Հայաստանն ու Աշխարհասփիւռ Հայութիւնը Կը Տօնեն Առաջին Հանրապետութեան 100ամեակը


Հայաստանն ու աշխարհասփիւռ հայութիւնը Մայիս 28ին կը տօնեն Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան հիմնադրման եւ Սարդարապատի հերոսամարտի կերտած պատմական յաղթանակի 100ամեակը` Հանրապետութեան տօնը:

Յոբելեանական այս տարուան մէջ ծրագրուած են բազմաթիւ միջոցառումներ` գիտաժողովներ, համաժողվներ, մշակութային ու հասարակական տարբեր հանդիսութիւններ` եւս մէկ անգամ արժեւորելու եւ իմաստաւորելու առաջին հանրապետութեան խորհուրդը հայկական պետականութեան յետագայ կերտման ճանապարհին: Մայիս 28ին եւս տօնական իրադարձութիւնները բազմազան են` հանրապետութեան ողջ տարածքին, ինչպէս նաեւ Արցախի մէջ տեղի կ՛ունենան միջոցառումներ` ի յիշատակ անկախութիւնը կերտած հայ հերոսներուն: ՀՀ բարձրագոյն իշխանութիւնը կ’այցելէ Սարդարապատի յուշահամալիր` յարգանքի տուրք մատուցելու անկախութեան եւ ազատութեան համար կռիւ մղած հերոսներու յիշատակին: Սարդարապատի մէջ տեղի կ’ունենայ օրուան գլխաւոր իրադարձութիւններէն մէկը`  «Յաղթանակի դար» վերտառութեամբ զինուորական շքերթը, համայնքներու տօնական հիւրասիրութիւնը, ուրախ երգուպարը: Երեկոյեան Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակին վրայ համերգով կ’եզրափակուի յոբելեանական օրը:

1918ի Մայիս 28ին Ղարաքիլիսայի, Բաշ Ապարանի, Սարդարապատի մէջ տուած կենաց-մահու ճակատամարտերուն ունեցած մեր յաղթանակով վերականգնուեցաւ հայ ժողովուրդի անկախութիւնը, զոր կորսնցուցած էինք շուրջ 6 դար առաջ:

100 տարի առաջ այս օրը Երեւանէն ոչ հեռու, ցեղասպանութիւն վերապրած հայ ժողովուրդը  կռիւ տուաւ թշնամիի` յանուն հայրենի երկրի վերջին թիզ հողի պահպանութեան, յանուն ազգի յարատեւման: Սարդարապատի ճակատամարտը որոշիչ էր հայ ժողովուրդի համար եւ ճակատագրական` Հայաստանի համար: Հայրենիքի պաշտպանութեան համար ոտքի կանգնած էր ամբողջ ժողովուրդը: Զինուորներու հետ միասին կռուի դաշտի վրայ էին ամբողջ ընտանիքներ` ծերեր, երեխաներ, կանայք: 

Սարդարապատի մէջ յաղթելով թրքական բանակին` հայկական զօրքերը կրցան կասեցնել թրքական ներխուժումը Անդրկովկաս եւ փրկել Հայաստանը լիակատար ոչնչացումէ: 1918ի Մայիս 28ին, Թիֆլիսի մէջ Անդրկովկասեան ժողովրդավարական դաշնային հանրապետութեան փլուզումէն ետք, «Հայկական ազգային խորհուրդ»ի կողմէ հռչակուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

Անկախ Հայաստանի առաջին վարչապետը եղած է Յովհաննէս Քաջազնունին, վերջինը` Սիմոն Վրացեանը: Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդամէնը երկուուկէս տարուան կեանք ունեցաւ` մինչեւ 1920ի Դեկտեմբեր 2: Այդ ժամանակ Երեւան մտան 11րդ Կարմիր բանակի զօրամասերը, եւ հանրապետութիւնը խորհրդայնացուեցաւ:

1918ի Մայիս 22-28ին թուրք զաւթիչներու դէմ մղուած պատմական հերոսամարտի 50ամեայ տարեդարձի օրը տեղի ունեցած է Սարդարապատի յուշահամալիրի բացումը: Անիկա կառուցուած է ճիշդ այն վայրին մէջ, ուր տեղի ունեցած է Սարդարապատի ճակատամարտը: 

Խորհրդանշական այս օրը Հայաստանի մէջ օտարերկրեայ բարձրաստիճան պաշտօնեաներ կան. Միացեալ նահանգներէն ժամանած է արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպայի եւ Եւրասիոյ հարցերով փոխտեղակալ Պրիջիթ Պրինքի գլխաւորած պատուիրակութեան, Ֆրանսայէն` արտաքին գործոց նախարար Ժան-իւ լէ Տրիանը: Սփիւռքէն երկիր կ՛այցելեն հազարաւոր հիւրերեւ հայորդիներ: