Հայաստան Կրկին Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Տրամադրէ Սուրիոյ Բնակչութեան


ԵՐԵՒԱՆ․- Հայաստանի Հանրապետութիւնը նոր մարդասիրական օգնութիւն պիտի ուղարկէ Սուրիոյ տուժած բնակչութեան: Համապատասխան Նախագիծը արժանացած է կառավարութեան հաւանութեան:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ սուրիական հակամարտութենէն տուժած բնակիչներուն մարդասիրական օգնութիւն ուղարկելու նպատակով` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին փոխանցելու համար Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պիտի տրամադրուի 43 միլիոն դրամ: Միջոցները պիտի յատկացուին կառավարութեան պահուստային ֆոնտէն:

Արդէն քանի մը անգամ Հայաստան մարդասիրական օգնութիւն տրամադրած է Սուրիոյ հակամարտութենէն տուժածներուն: