Հայաստան-Եւրոմիութիւն Համապարփակ եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը Ստորագրուեցաւ


Հայաստանն ու Եւրոմիութիւնը Նոյեմբեր 24ին ստորագրեցին Համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան համաձայնագիրը:

Համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Տանըլտ Թուսքի ներկայութեամբ` Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Ֆետերիքա Մոկերինիի կողմէ:

Ստորագրման հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան մայրաքաղաքի «Եւրոպա» մեծ ու խորհրդանշական կառոյցին մէջ` Արեւելեան գործընկերութեան գագաթնաժողովին ծիրէն ներս:

Նոր համաձայնագիրին մէջ կան բազմաթիւ կէտեր, որոնք շատ նպաստաւոր կրնան ըլլալ Հայաստանի համար: Հայաստան կը պարտաւորուի բարեփոխել իր հաստատութիւնները, քաղաքական համակարգը, աւելի ամրապնդել մարդու պաշտպանուածութիւնը, մարդու իրաւունքը: Եւ եթէ Հայաստան կատարէ բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա կրնայ տնտեսական լուրջ աջակցութիւն ստանալ Եւրոպական Միութենէն, այսպէս կոչուած` «աւելին աւելիին» դիմաց: Այսինքն, եթէ Հայաստան կատարէ համաձայնագիրով ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա Եւրոպական Միութիւնը կը պարտաւորուի աջակցելու եւ նպաստելու, որ ներդրումներ կատարուին Հայաստանի մէջ:

Համաձայնագիրին մէջ հետաքրքրական նորութիւն կայ փոքր եւ միջին գործառնութեանց համար` այսպէս կոչուած, վարկաւորում տեղական տարադրամով: Ասիկա կրնայ խթան հանդիսանալ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման:

Համաձայնագիրով կը շեշտուի` Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ եւ տեւական կարգաւորման համար Հայաստանի Հանրապետութեան յանձնառութեան կարեւորութիւնը եւ ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներուն կողմէ վարուող բանակցութիւններու ծիրէն ներս այդ կարգաւորման հնարաւորինս շուտ հասնելու անհրաժեշտութիւնը. ընդունելով նաեւ ՄԱԿի կանոնադրութեան մէջ եւ ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ որոշումին մէջ ամրագրուած նպատակներու եւ սկզբունքներու հիման վրայ այդ կարգաւորման հասնելու անհրաժեշտութիւնը, մասնաւորապէս, այն նպատակներու եւ սկզբունքներու, որոնք կ՝առնչուին ուժի կիրառումէն կամ անոր սպառնալիքէն խուսափելուն, պետութիւններու տարածքային ամբողջականութեան եւ ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան ու ինքնորոշման իրաւունքին եւ արտացոլուած են ԵԱՀԿ 2008 թուականի նախարարներու խորհուրդի 16րդ հանդիպումէն ի վեր ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջանակներուն մէջ եղած բոլոր յայտարարութիւններուն. նշելով նաեւ կարգաւորման այս գործընթացին աջակցելու` Եւրոպական միութեան յայտարարուած յանձնառութիւնը: Համաձայնագիրին մէջ, իբրեւ ընդհանուր սկզբունք կը շեշտուին ժողովրդավարական սկզբունքներու, իրաւունքի գերակայութեան, մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու հանդէպ յարգանքը` ամրագրուած մասնաւորապէս, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան մէջ, ԵԱՀԿ Հելսինկեան եզրափակիչ որոշումին մէջ եւ 1990 թուականի Նոր Եւրոպայի փարիզեան կանոնադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ մարդու իրաւունքներուն վերաբերեալ համապատասխան այլ փաստաթուղթերու մէջ, ինչպէս օրինակ` ՄԱԿի Մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրը եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական համաձայնագիրը, կը կազմէ Կողմերու ներքին եւ արտաքին քաղաքականութեան հիմքը եւ սոյն Համաձայնագիրին կարեւոր տարրը:

Այս համաձայնագիրով Եւրոպական Միութիւնը պիտի սկսի  Հայաստանի հետ երկխօսութեան` այցեգիրներու ազատականացման հարցին շուրջ:

Համաձայնագիրով կը նախատեսուի համագործակցութիւն ո՛չ միայն տնտեսական, քաղաքական, այլ նաեւ անվտանգութեան հարցերու մէջ: Ըստ էութեան, Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջագիծին մէջ անվտանգութեան հարցով  ամրագրուած պարտաւորութիւններ չկան, այդ իմաստով Հայաստան կրնայ Եւրոպական Միութեան հետ նման համաձայնութիւններ գոյացնել: Եւրոպական Միութեան պարտաւորութիւնները` օգնել Հայաստանին, նաեւ անվտանգութեան ծիրին մէջ, բաւական շահեկան է Հայաստանի համար:

Յիշեցնենք` աւելի քան երեք տարի Եւրոպական Միութեան հետ քննարկումներէ ետք, Սեպտեմբեր 2013ին, Հայաստան ստորագրեց Մաքսային միութեան, ապա` Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամակցութեան յուշագիրը: Տարիներ անց Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը յարաբերութիւնները խորացնելու համար նախաստորագրեցին այլ` համապարփակ շրջանակային համաձայնագիրը: