Հայաստանցի Աշակերտը Ստեղծած է Աշխարհի Ամենաբարձր ՕԳԳ-ով Գաուսի Թնդանօթը


«Արմենփրես»,- 17 տարեկան հայաստանցի աշակերտը բացառիկ հետազօտութիւն մը կատարած է: Ի հեճուկս թերահաւատներու` Ալեքսանդր Ասրեանը ստեղծած է Հայաստանի մէջ դեռ առաջին եւ աշխարհի մէջ ամենամեծ ՕԳԳ-ով Գաուսի թնդանօթը, կամ այլ ձեւով՝ ելեկտրամագնիսական արագացուցիչը:

Երեւանի Պետական Համալսարանին առընթեր բնագիտութեան եւ ուսողութեան (physics & mathematics) դպրոցի 12րդ դասարանի աշակերտ Ալեքսանդր Ասրեանի հետ զրոյցի ընթացքին, ան նախ բացատրոած է, թէ ի՛նչ է Գաուսի թնդանօթը ու թէ ի՛նչպիսի լայն կիրառութիւն կրնայ ունենալ անիկա: «Գաուսի թնդանօթը ելեկտրամագնիսական արագացուցիչ է: Անիկա փամփուշտը արագացնելու համար կ՛օգտագործէ միայն ելեկտրամագնիսական դաշտ: Գաուսի թնդանօթը կրնայ կիրառուիլ տարբեր ոլորտներու մէջ: Առաջին հերթին անիկա կը հեշտացնէ տիեզերք տիեզերանաւեր ուղարկելը: Սկզբնական արագացման համար կ’օգտագործուի միայն ելեկտրականութիւն, որուն շնորհիւ կը վերանայ պայթելու վտանգը: Անիկա նաեւ չ՛աղտոտեր մթնոլորտը», ըսած է Ալեքսանդրը:

Գաուսի թնդանօթը կարելի է օգտագործել նաեւ անօդաչու թռչող սարքերը արագացնելու համար: Ալեքսանդրի խօսքով` Ամերիկայի մէջ անիկա կ՛օգտագործեն նոյն այդ նպատակով: Սովորաբար պայթուցիկի պայթելու արագութիւնը հնարաւոր է արագացնել մինչեւ 2-2.5 քմ/երկվայրկեանով: Իսկ Գաուսի թնդանօթը անսահմանափակ արագացման հնարաւորութիւն կու տայ: Թէեւ Գաուսի թնդանօթը լայն կիրառութիւն ունի տարբեր ոլորտներու մէջ, սակայն դեռ գործնականօրէ չ՛օգտագործուիր, քանի որ համակարգի ՕԳԳ-ն շատ ցած է` մօտ 1 տոկոս: Եւ Ալեքսանդրի հետազօտութեան նպատակը եղած է այդ ցուցանիշը հնարաւորին չափ բարձրացնելը: «Տուեալներ կան, որ այս համակարգի առաւելագոյն ՕԳԳ-ն կը հասնի մինչեւ 7 տոկոսի: «Ես նպատակ ունիմ հնարաւորին չափ մեծցնել այդ ցուցանիշը: Տարբեր մեթոտներու կիրառելով ես ստացայ 6, 7 տոկոս ՕԳԳ», ըսած է ան ու աւելցուցած` այս հետազօտութիւնը իրականացնելու համար իր մղիչ ուժը եղած է իր ուսուցիչը:

Ալեքսանդրը ոչ միայն առաջինն է, որ Հայաստանի մէջ Գաուսի թնդանօթ ստեղծած է, այլ, նաեւ առաջինն է աշխարհի մէջ, որ թնդանօթը ստեղծած է նման բարձր` 6,7 տոկոս ՕԳԳով: Նման կարեւորութեան, սակայն միեւնոյն ժամանակ չափազանց բարդ ու վտանգաւոր գործ սկսելու համար պէտք է որ մեծ շարժառիթ ըլլար: Ալեքսանդրը կը պատմէ, որ ելեկտրամագնիսական դաշտով սկսած է հետաքրքրուիլ դեռ մանկութենէն․ 4րդ դասարանէն երազած է ելեկտրամագնիսական դաշտի օգնութեամբ արագացնել որեւէ բան: Մէկ տարի առաջ որոշած է, որ գործնական պիտի ընէ ատիկա:

«Տարուած էի այդ մտքով, սակայն յետոյ մոռցած էի այդ մասին: Մէկ տարի առաջ ուսուցիչս խօսեցաւ Գաուսի թնդանօթի մասին: Ան սկիզբը չհաւատաց ինծի, որ կրնամ սարքել: Ինծի ըսաւ, եթէ սարքես, տարեկան նիշդ 10 կը դնեմ: Ան կ՛ըսէր` գիտես, թէ որոնք փորձած են ու չեն յաջողած: Ու ես սարքեցի», պատմած է Ալեքսանդրը ու աւելցուցած` ամբողջը պատրաստած է տունը, մէկ ամսուան մէջ:

Պատրաստութեան ընթացքը բաւական վտանգաւոր է: Ընտանիքի անդամներն ու ընկերները սկիզբը չեն իմացած, թէ ինչ ուղղութեամբ կ՛աշխատի Ալեքսանդրը: «Ընտանիքիս անդամները կ՛ըսէին` ինչով զբաղած ես, գնայ դասերդ սորվէ: Յետոյ արդէն տեսան արդիւնքը», նշած է ան:

Այդ գործին մէջ իրեն շատ օգնած են ուսողութեան իր գիտելիքները, նաեւ իր յայտնատեսութիւնը: Ալեքսանդրը կը վստահեցնէ` Գաուսի թնդանօթը տեխնիկականօրէն պարզ է, սակայն ֆիզիկայի տեսանկիւնէ շատ-շատ բարդ: Գաուսի թնդանօթը ստեղծելով` Ալեքսանդրը նպատակ ունեցած է արագցնել անօդաչու թռչող սարքերը: Անօդաչու թռչող սարքերը ան կը համարէ մեր ապագան: «Ատոր միջոցով կարելի է նաեւ ուտելիք առաքել, ի հարկէ, նաեւ կիրառել ռազմական նպատակներով»:

Ալեքսանդրը ներգրաւուած է նաեւ Երեւանի Պետական Համալսարանի ֆիզիկատեխնիկական հետազօտութիւններու կեդրոնին մէջ, նպատակ ունի ելեկտրամագնիսական դաշտի, արագացուցիչներու վերաբերեալ իր հետազօտութիւնները շարունակելու: