Հայաստանցիներուն 82.8 տոկոսը Կը Ցանկայ՝ Կարապետեան Վարչապետ Ըլլայ Նաեւ Ազգայի Ժողովի Ընտրութիւններէն Ետք․Հարցախոյզ


Հայաստանի վարչապետ Կարէն Կարապետեան կը շարունակէ պահպանել ամենաբարձր դրական վարկանիշը որպէս քաղաքական գործիչ, եւ անոր պատկերը սկսած է ազդել նաեւ կուսակցութեան վարկանիշին վրայ: Հարցուած Հայաստանի քաղաքացիներուն 82,8 տոկոսը ընտրութիւններէն ետք կը ցանկայ կրկին վարչապետ տեսնել Կարէն Կարապետեանը:

Այս տուեալները յայտնած է Gallup International Associationի հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն Արամ Նաւասարդեան` ներկայացնելով վերջին հարցախոյզին արդիւնքները:

Հարցախոյզը կատարուած է քարոզարշաւի 15 օրը` Հայաստանի մէջ 1145 քաղաքացիի մէջ:

«Եթէ յառաջիկայ Կիրակի տեղի ունենային խորհրդարանական ընտրութիւնները, ապա համամասնական ընտրակարգով որ կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքին կողմ կը քուէարկէիք» հարցումին քաղաքացիներուն պատասխանները հետեւեալ պատկերը ունին.

«ՀՀԿ` 29.4 տոկոս, «Ծառուկեան» դաշինք` 28.2 տոկոս, «Ելք» դաշինք` 6.1 տոկոս, «ՀՅԴ` 4.8 տոկոս, «Ազատ դեմոկրատներ»` 4.4 տոկոս, «Հայկական վերածնունդ»` 3.4 տոկոս, «Կոնգրէս-ՀԺԿ» դաշինք` 2.9 տոկոս, «Օհանեան-Րաֆֆի-Օսկանեան» դաշինք` 2.5 տոկոս, «Կոմունիստական կուսակցութիւն»` 1.2 տոկոս, 9.5 տոկոսը հրաժարած է պատասխանելէ, իսկ 7.6 տոկոսը դժուարացած է պատասխանելու:

Gallup International Associationի` մինչեւ քարոզարշաւը իրականացուցած հարցախոյզի արդիւնքներուն համաձայն, առաջին տեղը «Ծառուկեան» դաշինքն էր՝ 26.4 տոկոսով, երկրորդը «ՀՀԿ»ն` 22.8 տոկոս: