Հայաստանն է Սփիւռքահայի Ինքնութեան Ներշնչարանը


Սեդօ Պոյաճեան


Հայկական սփիւռքը մէկ ամբողջութիւն մը համարելու մեր մտապատկերը ներելի թիւրիմացութիւն մըն է, որովհետեւ մեր գաղթօճախները որքան անհամար նոյնքան իրարմէ տարբեր են իրենց շրջապատով, կենցաղով, սովորութիւններով եւ այլ յատկութիւններով։

Նոյն մեկնակէտով, մեր գաղութներէն իւրաքանչիւրը իբրեւ մէկ ամբողջութիւն ժամանակաւոր բնոյթ ունին, որովհետեւ, ըստ պայմաններու, անոնց թուական եւ կարողական որակն ու քանակը կ՚ենթարկուին դրական կամ բացասական փոփոխութեան՝ ըստ տուեալ երկրի կամ տարածաշրջանի ընձեռած քաղաքական, տնտեսական կամ ընկերային պայմաններուն։

Այս պայմաններու տակ, մեր գաղութներու գոյատեւումը, մանաւանդ անոնց ուժական եւ գործօն գոյութիւնը, հիմնուած են եռանկիւնային յարաբերութեան մը վրայ։ Այդ եռանկիւնը կը կազմեն նոյնինքն գաղութը, տուեալ գաղութին հիւրընկալ երկիրը եւ Հայաստանը։ Իր գոյատեւման եւ մեր ազգային օրակարգի սատարման աշխատանքին մէջ գաղութը ներգործօն ազդեցութեան տակ է իր սեփական հաւաքականութեան, հիւրընկալ երկրին եւ Հայաստանին կարիքներուն, պահանջներուն, դիւրութիւններուն եւ դժուարութիւններուն։Պարզ խօսքով, մեր պատկերացուցած սփիւռքեան ամբողջութիւնը ակամայ ենթակայ է յարափոփոխութեան օրէնքին, որ իւրաքանչիւր գաղութին կը պարտադրէ ձեւական թէ էութենական պատշաճեցում՝ ըստ իր շրջապատի պահանջներուն։

Այսպիսի բարթ ու խրթին իրավիճակի ենթակայ է իւրաքանչիւր գաղթօճախ։ Այս բացատրութեամբ նաեւ պէտք է ընկալել Հայկական սփիւռքի մէկ ամբողջութեան ըլլալու պատկերացումին թիւրիմացութիւնը։

Սակայն սփիւռքեան այս դժուարին կացութեան մէջ առկայ կը գտնուի մէկ հիմնական հասարակ յայտարար՝ մեր հայեցի ինքնութեան պահպանումը։ Հայկական սփիւռքը մէկ ամբողջութեան վերածողը եւ իւրաքանչիւր գաղութի գոյատեւման երաշխիքը խարսխուած են հայեցի ինքնութեան պահպանման, արմատաւորման եւ կիրարկման վրայ։

Հետեւաբար, շատ բնական է հայեցի ինքնութեան առաջնահերթութիւնը թէ՛ սփիւռքի եւ թէ հայրենիքի համար։ Բաւարար թէ անբաւարար մակարդակներով ծրագրումներ կը կատարուին ու կը գործադրուին, որպէսզի սփիւռքահային ջամբուին հայեցի ինքնութեան բաղադրեալները կազմող մեր ազգային գիտակցութիւնը, արժէքները, աւանդութիւնները մշակոյթը, ինչպէս եւ քաղաքական դատի գիտակցութիւնը։

Պէտք է ընդգծել, հարցը հայապահպանումի մասին չէ, այլ հայեցի ինքնութեան մասին։ Հայապահպանումը կրաւորական մօտեցում մըն է, ուր կը բացակային մեր անհատական եւ հաւաքական գոյութեան նպատակային տուեալները։

Հայեցի ինքնութիւնը գիտակցական հայի զարգացման մասին է, ուր հայեցի գոյատեւումը անքակտելի մասն է մեր ազգային պայքարին, առաքելութեան եւ նպատակներուն։

Որքան ալ կարեւոր ըլլան հայեցի ինքնութեան զարգացման եւ ամրացման ձգտող մեր ծրագրումները, գիտակցական ինքնութիւնը ապահովելու համար անհրաժեշտ է ջամբուող գիտելիքները իմաստաւորող հոգեկան ու մտային տուեալը։ Այսինքն՝ այդ գիտելիքներուն իմաստ, լիցք եւ սլացք տուող ներշնչարանը։

Դաշնակցական երիտասարդութեան համար մէկ եւ միակ է մեր ինքնութեան ներշնչարանը։ Այդ ներշնչարանը հայրենիքն է։

Դաշնակցութեան երիտասարդական միաւորները ոչ միայն տեսականօրէն, այլ գործնապէս գաղափարական հանգանակի վերածած են Հայաստանը՝ իբրեւ սփիւռքահայի ինքնութեան ներշնչման աղբիւր։

Մեր գաղութներու տարածքին եւ կեդրոններէն ներս, դաշնակցական պատանիին եւ երիտասարդին համար ամէնօրեայ ապրում եւ գործ է Հայաստանի գիտակցութիւնը եւ ներշնչումը։ Իրենց այս աշխատանքը աւելիով կ՚ամրապնդուի իրենց կազմակերպած տարեկան հայաստանագնացութան ծրագրով, ուր անոնք շաբաթներով կը դաստիարակուին եւ կը ներշնչուին Հայաստանի եւ Արցախի դաշտերուն մէջ ու լեռներուն վրայ։

Տակաւին երկու ամիս առաջ, ամռան, հայաստանագնացութեան գործնական փաստը յաւելեալ գօտեպնդում տուաւ Սփիւռքի մէջ մեր հայեցի ինքնութեան պահպանման։

Սփիւռքահայ հարիւրաւոր դաշնակցական պատանիներ, երիտասարդներ եւ մարզիկներ ապրեցան ու մասնակից եղան հայաստանագնացութեան, որ յատկանշուեցաւ բանակումներով, բանակավայրերով, դաստիարակչական ծրագիրներով, հայրենիքի տարբեր շրջաններ այցելութիւններով, համահայկական խաղերով, փառատօներով…

Յատկապէս պէտք է ընդգծել հայաստանագնացութեան մասնակցող Դաշնակցութեան երիտասարդական ու պատանեկան միութիւններու եւ Դաշնակցութեան յարակից կազմակերպութիւններու անդամներուն գերակշռող ներկայութիւնը։ Մեր երիտասարդներն ու պատանիները գործնապէս դաստիարակուեցան ու իրողապէս ապրեցան հարազատ հայրենիքի փորձառութիւնը։

Անոնք վերադարձան տուն՝ իրենց բնակած գաղթօճախներուն։ Վերադարձան հայօրէն աւելի դաստիարակուած, աւելի վճռականացած եւ մանաւանդ աւելի հայացած։ Աւելին, վերադարձան իբրեւ աւելի գիտակից հայեր։

Միայն հայրենիքը կրնար ներշնչել հայեցի ինքնութեան այդ գիտակցութիւնը։ Որովհետեւ, ուր ալ ըլլանք սփիւռքի տարածքին, մեր ինքնութեան ներշնչարանը Հայաստանն է։