ որուն, 2017 թուականի Յունուար 1էն Հայաստանի բոլոր 5 ջրամատակարար ընկերութիւններու համակարգերը պիտի կառավարէ ֆրանսական «Վիոլա Կրուփ»ը: Ըստ պայմանագիրին՝ ան պարտաւոր է վարձակալութեան վերջին տարին՝ 2030 թուականին, ըմպելի ջուրի վաճառքի քանակը հասցնել 174 միլիոն խորանարդ մեթրի  եւ  սպասարկման  ամբողջ տարածքը ապահովել 24 ժամեայ ջրամատակարարումով, նաեւ ճշդել միասնական սակ։  Այս մասին կը գրէ Արմէն Վարդանեան։

Այսպիսով «Վիլիա æուր» ընկերութիւնը պաշտօնապէս դարձաւ Հայաստանի ըմպելի, ջրամատակարարման եւ ջրահեռացման համակարգերու միասնական վարիչ ընկերութիւնը՝ յառաջիկայ 15 տարիներուն համար:  Անիկա կը նախատեսէ սպառողներուն ջրամատակարարման, ջրահեռացման եւ կեղտաջուրերու մաքրութեան ծառայութիւններ մատուցել՝ 800 միլիոն եուրօ ընդհանուր արժէքով:

Յիշեցնենք, որ մինչեւ այսօր  Հայաստանի մէջ  նոյն աշխատանքը կը կատարեն հինգ տարբեր ընկերութիւններ, հետեւաբար, ջուրի սակագիները տարբեր էին, նաեւ՝ ծառայութիւններու մատուցման որակը:

Նշենք, որ  պաշտօնական վիճակագրութեան համաձայն՝ Հայաստանի մէջ շուրջ 600 բնակավայրեր ընդգրկուած  չեն կեդրոնական ջրամատակարարման սպասարկման տարածքներուն մէջ:  Աւելի պարզ՝ այս տարածքներուն մէջ ըմպելի ջուրի գիծեր չկան, մարդիկ դոյլով կամ տակառով ջուր կը գնեն:

Անդրադառնալով «Ռատիօլուր»ի այն դիտարկման, թէ  ի՛նչ ճակատագիր կ՛ակնկալուի այս համայնքներուն, կարելի՞ է արդեօք, որ օր մը այդ համայնքները ընդգրկուին ընդհանուր ցանցի մէջ՝ «Վիոլա Կրուփ»ի պատասխանատու Մալիքա Կենտուրի  ոչինչ բացառեց, բայց եւ այնպէս նշեց, որ անիկա եւս կարելի կ՛ըլլայ իրականացնել օր մը։

Ան նշեց, որ, հաշուի առնելով ջրմուղ կոյուղիի համակարգերու ոչ բաւարար վիճակը, ընկերութիւնը համաձայնած է 15 տարիներուն ընթացքին համակարգին մէջ կատարել  37.5 միլիառ դրամի աշխատանքներ: Իսկ հայկական կողմը յանձն առած է այս կարեւոր ծրագիրի իրագործման համար յառաջիկայ 4 տարիներուն ներդրել շուրջ 200 միլիոն տոլար: Այդ նպատակով Հայաստան վարկային միջոցներ պիտի ստանայ Վերակառուցման եւ Զարգացման Եւրոպական, Գերմանական Զարգացման եւ Ներդրումային Եւրոպական դրամատուներէն: