Հայաստանցիներուն 70% Լաւատես է Երկրի Ապագային Հանդէպ. Հարցախոյզ


(Արմռատիօ),- Միացեալ Նահանգներու Միջազգային Հանրապետական Հիմնարկը (International Republican Institute-IRI) հրապարակած է Հայաստանի մէջ իրականացուցած հարցախոյզին արդիւնքները, որոնք ցոյց կու տան քաղաքացիներուն` կառավարութեան կողմէ փտածութեան դէմ պայքարին ուղղուած ջանքերու վճռական աջակցութեան եւ երկրի զարգացման վերաբերեալ լաւատեսական տրամադրութիւններու մասին:

Ըստ հարցախոյզի արդիւնքներուն` քաղաքացիները կ՛ուզեն տեսնել նաեւ ընկերա-տնտեսական խնդիրներու լուծման եւ անցումային արդարադատութեան ապահովման յետագայ քայլերը: 

Հարցումներուն պատասխանածներուն 66%-ը կը կարծէ, որ կառավարութիւնը բաւարար ջանք կը գործադրէ փտածութեան դէմ պայքարելու համար (նախկին 59 տոկոսին համեմատ), իսկ 70 %-ը կը կարծէ, որ պայքարը արդիւնաւէտ եղած է:

Ըստ հարցախոյզին՝ հարցուածներուն 70%-ը լաւատեսութեամբ կը նայի երկրի ապագային, իսկ 62%-ը կը կարծէ, որ երկիրը ճիշտ ուղղութեամբ կ՛երթայ: 76 %-ը կառավարութեան աշխատանքը բաւական բարձր կը գնահատէ, իսկ վարչապետի գրասենեակին եւ Ազգային ժողովի աշխատանքէն գոհ է հարցուածներուն 63%-ը:  

Հակառակ ընդհանուր դրական տրամադրութիւններուն` բնակչութիւնը ունի նաեւ որոշ մտահոգութիւններ։ Հարցուողներուն 38 տոկոսը ) նախկին 30 տոկոսի համեմատ) առաջնահերթ կը համարէ աշխատատեղերու ստեղծումը եւ 29 տոկոսը ( նախկին 18 տոկոսի համեմատ) ընկերա-տնտեսական հարցերը: Կ՛աճի նաեւ այն մարդոց տոկոսը, որոնք կառավարութեան հիմնական ձախողութիւնը կը համարեն վատ կառավարումը (27 տոկոս` նախկին 22-ի փոխարէն):

Հայաստանի բնակչութիւնը հետաքրքրուած է նաեւ դատական բարեփոխումներով եւ անցումային արդարադատութեան իրականացումով:  Հարցուածներուն 82 տոկոսը կը կարծէ, որ դատական բարեփոխումները պէտք է կարեւոր առաջնահերթութիւն դառնան, իսկ 60 տոկոսը կը ցանկայ տեսնել անցումային շրջանի արդարադատութեան համակարգի ստեղծումը բոլոր խնդիրներու լուծման համար` սկսած փտածութենէն եւ ապօրինի հարստացումէն, վերջացուած մարդու իրաւունքներու խախտումներով եւ նախկին վարչակազմին կողմէ ընտրութիւններու կեղծումով:

Հայաստանի` պատմականօրէն նահապետական հանրութեան մէջ մարդոց 96 տոկոսը կը կարծէ, որ կանանց նկատմամբ բռնութեան բոլոր ձեւերը պէտք է պատժուին օրէնքով, իսկ 90 տոկոսը կը կարծէ, որ պետութիւնը պէտք է հանէ այն օրէնքներն ու գործելաոճը, որոնք խտրականութիւն կը դնեն կիներու նկատմամբ:

Հարցախոյցը կատարուած է IRI-ի պատուերով` The Gallup կազմակերպութեան Հայկական ընկերաբանութեան միութեան կողմէ։ Ան տեղի ունեցած է 2019-ի Սեպտեմբեր-Հոկտեմբերին ` հարցուողներու տուներուն մէջ անձնական հարցազրոյցներու միջոցով: Ընտրանքը բաղկացած  եղած է Հայաստանի` 18 տարեկան եւ աւելի բարձր՝ 1200 ձայնի իրաւունք ունեցող մշտական բնակիչներէն:Հարցախոյզը ֆինանսաւորած է ԱՄՆ Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը: 

Հարցախոյզը ամբողջութեամբ` այստեղ: